Թեհրանի մէջ թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանի հետ միատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահիան յայտարարած է, որ Իրան կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւններուն ու երկխօսութեան և երբեք չ՚ընդունիր տարածաշրջանի մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն կամ տարածաշրջանին մէջ առկայ պատմական տարանցիկ ուղիներու սահմանափակում։

«Եկած է ժամանակը մեր ետին ձգելու լարուածութեան եւ հակամարտութեան շրջանը եւ առաջ երթալու դէպի Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ գործակցութեան շրջան», ըսած է Ապտոլլահիան։