News.am-ը թարգմանաբար կը ներկայացնէ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի բաց նամակը՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին:
Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ կիրարկուած սովն ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու ապահովման արգելքը ինը ամիս որպէս ցեղային զտումներու միջոց օգտագործելէ ետք, Ատրպէյճան այժմ սկսած է ահաբեկել և ռմբակոծել 120.000 մարդու, այդ կարգին՝ 30.000 մանուկներու: Այսօր առաւօտեան ժամերէն Ատրպէյճան ծանր հրետանիով կը գնդակոծէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։
Ալիևի վարչակարգը բռնապետական, ֆաշիստական վարչակարգ է, որ կ՛օգտագործէ նոյն ձեռագիրը, ինչպէս միւս բռնապետները: Ուստի անհրաժեշտ է դադրեցնել այս ոճիրը՝ օգտագործելով վճռական և արդիւնաւէտ միջոցներ։ Հակառակ պարագային, միջազգային հանրութիւնը, ներառեալ ԵՄ-ը, որպէս հիմնական բանակցող, պատասխանատուութիւն կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան և անոր ոչ համարժէք արձագանգին համար:
Անկախ փորձագէտներու եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու բազմաթիւ զեկոյցներ և յայտարարութիւններ կը զգուշացնեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներիուԱտրպէյճանի շարունակական քաղաքականութեան եւ անոր ցեղասպանական էութեան մասին։ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ վերջերս իր զեկոյցով կը պնդէ, որ կայ «ողջմիտ հիմք» ենթադրելու, որ Ատրպէյճան ներկայիս ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ։ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի ինստիտուտը, Genocide Watch-ը նոյնպէս քանի մը ահազանգեր տարածած է այս ծանր իրավիճակին մասին։
Միջազգային իրաւունքի սկզբունքները չեն ստեղծուած, որ օգտագործուին որպէս գործիք՝ նպաստելու ցեղային զտումներու կամ բնակչութեան դէմ վայրագութիւններ իրականացնելու: Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճան կը չարաշահէ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ որպէս պատրուակ, ցեղային զտումներ իրականացնելու և բնիկ հայ բնակչութիւնը սեփական հայրենիքէն վերացնելու համար։ Մարդու իրաւունքներու եւ կեանքի գնով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու ԵՄ դիրքորոշումը միայն կը խրախուսէ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը և հայերու նկատմամբ դաժան ճնշման քաղաքականութիւնը։
Որպէս համաեւրոպական համայնքային կազմակերպութիւն՝ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը եւ անոր ԵՄ անդամ 14 երկիրներու յանձնախումբերը կը գնահատեն ձեր ջանքերը՝ որոնք, այս խիստ բարդ իրավիճակին մէջ ուղղուած են միջնորդական ջանքերուն: Այնուամենայնիւ, որպէս ԵՄ քաղաքացիներ, մենք կ՛ակնկալենք և կը պահանջենք վճռական միջոցներ՝ Ատրպէյճանը զսպելու համար։ Մենք ուշադիր պիտի հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման։