Այս կանչով կը սկսէր ու կ’աւարտէր Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան (ՍՊՄ) «Զաւարեան» բանակումի իւրաքանչիւր օր: Այս տարի ՍՊՄ տարեկան բանակումի տեւողութիւնն էր՝ 21-27 Օգոստոս, կազմակերպութեամբ ՍՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին:
Ամէն տարի բանակումը կ’ունենայ իր խորագիրը, իսկ այս տարի նուիրուած էր ՀՅԴ հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանին, որովհետեւ տարին կը զուգադիպէր անոր մահուան 110-ամեակին:
Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 205 պատանիներ, հետեւեալ շրջաններէն՝ Հալէպ, Դամասկոս, Քեսապ, Լաթաքիա եւ Գամիշլի:
Նախքան բանակումի օրակարգերուն մեկնարկը, մասնակիցները բաժնուեցան խումբերու որոնց անուանումները նուիրուած էին Արցախեան գոյամարտի ընթացքին նահատակուող մեր ընկերներուն՝ զիրենք պատուով ոգեկոչելու եւ իրենց հայրենասիրութեան օրինակով տոգորուելու ողջ բանակումին ընթացքին։
Պատանիները 7 օրուան ընթացքին ստացան զանազան գիտելիքներ։ Այդ գիտելիքները քաղեցին զանազան միջոցներով, ինչպէս՝ Դասախօսութեամբ, յեղափոխական դրուագներու պատմումով, զրոյցով, տեսերիզի, հարց պատասխանի եւ օգտաշատ խաղերու միջոցով: Այս կէտերուն կողքին պատանիներու օրուան առաջին օրակարգը կ’ըլլար մարզանքը, իրենց մտքին կողքին մարմնային առողջութիւն ապահովելու նպատակով:
Բանակումը չսկսած անհրաժեշտ էր, որ պատանիները ծանօթանային իրենց բանակումին խորագրի հերոսին, այդ պատճառով ալ առաջին դասախօսութիւնը Սիմոն Զաւարեանի մասին էր: Անոնք նաեւ զանազան դասախօսութիւններու ընդմէջէն ծանօթացան ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան առաքելութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման պատմութեան, Հայ Յեղափոխական երգերու ծագումին, Արցախի հարցին, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն եւ յարանուանութիւններուն:
Բանակումի առօրեային անբաժանելի կէտերէն մէկն էր նաեւ՝ յանձնախումբերու աշխատանքը, որ հաւաքական գործի կը վարժեցնէր մասնակիցները։ Այս տարի ունէինք նոր յանձնախումբեր՝ Հաղորդում ու տեսանիւթ պատրաստելու յանձնախումբ, որուն պարտականութիւններ էր օրական հերթականութեամբ տեսանիւթեր պատրաստել ու տեղադրել միութեան դիմատետրի էջին վրայ:
Ռատիոժամի յանձնախումբը օրուան ընթացքին հաճելի խաղերով, գիտելիքներով ու ազգային երգերով կը ճոխացնէր մթնոլորտը: Խարոյկի յանձնախումբին պարտականութիւնն էր խարուկահանդէսին կէտերը պատրաստել, ինչպէս օրինակ՝ ազգագրական պար, թատրոն, ասմունք, նուագ եւ մարզական բուրգ։ Ունէինք նաեւ յարդարանքի յանձնախումբ մը, որ մեր հիմնական հաւաքատեղիին՝ արեւանոցին պատերուն վրայ տեղադրեց մեր հիմնադիրներու, դաշնակցական նուիրեալ անձնաւորութիւններու, նահատակներու, Նեմեսիսի գործունէութեան եւ Արցախեան պատերազմի նահատակներու, սուրիահայ նահատակ ընկերներու նկարներ, մեր պատանի ընկերներուն միտքերուն մէջ քանդակելու անոնց սխրանքները:
Պատանիները բանակումը աւարտեցին աւանդական խարուկահանդէսով։ Ներկայացուած յայտագիրը բծախնդրօրէն պատրաստուած էր։ Պատանիները միայն մէկ շաբթուան պատրաստութեամբ, պատասխանատուներու օգնութեամբ հաճելի եւ հետաքրքրական յայտագիր մը ներկայացուցին ու մթնոլորտը ճոխացուցին իրենց սորված յեղափոխական երգերով:
Ու հասաւ անսպասելի պահը, երբ պատանիները հրաժեշտ պիտի տային իրարու, իւրաքանչիւրը վերադառնալով իր բնակավայրը, յաջորդ տարի տեսնուելու յոյսով:
Բանակումները տարեկան գործունէութեան խտացումն են կարծէք, բնութեան գիրկը, հեռու ելեկտրականացած աշխարհէն, ուր դաստիարակչական ծրագրի մատուցման կողքին կը յառաջանան ընկերային ջերմ կապեր մասնակիցներուն միջեւ։ Այդ կապերը երկար տարիներ իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան մեր ընկերային կեանքին մէջ։
Անժելա Չաղլասեան