Պատմական գիտութիւններու թեկնածու դոկտ. Անի Ֆիշէնկճեանի Հալէպ այցելութեան առիթով «Գանձասար» մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ անոր հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք զրոյցը ամբողջութեամբ:
«Գանձասար».- Բարի եկած էք Հալէպ, օրիո՛րդ Անի։ Կրթական մարզը, յատկապէս հայկական վարժարաններու, հայագիտական հիմնարկներու դերը միշտ ալ լուսարձակի տակ պահուած են սփիւռքահայ կեանքին մէջ, որովհետեւ ինքնութեան, լեզուի, հայախօսութեան պահպանման, մեսրոպեան մեր ժառանգութեան տէր կանգնելու ու անով իսկ հայ մնալու ճիգը մշտապէս առկայ եղած է մեր համայնքներէն ներս։
Հալէպահայ համայնքէն ներս երկար տարիներ ծառայեցիք որպէս Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի եւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Հայոց պատմութեան դասախօս։ Ճեմարանէն ներս քանի մը տարի խմբագրեցիք նաեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տեղեկատուն, ուր կ’արտացոլային Ճեմարանի ուսումնակրթական, ընկերային կեանքը, կազմակերպուած ձեռնարկները եւ այլն։ Շունչ ու ապրում հաղորդեցիք ձեր առաքելութեան ու նուիրուեցաք այս ասպարէզին։ Մասնագիտանալով, հետագային որպէս պատմաբան հեղինակ դարձաք գիտական զանազան ուսումնասիրութիւններու, գիրքերու, ինչպէս՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 90-ամեակին նուիրուած Յուշամատեանին, «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970» հատորին, որ պատմական արժէք ներկայացնող, վաւերագրական եզակի աշխատասիրութիւն մըն էր։ Հալէպի ծնունդ էք, ուսանած Հալէպ, ապա մասնագիտացած Պէյրութ եւ Երեւան։ Որպէս պատմաբան, դասախօս եւ կրթական մշակ ակնարկ մը նետելով սուրիահայ համայնքէն ներս, գլխաւորաբար Հալէպի մէջ, հայերէնի դասաւանդման գործընթացին վրայ, խնդրեմ քանի մը խօսքով ամփոփէք, թէ այս գործընթացը երկրի տարբեր պայմաններուն մէջ ի՞նչ դեր ունեցած է սուրիահայ սերունդներու ինքնութեան պահպանման մէջ, իսկ արդիւնաւէտ մնալու եւ զարգանալու համար ի՞նչ բանի կը կարօտի այսօր։ Եթէ պահ մը դուրսէն դիտէք ու ձեր աչքին առջեւ ունենաք ձեր ծառայութեան տարիները Ճեմարանէն եւ Հայագիտականէն ներս, ի՞նչ բան կ’ուզէիք փոխուած տեսնել, ի՞նչ բան պահպանուած, ի՞նչ բան զարգացած այս գործընթացին մէջ։
Անի Ֆիշէնկճեան.- Մանկութիւնս, պատանութիւնս ու երիտասարդութիւնս ապրած եմ պատմական հնաբոյր Հալէպ քաղաքին մէջ։ Արեւմտահայերէնը առաջին անգամ լսած եմ մեր տան մէջ՝ մեծ հօրմէս, մեծ մօրմէս ու ծնողներէս։ Աշակերտած եմ այնպիսի ուսուցիչներու, որոնք պատմական այդ ժամանակաշրջանի եւ բոլոր ժամանակներուն համար կան ու կը մնան անկրկնելի հայ մտաւորականներ, ազգային գործիչներ եւ դաստիարակներ։ Անոնք իրենց ողջ կեանքը անձնուիրաբար ընծայեցին հայաստեղծման, սերունդներու դաստիարակութեան եւ համայնքի ծառայութեան։
Ուսուցչական ասպարէզը նուիրում է՝ ի վերուստ տրուած։ Սակայն ուսուցչական ասպարէզը աշխատատար պաշտօն է նաե՛ւ։ Ուսուցչութիւնը կոչում ըլլալէ առաջ գիտելիքներով զինում է։ Ուսուցչութիւնը անձէն կը պահանջէ ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան քայլ պահել նորարարութեան հետ, յատկապէս 21-րդ դարու ճարտարագիտական արագընթաց զարգացման եւ արդիականացման ճանապարհին, մշտարթուն դիմակայելու նոր մարտահրաւէրները։
Պատասխանելով ձեր հարցումին, թէ համայնքէն ներս «հայերէնի դասաւանդման գործընթացը երկրի տարբեր պայմաններուն մէջ ի՞նչ դեր ունեցած է սուրիահայ սերունդներու ինքնութեան պահպանման մէջ» ըսեմ. Սուրիոյ հայ համայնքը, որպէս Սփիւռքի համայնքներու «աւագը, մայրը» իր կազմակերպութիւններով, միութիւններով, կրթական մշակներով ու այլ կառոյցներով, հակառակ երկրէն ներս տիրող քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական վերիվայրումներուն, պատմական բոլոր ժամանակներուն, հետամուտ եղած է զինելու իր զաւակները՝ գաղափարական, քաղաքացիական, մշակութային, կրօնական, բարեսիրական եւ մարզական գիտելիքներով, որպէսզի անցեալէն ժառանգածը նոր պայմաններու լոյսին տակ փոխանցէ յաջորդներուն։
Սակայն այս բոլորին կը պակսէր ընդհանուր ծրագիրի կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել ազգային եւ համայնքային գաղափարախօսութեան մը մշակումը։
Յաճախ կը լսենք «ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ» արտայայտութիւնը, իսկ որո՞նք են «պահպանման» նախաքայլերը։ Պահպանման համար պէտք է ունենալ հայ մարդու պատրաստման միասնական քայլեր, ծրագիր, նպատակ, որպէսզի հայ երիտասարդը կարենայ թիավարել ե՛ւ համայնքի դժուարութիւններու ժամանակ, ե՛ւ սփիւռքեան բազմաբնոյթ իրադարձութիւններու յորձանուտին դէմ։ Ահաւասիկ, մեր կարծիքով, վերջինս էր, որ կը պակսէր մեզի։ Եթէ այսօր մեր համայնքը դժուարութիւններու առջեւ կանգնած է։
Իսկ եթէ մեր ուսանողները յաջողած են իրենց կեանքը ճիշդ ուղիով թիավարել, այդ պարագային մեծ է դերը՝ ծնողքին, դպրոցին եւ յատկապէս անձի ինքնաշխատութեան։ Եռամիասնութիւն, որով անձը կրնար յաղթահարել դժուարութիւնները։
Ուստի, մեր խնդրանքն է ՄԱՐԴ պատրաստել ո՛չ միայն համազգային, այլեւ միջազգային կառոյցներուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունենալու։ Նաեւ մեր հայագիտական կառոյցներէն ներս թրծուին այնպիսի անհատներ, որոնք հետագային պատրաստ ըլլան ծառայելու ե՛ւ համայնքային կեանքին, ե՛ւ գիտական ոլորտին, ե՛ւ ամէնէն կարեւորը՝ ՏԷՐԸ ԴԱՌՆԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ։
«Գ.».- Ուսումնասիրած էք նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի արխիւները։ Արխիւային աշխատանքին մասին խօսինք։ Այսօր սփիւռքահայ համայնքներու մէջ որքանո՞վ կարեւորութիւն կը տրուի այդ աշխատանքին։ Ի՞նչ է արխիւին դերը սփիւռքահայ կեանքի պատմութեան հոլովոյթի արձանագրութեան մէջ։ Պատմութիւնը պահելով, անկէ սորվելով որքա՞ն կրնանք զօրացնել գոյատեւելու մեր կռուանները, դասեր քաղել, օրինակներ վերցնել՝ յաղթահարելու ամէն ժամանակներու դժուարութիւններ։
Ա.Ֆ.- Ուսումնասիրած եմ ո՛չ միայն Բերիոյ Հայոց Թեմի արխիւները, այլ նաեւ Հալէպի Հայ Կարմիր Խաչի, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, Հայաստանի ազգային արխիւները: Հնարաւորութիւն տրուած է նաեւ ուսումնասիրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ Հայոց Թեմին առնչուող արխիւները, ուրկէ ձեռք բերած եմ հարուստ ծաղկաքաղ մը, նուիրուած՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի շրջաններուն։
Առկայ ձեռագիր եւ տպագիր արխիւները հարուստ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն սփիւռքահայ համայնքի այդ ժամանակաշրջանի մարզական, մշակութային, գաղափարական, կրթական կառոյցներու, մարդոց մտայնութեան, ապրելակերպին, տնտեսութեան, ընկերային եւ քաղաքական հարցերու իրենց աշխարհահայեացքի դիտարկումին մասին: Համայնքի պատմութեան շարադրանքի համար անհրաժեշտ է տուեալ համայնքի «արխիւներու» համակողմանի ուսումնասիրութիւնը. գրականութիւնն ու մամուլի տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ չեն կրնար արտացոլացնել համայնքի պատկերը։
Ինչո՞վ կը հարստացնեն մեզ արխիւային աշխատանքները: Արխիւային աշխատանքը զուտ գիտական հետազօտութիւն է։ Թեմական՝ գաւառական ժողովի, քաղաքական ժողովի կամ մարզական միութիւններու ղեկավարութեան, երբեմն՝ մտաւորականներու, անհատ անձերու կողմէ գրուած նամակներն ու տեղեկագիրները զիս հրապուրած են ո՛չ միայն իրենց գիտականութեամբ, այլեւ՝ լեզուական կառուցուածքով։ Այս բոլորը մտածել կու տան ուսումնասիրողին, թէ այդ ժամանակաշրջանի մարդիկ իսկապէս կրթական համակարգէն ներս ո՛չ միայն հայեցի դաստիարակութիւնը, ինքնութեան հարցը առաջնահերթ համարած են, այլ նաեւ օրինակ հանդիսացած են այդ օրուան դպրոցական նստարաններուն վրայ նստող մեր հանրային գործիչներուն։
Այսօ՛ր, Բերիոյ Հայոց Թեմի արխիւները ամբողջութեամբ չեն ուսումնասիրուած։ Ուրեմն մենք չենք կրնար համայնքի պատմութեան համապարփակ ուսումնասիրութիւն կատարել։ Այդտեղ մենք ո՛չ թէ համայնքի բացասական կողմն է որ պիտի ներկայացնենք, այլ համայնքի գործունէութիւնը այդ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ անկախութենէն առաջ, Սուրիոյ անկախութենէն ետք, հայրենադարձութեան օրերուն, որովհետեւ որքան ալ մամուլի եւ այլ փաստաթուղթերու մէջ տեղեկութիւններ կան, սակայն ամբողջական չեն:
Հետեւաբար, արխիւային աշխատանքը կը պահանջէ աչք, տրամաբանութիւն, դրսեւորում, ճշգրիտ տեղեկութիւններու փոխանցում, յատկապէս պարզելու այդ ժամանակաշրջանի մարդոց աշխարհահայեացքը եւ հարցերու մօտեցման իրենց ձեւերը:
«Գ.».- Քանի մը տարիէ ի վեր ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի եւ հայկական գաղթավայրերու պատմութեան բաժինի, ինչպէս նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գիտաշխատող էք։ Խօսինք արեւմտահայերէնի մասին։ Տեղեակ ենք, որ վերջին հիմնարկէն ներս արեւմտահայերէնի բաժին գոյութիւն ունի։ Ե՞րբ հիմնուած է այդ բաժինը, ի՞նչ նպատակով, իսկ դուք ինչպիսի՞ աշխատանք ստանձնած էք այնտեղ։
Ա.Ֆ.- Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէն բաժանմունքը կը գործէ 2013 թուականի Յունուարէն։ Հիմնարկի այս բաժանմունքը ստեղծուած է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան եւ լեզուի հիմնարկի տնօրինութեան համատեղ աշխատանքին շնորհիւ, որոնց նպատակը եղած է ո՛չ միայն բազմակողմանիօրէն ուսումնասիրել արեւմտահայերէնը, այլեւ, գիտական ակադեմական մակարդակով քննել գրական հայերէնի դրսեւորումներէն մէկուն՝ արեւմտահայերէնի քերականութիւնն ու պատշաճ մակարդակով ձեւակերպել «Գրական Արեւմտահայերէնի Քերականութիւն» դասագիրքը: Այս ուղղութեամբ, շուրջ տաս տարի եւ նախորդ տարիներու ընթացքին բաժինին մէջ քննարկուած են եւ լոյս տեսած են տարբեր թեմաներու շուրջ տասնեակ յօդուածներ, շուրջ տասի հասնող մենագրութիւններ: Արեւմտահայերէն բաժինի գիտաշխատողները իրենց զեկուցումներով հանդէս եկած են հանրապետական եւ միջազգային գիտաժողովներուն: 2015-էն ի վեր այս բաժինի գիտաշխատող եմ։ Հիմնարկի այս բաժինէն ներս իրենց ներդրումը ունեցած են՝ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը, Լենա Նազարեանը, Սօսի Միշոյեանը. իսկ ներկայիս՝ Զեփիւռ Խպլիկեան-Թամերը, Պէթթի Քիլէճեանը եւ Յարութ Մարաշլեանը:
Բաժինը տաս տարիներու ընթացքին հրապարակած է նաեւ «Արեւմտահայերէնի Եւ Արեւելահայերէնի Եզրոյթային Համակարգերու Զուգադիր Քննութիւն» աշխատութիւնը, «Արեւմտահայերէնի Արդի Վիճակը Սուրիոյ Հայ Համայնքի մէջ», «Արեւմտահայերէնի Արդի Վիճակը Հայկական Գաղթօճախներու Մէջ-Արեւմտեան Եւրոպա», որուն համահեղինակներէն մէկը ես եղած եմ, «Արեւմտահայերէնի Կանոնակարգման Հարցեր» պրն. Յակոբ Չոլաքեան, «Արեւմտահայերէնի Քերականութեան Պատմութիւն Յետ Այտընենական Շրջան» իմ առանձին մենագրութիւնն է եւ բազմաթիւ այլ գիրքեր:
Երկրորդ տարին է, որ արեւմտահայերէնի բաժինի գիտաշխատողներու աշխատանքով կը հրապարակուի «Նոր Բառեր Արեւմտահայերէնին Մէջ» բառարանային տարբերակը, առաջին գիրքը արդէն լոյս տեսած է համացանցի մէջ, երկրորդին աշխատանքները կը կատարուին եւ մօտ ժամանակէն կը հրապարակուի:
Արեւմտահայերէնի բաժինը նաեւ կը հիւրընկալէ սփիւռքահայ մտաւորականներ, ուսուցիչներ։
Գիտենք, որ Սփիւռքի տարբեր շրջաններուն մէջ ներքաղաքական, ընկերային, տնտեսական զանազան պայմաններ իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են կրթական հաստատութիւններուն վրայ, մասնագէտներ պատրաստելու եւ այլ խնդիրներու վերաբերեալ: Այդ առումով կը լսենք եւ աւելի մօտէն իրազեկ կը դառնանք այդ շրջանի արեւմտահայերէնի համար օգտագործուող դասագիրքերուն, կ’ընդունինք անոնց առաջարկները եւ կը համագործակցինք անոնց հետ։
Արեւմտահայերէնի համար տարուած աշխատանքը բազմաբնոյթ է։ Սակայն բաժինէն ներս, դժբախտաբար, սակաւ են լեզուակիր աշխատողներ։ Պատճառները զանազան են։
Յորդորս է, որ հայագիտական կառոյցներէն ներս հայագիտական գիտելիքներ ստացող մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները, երբ գան Հայաստան իրենց ուսումը շարունակելու եւ աշխատանքի բնակավայր մուտք գործելու, այցելեն այստեղ: Աւելցնեմ նաեւ, որ շատ կարեւոր է համալսարանական վկայական ունենալը, թէկուզ սուրիական համալսարանական պետական վկայական, որուն հիման վրայ մենք կրնանք որոշակի քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի անոնք կարենան ե՛ւ շարունակել ուսումնառութիւնը, ե՛ւ մուտք գործել գիտական հիմնարկէն ներս:
«Գ.».- Հայրենիքի մէջ տարբեր հիմնարկներու, համալսարանական ամպիոններու կողմէ մշակուած եւ իրականացած արեւմտահայերէնի պահպանման ծրագիրներ կան։ Գիտենք, որ լեզուն առաւելաբար գործածողը կը պահէ, սակայն պետական հիմնարկները գիտական աշխատանքներով կրնան գործակցիլ արեւմտահայերէնի պահպանման աշխատանքին լծուած սփիւռքահայ մտաւորականներու, կրթական հաստատութիւններու հետ։ Այս առումով ինչպիսի՞ գործակցութեան դաշտ կայ կամ կրնայ զարգանալ հայրենիքի մէջ գործող տուեալ հիմնարկներուն եւ սփիւռքահայ կողմերուն միջեւ։ Իսկ արեւմտահայերէնը որքանո՞վ կը կիրարկուի հայրենի դպրոցներուն մէջ, այնպէս ինչպէս սփիւռքահայ վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ կը գտնենք արեւելահայերէնը՝ արեւմտահայերէնին կողքին։
Ա.Ֆ.- Այո՛, հայրենիքի մէջ բարձրագոյն ուսման կեդրոններու ամպիոններէն ներս, յատկապէս Երեւանի Պետական Համալսարանի հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոնէն, սփիւռքագիտութեան բաժինէն, հայագիտական հետազօտութիւններու բաժանմունքէն, Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական պետական համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնէն ներս կան դասաժամեր, որոնք տրամադրուած են արեւմտահայերէնի քերականական ծանօթացման, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի համեմատական քերականական կարգերու ուսումնասիրութեան եւ այլն։
Արեւմտահայերէնի պահպանման աշխատանք կը կատարուի: Շուրջ տասը տարի է ի վեր Երեւանէն ներս հաստատուած են տարբեր կազմակերպութիւններ եւ պետական հիմնարկներ, որոնք ունին արեւմտահայերէնի ծրագիր: Նախկին՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ նաեւ մշակուած էր արեւմտահայերէնի պահպանման ռազմավարութիւն, ուր հայրենի եւ սփիւռքահայ մտաւորականներ, նաեւ լեզուի մասնագէտներ ինչպէս՝ պրն. Յակոբ Չոլաքեանը, ներկայ կ’ըլլային այդ հանդիպումներուն, սակայն իշխանափոխութեան օրերուն, 2018-էն ետք, այդ ծրագիրը այլեւս չի գործեր եւ հանդիպումները տեղի չեն ունենար:
Այո, լեզուն գործածողը կը պահէ, սակայն ցաւով կրնամ հաստատել, որ լեզուն որպէսզի յառաջ երթայ՝ պէտք է ունենայ իր մթնոլորտը, միջավայրը, ենթահողը, սակայն զարմանքով կը հետեւիմ այն հարցազրոյցներուն եւ հաղորդումներուն, ուր սփիւռքահայեր, որոշ մտաւորականներ, իրենց հարցազրոյցի ընթացքին արեւմտահայերէնի փոխարէն յաճախ կ’արտայայտուին արեւելահայերէնով:
Ինչո՞ւ հայրենի հասարակութիւնը կ’անտեսէ արեւմտահայերէնը։
Պատասխանը…….
Կրթական հաստատութիւններէն ներս տարիներէ ի վեր որոշ զեկոյցներով, հաղորդումներով, հարցազրոյցներով յաճախ խօսուած է, թէ ինչպէ՛ս Սփիւռքի մեր դասագիրքերուն մէջ կան թարգմանութիւններ եւ հայրենի մտաւորականներու կեանքի եւ գործունէութեան մասին պատառիկներ, նոյնպէս եւ Հայաստանի հանրակրթականներու հայ գրականութեան դասագիրքերու մէջ եւս ներգրաւուին սփիւռքահայ գրողներու գործերը, սակայն չեն կատարուիր, որովհետեւ նախ տրամադրութիւն չկայ այդ աշխատանքը տանելու, երկրորդ՝ երբ որ արեւմտահայերէնի կամ արեւմտահայերէն-արեւելահայերէնի մերձեցման մասին կը խօսուի, յաճախ ոմանք կը բացատրեն զայն ուղղագրութեան փոփոխութեամբ։
Բացարձակապէս այդպիսի բան գոյութիւն չունի: Երբեմն հայրենի մեր գործընկերները կամ ժողովուրդը կ’արտայայտուի, որ արեւմտահայերէն չեն հասկնար, մենք այլ լեզուով կը խօսինք եւ որոշ անձերու կողմէ արեւմտահայերէնը բարբառային կարգավիճակով ի յայտ եկած է: Անշուշտ գիտենք, որ ՀՀ սահմանադրութեամբ, Հայաստանի պետական լեզուն հայերէնն է, գրական հայերէնն է, իր երկու դրսեւումներով՝ գրական արեւելահայերէն եւ գրական արեւմտահայերէն: Սակայն, տակաւին դպրոցական դասագիրքերու մէջ այդ փոփոխութիւնը չենք նկատեր։ Այստեղ կարեւոր է նշել, որ հայրենի մեր ուսուցիչներէն ոչ բոլորը կը տիրապետեն արեւմտահայերէնի քերականական կարգերուն։ Ուստի դասագիրքի փոփոխութիւնը կ’ակնկալէ նաեւ ուսուցիչի վերապատրաստում։
Վերապատրաստման եւ վերաորակաւորման աշխատանքը կը տարուի դպրոցէն ներս միայն արեւելահայերէնի գծով:
Երկրորդ՝ եթէ մենք օր մը հայրենի դպրոցներէն ներս արեւմտահայերէնի ընթերցանութեան կամ քերականութեան ժամեր ունենանք, այստեղ ունինք շատ մեծ բացթողում, այլ խօսքով՝ չունինք արեւմտահայերէնի մասնագէտներ: Ներող թող ըլլան բոլոր անոնք, որոնք կը կարդան իմ խօսքը: Ունինք արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներ: Մասնագէտ եւ դասաւանդող ուսուցիչ, երկու այս բառակապակցութեան վրայ կ’ուզեմ ուշադրութիւն դարձնել:
Արեւմտահայերէնի մասնագէտ կը նշանակէ հայոց լեզուի պատմութեան եւ լեզուաբանութեան գիտակ անձ: Իսկ այսօր սփիւռքի կրթարաններէն ներս դասաւանդող ուսուցիչները աւարտած են հայագիտական հիմնարկներ։ Իսկ ոմանք ալ աւագ դպրոց աւարտած են։ Այս չի նշանակեր, որ այդ ուսուցչուհին արեւմտահայերէնի մասնագէտ է, այլ՝ արեւմտահայերէն դասաւանդող։
Այսօր մենք խիստ կարիք ունինք արեւմտահայերէնի գիտակ մասնագէտի։
Հայաստանէն ներս կան տարբեր ծրագիրներ, կը գործեն տարբեր կազմակերպութիւններ, որոնց հիմնական նպատակն է արեւմտահայերէնը պահպանել: Դժբախտաբար որոշ նախաձեռնութիւններու մասին ոչ բոլորս տեղեակ ենք, բոլորը կը գործեն անկախ, իրարմէ անջատ եւ մինչ օրս տակաւին չկայ համակարգող մարմին մը ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ հայրենիքի մէջ, որուն հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը ըլլայ արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ համախմբէ այս բոլոր կազմակերպութիւնները իր հովանիին տակ:
Արեւմտահայերէնը կը խօսուի ամէնուրեք, արեւմտահայերէնը կը լսենք Երեւանի փողոցներուն մէջ, բայց արեւմտահայերէնի պահպանման համար այստեղ տարուած տարբեր կազմակերպութիւններու, հիմնարկներու, հիմնադրամներու աշխատանքները չեն համախմբուած եւ առանձին իրենց նպատակին կը կարծեմ չեն ծառայեր։
Այսքանով կը բաւարարուինք: Յուսանք, որ երկու լեզուները զարգացում կ’ապրին ե՛ւ արեւելահայերէնը, ե՛ւ արեւմտահայերէնը: Համակարգուելով բոլոր կառոյցներու աշխատանքները՝ կ’ունենանք մէկ նպատակակէտ, գրական արեւելահայերէնի եւ գրական արեւմտահայերէնի պահպանման անհրաժեշտ ծրագիրներ մշակելը եւ աշխատանք տանիլը: Արեւելահայերէնը իր հողին վրայ, իր թերութիւններով եւ իր առաւելութիւններով կը շարունակէ, իսկ արեւմտահայերէնը, թէեւ ուշացած ենք, չէ ունեցած իր պետութիւնը, ենթահողը, քննիչը, զինք տնօրինողը եւ այսօր երեխայի նման այս բոլորին կարիք ունի:
Իմ կոչն է Սփիւռքի բոլոր ուսուցիչներուն եւ մտաւորականներուն, որ ընդունինք արեւմտահայերէն խօսող մեր երեխաները այնպէս ինչպէս որ են, ուղղենք, ճիշդ հարթակի վրայ դնենք եւ երբեք քմծիծաղով չվերաբերինք անոնց խօսած արեւմտահայերէնին, որովհետեւ մենք անոնց ձեռքէն բռնելով վեր պիտի բարձրացնենք եւ ոչ թէ զանոնք արհամարհենք կամ ծիծաղի ենթակայ դարձնենք անոնց արտայայտութեան ձեւերը:
Քանի մը օրէն արդէն մենք պիտի ոգեկոչենք Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Այս առթիւ կ’ուզեմ շնորհաւորել Սփիւռքի եւ հայրենի մեր բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, մտաւորականները, անոնք որոնք հայերէն կը մտածեն, հայերէնով կ’արտայայտուին եւ հայերէնը իր գրական ճիւղերով կը փորձեն ճիշդ հարթակի վրայ դնել եւ հրամցնել յաջորդող սերունդներուն: Բոլորին վարձքը կատար: Բոլորն ալ կը նմանին մէկական մարտիկի, զինուորի, որոնք լեզուի գծով իրենց զէնքը ուսին առած, առանց վարանելու, դժուարին մութ ճանապարհները հարթելով կը փորձեն իրենց ուսանողը հասցնել դէպի խաղաղ ծովափ:
Շնորհակալութիւն այս առիթը ընձեռելու համար: Ձեր վարձքը կատար: Յաջողութիւն կը մաղթեմ «Գանձասար»-ի ողջ անձնակազմին։
Թող մեր ուսանողները գերազանցեն մեզ եւ տարբեր հարթակներու վրայ շարունակեն արեւմտահայերէնի պահպանումը։
Հարցազրոյցը վարեց
Մարինա Պօղիկեան