ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ փուլի մրցումներուն, Հալէպի զոյգ խումբերը՝ Ահլին եւ Հուրիէն քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հանդիպեցան։ Հանդիպումը աւարտեցաւ 1 – 0 հաշուով՝ ի նպաստ Ահլիին, իսկ Դամասկոսի Ուահտէի եւ Ճէյշի հանդիպումը վերջ գտաւ 1 – 1 հաւասարութեամբ։ Նոյն արդիւնքով աւարտեցաւ նաեւ Ճապլէ եւ Քարամէ խումբերուն միջեւ մրցումը:
-Հալէպի Հուրիէ ակումբի վարչութիւնը ֆութպոլի առաջին խումբի մարզիչ նշանակեց եգիպտացի Ահմատ Հաֆէզը, որ փոխարինեց հրաժարած Մուքաուամ Ապպասը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԳԼԽԱՒՈՐԵՑ ԱՂԻՒՍԱԿԸ
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը 3 – 0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ճիրոնան եւ գլխաւորել աղիւսակը:  Իտալացի Գարլօ Անշելոթիի գլխաւորած կազմը 15-րդ վայրկեանին կրցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը Խոսէլոյի միջոցով, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Չուամինին կրկնապատկեց արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղին, մատրիտեան կազմը շարունակեց իր յաջող խաղարկութիւնը եւ քանի մը առիթներով վտանգի ենթարկեց Ճիրունայի դարպասը. Նախքան աւարտը Ճուտ Պելմինկհամ կրցաւ նշանակել կազմին երրորդ կոլը:  Շնորհիւ այս արդիւնքին, Ռէալ 21 կէտով գլխաւորեց աղիւսակը, իրեն յաջորդեց Պարսելոնան՝ 20 եւ Ճիրունան՝ 19 կէտով:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ  ԱՆԱՐԴԱՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՑ
Անգլիոյ առաջնութեան 7-րդ փուլի մրցումներուն, Լոնտոնի  Թոթենհամը  իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց  Լիվըրփուլը եւ յաղթեց անոր 2 – 1 արդիւնքով:  Թոթենհամի  խաղին հաշիւը բացաւ հարաւքորիացի յարձակող Սոն Հին Մինը։ Գերմանացի Իւրկէն Կլոփի գլխաւորած կազմը հաւասարութիւն արձանագրեց առաջին խաղակիսուն յաւելեալ ժամանակին՝ հոլանտացի յարձակող Կոտի Քակպոյի միջոցով: 94-րդ վայրկեանին, Լիվըրփուլի քամիրոնցի պաշտպանողական  խաղացողը սխալելով գնդակը ուղղեց իր դարպասը եւ արդիւնքը շրջեցաւ՝ ի նպաստ Թոթընհամին: Աւելցնենք, որ հանդիպումի իրաւարարը  կարմիր քարտով  Լիվըրփուլէն երկու խաղացողներ դաշտէն հեռացուց, ինչպէս նաեւ կազմը զրկեց արդար կոլէ մը, որուն համար Անգլիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը իր ներողամտութիւնը խնդրեց Լիվըրփուլէն:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան