ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականին միացան արժանթինահպատակ սուրիացի խաղացողներ Եզեկէլ Ալամը եւ Իպրահիմ Հիսարը: Անոնք մաս պիտի կազմեն ուսումնամարզական հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Աւելցնենք, որ հաւաքականի մարզիչ Հիքթորը ներկայացուցած է ութը անուններէ բաղկացած խաղացողներու ցանկ մը: Այդ անունները մաս կը կազմեն եւրոպական ակումբներուն:
-Սուրիոյ աթլեթի հաւաքականի անդամ Մաճտ ատտին Ղազալ գրաւեց Չինաստանի Խանճօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ Ողոմպիական 19-րդ մարզախաղերուն վեցերորդ դիրքը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՐՈՔ, ՍՊԱՆԻԱ ԵՒ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՆ 2030-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԸ
Անցեալ շաբթուան աւարտին,  ՖԻՖԱ-ն 2030-ի ֆութպոլի համաշխարհային խաղերու հիւրընկալութեան պատիւը տուաւ երեք երկիրներու՝ Մարոքի, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի: Ան այս որոշումը յայտարարեց ճշդուած թուականէն մէկ տարի առաջ: Համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու 100-ամեակի զուգադիպութիւնը նկատի ունենալով, ՖԻՖԱ-ն որոշեց 3 մրցում ալ կատարել Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Փարակուէյի մէջ: Սպանիոյ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ Լուիս Տի Լավոնթին փափաք յայտնեց, որ մրցաշարքի աւարտական հանդիպումը տեղի ունենայ Սպանիոյ մէջ: Աւելցնենք, որ Փորթուկալ, որ 2004-ին կազմակերպած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, երկու անգամ իր թեկնածութիւնը ներկայացուց՝ 2018-ին եւ 2022-ին, սակայն չյաջողեցաւ ձեռք բերել զայն:
ՊԵԼԻՆԿՀԵՄԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՑ ՌՈՆԱԼՏՈՅԻ ՄՐՑԱՆԻՇԸ
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ խումբի կիսապաշտպան խաղացող  20-ամեայ անգլիացի Ճուտ Պելինկհեմը Սպանիոյ առաջնութեան 9-րդ փուլի Օսասոնայի դէմ տեղի ունեցած խաղին յաջողեցաւ նշանակել երկու կոլ, որոնց շնորհիւ գերազանցեց  փորթուկալցի Քրիստիանօ Ռոնալտոյի  արդիւնաւէտութեան մրցանիշը արքայական ակումբէն ներս:  Պելինկհեմ Ռէալին հետ մաս կազմած առաջին 10 հանդիպումներուն նշանակեց  10 կոլ եւ կատարեց 3 կոլային փոխանցում։ Ռոնալտօն Ռէալի առաջին 10 խաղերուն նշանակած էր 10 կոլ, կատարած՝ 1 կոլային փոխանցում։
Աւելցնենք, որ Պելինկհեմ այս ամրան Պորիսիա Տորթմունտէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ՝ փոխան 103 միլիոն եւրոյի: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2029։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան