Չէի փափաքեր, որ գրութիւնս այսպիսի խորագիր մը կրէր, սակայն դժբախտաբար այսօր դար մը ետք պատմութիւնը անգամ մը եւս ինքզինք կը կրկնէ։ Հայ ժողովուրդը դարձեալ մատնուած է Տանթէական խուճապի, իսկ համայն աշխարհը՝ այս մասին համրացած կը դիտէ միայն։ Արցախահայ երիտասարդութեան կեանքի գարունը՝ ձիւնով ծածկուած ձմրան կը վերածուի, իսկ անմեղ մանուկները կ’ապրին մահուան ահուսարսափով, սպասելով արեւածագի՞ն թէ մայրամուտին, որուն հետ իրենց արեւն ալ մար պիտի մտնէ։
Անդին, ամբողջ աշխարհ մը չէ հետաքրքրուած այս անմեղներու գոյութեամբ իսկ, եւ որեւէ փորձ չի կատարեր դադրեցնելու 21-րդ դարու ցեղասպանութիւնը։ Անոր համար ի՞նչ կը նշանակէ մանուկի մը վախազդու կեանք ապրիլը, արժէք չունի անոր որբանալը կամ անտուն ու անտեղ դառնալը, երբ ատիկա չի վնասեր հսկայ պետութիւններու տնտեսութեան կամ նեղութիւն չի պատճառեր անոնց ժողովուրդին։ Իսկ թշնամին… բաւարար բառեր չկան անոր ոճրագործութիւնն ու անգթութիւնը անգամ մը եւս պատկերելու։
Այսքան բաւարար է։ Դարերով տառապանք կրած ժողովուրդին, Ցեղասպանութեան ենթարկուած սակայն գոյատեւած եւ վերականգնած ազգին վերջին էջը պիտի չըլլայ այս մէկը, այլ՝ նորօրեայ պայքարի շեփորը։
Արփի Արապանեան