Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեց Ուաշինկթընի մէջ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած Հայ Դատի գրասենեակ:
Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Արեւելեան Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան:
Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ իր գործակիցներուն հետ, Հայ Դատի աշխատանքներու առնչութեամբ: Համբարեան ողջունելով Հայրապետը՝ ըսաւ, թէ Հայրապետը ո՛չ միայն զօրակից է Հայ Դատի աշխատանքներուն, այլեւ պայքարի առաջին գիծին վրայ հսկայ ներդրում կատարած է՝ թէ՛ անձնապէս եւ թէ՛ իր գլխաւորած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Գրասենեակի տնօրէնը ընդհանուր գիծերով պարզեց կեդրոնին կատարած աշխատանքները՝ Հայ Դատի զանազան երեսներուն առնչուած, որոնք, յատկապէս վերջին տարիներուն, բազմացան ու բարդացան: Ան յայտնեց, որ, դժբախտաբար, ներդաշնակութեան պակասը կայ Հայաստանի դեսպանատան ու կեդրոնի աշխատանքներուն միջեւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է աշխատանքները դառնան աւելի համադրուած ու ծրագրուած:
Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կատարած գործունէութեան, որ հետզհետէ աւելի կ՚ընդլայնի: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին եկան աւելնալու Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութեան, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ամերիկա-Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութեան եւ այս բոլորին հետ աղերս ունեցող բազմաթիւ հարցեր: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ յատկապէս Ամերիկայի հայութիւնը աւելիով զօրավիգ կանգնի կեդրոնի գործունէութեան: Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց նոր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն եւ Արցախի ողբերգութենէն ետք ստեղծուած նոր իրավիճակի լոյսին տակ: Խօսելով Արցախի մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոսը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է միջազգային օրէնքի շրջագիծէն ներս կարեւորութեամբ քննել Արցախին առնչուած երեք հարցեր.- ա) Արցախի հոգեւոր ու մշակութային կոթողներու անվթար պահպանումը, բ) արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի հաստատումը եւ գ) վտարանդի կառավարութեան նշանակումը: Ապա, Հայրապետը բարձրօրէն գնահատելով կեդրոնին կատարած աշխատանքները՝ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Հայ Դատի հետապնդման ու պաշտպանութեան լծուած այս կեդրոնին։