ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Համաշխարհային 2026-ի ախոյեանութեան զտման առաջին հանդիպումին, Սուրիոյ հաւաքականը Սէուտական Արաբիոյ մէջ յաջողեցաւ 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել հիւսիսային Քորիայի հաւաքականը: Հանդիպումի միակ կոլը 37-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւաքականի խմբապետ Օմար Սոման:
-Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց ֆութպոլի աւարտական մրցումին, Սուրիոյ աղջկանց պատանեկան հաւաքականը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Յորդանանը եւ կրցաւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրանալ ախոյեանութեան: Առաջին փուլին, Սուրիոյ կազմը Լիբանանին հետ կատարած հանդիպումին արձանագրեց հաւասարութիւն մը, ինչպէս նաեւ 4 – 0 արդիւնքով յաղթեց Իրաքին:
-Համաշխարհային Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանական երկրորդ փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրընկալեց Դամասկոսի Ուահտէն: Հանդիպումին ընթացքին զոյգ կազմերը փոխն ի փոխ տիրապետեցին արդիւնքին: ՀՄԸՄ-ի կազմը որոշ ժամանակով մը կրցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել 11-ի, բայց վերջին վայրկեաններուն որոշ սխալներու հետեւանքով կազմը կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը: Մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմի լաւագոյն խաղացողը Լիլիթ Սարգիսեանն էր , որ նշանակեց 8 կէտ, 8 rebund, եւ 8 Block:
-ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբ վերադարձաւ կազմի նախկին խաղացող Սեպուհ Խարաճեան, որ վերջին տարիներուն մաս կազմած էր Հալէպի Ահլի եւ Ճալաա խումբերուն, ինչպէս նաեւ հերթական երկրորդ տարին ըլլալով Պետիկ Մահսերէճեան մաս պիտի կազմէ ՀՄԸՄ-ի խումբին:
– Հալէպի մէջ, Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանական մրցումներուն, Ահլին կրեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը, 74 – 71 արդիւնքով պարտութեան մատնուելով Ճալաաէն, իսկ Հոմսի մէջ Քարամէն 68 – 71 արդիւնքով զիջեցաւ Նաուաիրին: Դամասկոսի զոյգ խումբերու՝ Ճէյշի եւ Ուահտէյի միջեւ կայացած հանդիպումը աւարտեցաւ ի նպաստ Ուահտէին՝ 79 – 65 արդիւնքով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան