Զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ այսօր յետմիջօրէին, Սուրիոյ ժամով 6։50-ին, Իսրայէլ թշնամական յարձակումով մը կրկին հրթիռակոծած է Դամասկոսի միջազգային օդակայանը եւ Դամասկոսի արուարձանի կարգ մը կէտեր։

Աղբիւրին համաձայն, Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դնելով յարձակումին վար առած ու փճացուցած են հրթիռներուն մեծամասնութիւնը։

Արձանագրուած են նիւթական վնասներ, իսկ օդակայանը ծառայութենէ դադրած է։