Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդական խորհուրդի քարտուղար դոկտ. Թալալ Նաճիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան պաղեստինեան հարցի վերջին զարգացումներուն շուրջ։

Իր կարգին, նախարար Մըքտատ շեշտեց, որ Սուրիա սկզբունքային զօրակցութիւն կը յայտնէ Պաղեստինեան Դատին, անդրադառնալով Կազզայի ժողովուրդին աննկուն պայքարին։ Ան շեշտեց իսրայէլեան գրոհին դադրեցման անհրաժեշտութիւնը, ուր 54 օրէ ի վեր Կազզայի մանուկները կը սպանէ ամենայն վայրագութեամբ եւ կը քանդէ հիւանդանոցներն ու քաղաքային հաստատութիւնները։

Իր կարգին, դոկտ. Նաճի յայտնեց, որ Պաղեստինի ժողովուրդը դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուի ներկայիս, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ եւ բոլոր պայքարող երկիրներուն՝ Պաղեստինեան Դատին իրենց մնայուն եւ սկզբունքային զօրակցութեան համար։

Դոկտ. Նաճի շեշտեց, որ Պաղեստինի ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը  իսրայէլեան ջարդերուն եւ ցեղապաշտ բռնատիրութեան դէմ, որոնց նպատակն է Պաղեստինեան Դատը փակել մէկընդմիշտ, որպէսզի Իսրայէլ յաջողի անկախ պետութիւն հիմնել, իսկ անոր մայրաքաղաքը Երուսաղէմը դարձնել։