Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին դէմ իսրայէլեան գրոհը, զգուշացնելով, որ նման յարձակումներ վտանգաւոր ազդեցութիւններ կ՚ունենան տարածաշրջանին վրայ։

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները կը խախտեն Սուրիոյ պետութեան գերիշխանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը։

Իր կարգին, Վենեզուելայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ եւս խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին հրթիռակոծումը, յայտնելով, որ սոյն յարձակումը Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական եւ ռազմական լարուածութիւն կը ստեղծէ եւ միջազգային  օրէնքը կը խախտէ։

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ այս յարձակումը տեղի կ՚ունենայ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իսրայէլի իրագործած պատերազմական ոճիրներուն շրջագիծին մէջ։ Աւելցնելով որ մինչեւ օրս հազարաւոր նահատակներ եւ ենթակառոյցներու ահաւոր քանդումներ արձանագրուեցան Կազզայի մէջ։