ՀԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Հայերը տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ Ամանորը անուանած են մէկէ աւելի անուններով՝ Նոր Տարի, Նաւասարդ, Տարեգլուխ, Տարեմուտ եւ Կաղանդ:
Տոմարի զարգացման փուլին տարեսկիզբ  համարուած է Նաւասարդ ամիսի Արեգ օրը, որ կը համապատասխանէ ներկայ տոմարի 11 Օգոստոսին եւ կոչուած է Ամանոր կամ Նաւասարդ: Ըստ աւանդութեան՝ այդ օր Հայկ Նահապետ մենամարտած եւ յաղթա է Բէլին: Նաւասարդը համընկնելով բերքահաւաքի հետ՝ կը վերածուէր բերք ու բարիքի իսկական տօնի: Մշակները սեղանին կը տեղադրէին իրենց առաջին բերքը, իսկ տանտիրուհիները՝ իրենց ձեռքով պատրաստած անուշեղէնն ու չիրերը:
Հետագային՝ հուլեան տոմարէն ետք (18-րդ դար), մեր ժողովուրդն ալ քրիստոնեայ շատ մը ժողովուրդներու նման տարեմուտի առաջին օրը սկսաւ յիշատակել 1 Յունուարին, իսկ Նաւասարդ-Ամանորն ալ սկսաւ կոչուիլ Նոր Տարի: Այսօր մեր ժողովուրդը Նոր Տարուան տօնակատարութիւնը կը յիշատակէ 31 Դեկտեմբերին կէս գիշերին ու 1 Յունուարին, իսկ 6 Յունուարին եկեղեցւոյ հետ միասին՝ Քրիստոսի Ծնունդին եւ Մկրտութեան տօնը (Ջրօրհնէք):
Ամանորը հայկական դիցաբանութեան մէջ Նոր Տարին մարմնաւորող աստուածն էր։ Բառին ծագումնաբանութիւնը կու գայ բնապաշտական Ամանոր աստուծմէ, որ կը մարմնաւորէր Նոր Տարին, Երկրի եւ մոլորակներու պտոյտը։ Հայոց դիցաբանութեան մէջ Ամանորը պտղաբերութեան, բերքը պահպանող աստուածն էր, Ամանորի եղբայրն ալ Վանատուրն էր, հիւրընկալութեան աստուածը:
Ո՞վ էր Կաղանդ Պապուկը
Հայկական արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուի Կաղանդ Պապիկ անունը: Կաղանդ Պապը ազգային արժէքները, ծիսական համակարգը պահպանող ու սերունդներուն փոխանցող կերպար է։
Կաղանդ Պապը ոչ թէ նուէրներ, այլ Ամանորի եօթ խորհուրդ կը սորվեցնէր՝ փոխադարձ յարգանք, խաղաղութիւն, ազնուութիւն, իմաստութիւն, աշխատասիրութիւն, համեստութիւն եւ գոհունակութիւն։
Ի՞նչ կը տեղադրուէր ամանորեան սեղանին
Հայոց աւանդական կենցաղին մէջ, քանի որ Ամանորը կը համընկնէր Սուրբ Ծնունդի պահքին, ամանորեան ուտեստներու շարքին գերակշիռ կը դառնար պահքի յատուկ ուտեստը: Կը պատրաստէին լուբիայով, ոսպով քիւֆթա, ձաւարով եւ բրինձով տոլմա, ձաւարի եւ սիսեռի խառնուրդով գնդիկներ, բանջարեղէնով աղցան եւ այլն:
Հատիկեղէնի առատ օգտագործումը կեանքի յարատեւութեան խորհրդանիշն էր, իսկ 30 Դեկտեմբերին՝ 31-ին նոր պատրաստուող հացը՝ առատութեան: Շատ մեծ նշանակութիւն կը տրուէր պտուղներուն եւ ընդեղէնին: Տօնական սեղանին պէտք է անպայման ըլլային խնձոր, տանձ, սերկեւիլ, նուռ, խաղող, սեխ, արմաւ եւ չիրի եօթ տեսակ։
Խորհրդանշական էր Ամանորի նախաշեմին  գաթային մէջ դրամ դնելը։ Գաթաները բաժնելէ ետք, ան որ իր բաժինին մէջ դրամ գտնէր՝կը համարուէր գալիք տարուան յաջողակը։

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԱՂՑԱՆ

Բաղադրութիւն
1 միջակ չափի հազար
3-4 խաշուած ճակընդեղ
5-6 հատ թարմ սունկ կամ մէկ տուփ մանրուած սունկ
1 փոքր կանաչ խաշուած ծաղկակաղամբ (Պլոքոլի)
0,5 քիլօ մանր տեսակի լոլիկ
2 խաշուած եգիպտացորեն
4-5 հատ կանաչ սոխ
Աղ, մայոնէզ, մածուն, մանանեխ, սեւ պղպեղ, ձիթաիւղ:
Պատրաստութիւն
Մանրել հազարը, ճակընդեղը, սունկը, պրոքոլին, լոլիկը եւ կարգ առ կարգ շարել ամանին մէջ:
Թանձր մածուկը պատրաստելու համար 2 ապուրի դգալ մայոնէզին աւելցնել 2 ապուրի դգալ մածուն, աղ, սեւ պղպեղ, 2 ապուրի դգալ ձիթաիւղ, 1 ապուրի դգալ մանանեխ եւ 3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ ու խառնել:
Թանձր մածուկը աւելցնել մանրուած բանջարեղէնին վրայ:
Զարդարելու համար վրան աւելցնել խաշուած եգիպտացորենի հատիկներն ու մանրուած կանաչ սոխը:
Բարի ախորժակ։