Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Իրանի Սեսթան եւ Պլուշիսթան քաղաքներուն մէջ գտնուող ներքին ապահովական ուժերու կեդրոնին վրայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրագործուած յարձակումները, որոնց հետեւանքով իրանեան ապահովական մարմինէն եւ ներքին ապահովական ուժերէն 12 անդամ նահատակուեցաւ, ինչպէս նաեւ ոստիկաններ վիրաւորուեցան։

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ տարածաշրջանէն ներս ահաբեկչական գործողութիւններու սաստկացումը կը վկայէ ահաբեկչութեան զօրակցող ուժերուն ձախողութիւնը միջազգային եւ տարածաշրջանային մակարդակներով։

Նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւններ յայտնեց Իրանի ղեկավարութեան եւ նահատակներուն ընտանիքներուն, վերահաստատելով Սուրիոյ մշտական զօրակցութիւնը Իրանի, աւելցնելով, որ միջազգային ընկերութիւնը պէտք է դատապարտէ այս անմարդկային արարքը եւ յարմար պատիժի ենթարկէ յանցաւորները։