2024 – ՎԻՇԱՊԻ ՏԱՐԻ
Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս բազմաթիւ աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2024 տարուան յատուկ բազմաթիւ եւ տեսակաւոր կայքէջերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու անոնց մասին զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք, փորձեցինք մէկտեղել այդ բոլորը եւ համադրելէ ետք մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:
Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, որ 2024-ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2023-էն:
Շատեր կը պնդեն, որ նոյնիսկ ոչ միայն անոր շարունակութիւնը պիտի նկատուի, այլեւ պիտի դառնայ անոր աւելի չարագործ տարբերակը:
Սակայն, միւս կողմէ, կան նաեւ որոշ թիւով բախտագուշակներ, որ վերեւ յիշուած ժխտական կէտերուն հակառակը կը հաստատեն:
Այսպէս, շատերուն համաձայն, մարդ արարածը ամէնօրեայ նոր գիտութիւններու եւ գիւտերու շնորհիւ՝ մեծ յառաջդիմութիւններ պիտի արձանագրէ: Ասոնք լաւատեսներն են: Արդ, նորութիւն մը չէ, երբ ըսեմ՝
Չինական աստղագիտութիւնը մարդոց տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Առաջին տարուան անունը սկսած է մուկով, անոր յաջորդած են՝ ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: 2024 տարին վիշապի տարի է:
Չինական աստղագիտութեան մէջ վիշապը կը գրաւէ հինգերորդ դիրքը: Այս տարին կը սկսի երկուշաբթի, Յունուար 23¬ին՝ խանդավառութեամբ, ուրախութեամբ եւ յոյսով, միշտ սիրոյ եւ խաղաղութեան մաղթանքներով եւ վիշապներու պարերով ու եղանակներով:
Կը նախատեսուի, որ վիշապի տարին իրեն հետ բերէ խաղաղութիւն, համբերութիւն եւ յաջողութիւն: Շատ մը չին աստղագէտներու համաձայն, 2024 տարին պիտի ըլլայ փոխանցման տարի մը՝ նախորդ տարուան ընթացքին սկսած պատերազմին եւ 2024 թուականին հաւանական կայանալիք խաղաղութեան միջեւ:
Մէկ խօսքով՝ խաղաղութիւն մը, որուն կը յուսայ համայն մարդկութիւնը, եւ որ կը կարծուի թէ պիտի հաստատուի յառաջիկային եւ պիտի գոյատեւէ ու քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւն պիտի ստեղծէ յաջորդող երկար տարիներու համար:
Անցեալ տարուան ընթացքին զանազան եւ բազմազան քաղաքական, տնտեսական ու գիտական իրադարձութիւնները, նորութիւններն ու զարգացումները նկատի ունենալով՝ աստղագէտներ արդէն որոշ պատկերացում մը ունին 2024 թուականին պատահելիք դէպքերուն մասին: Բնականաբար աշխարհը մէկ օրէն միւսը ամբողջութեամբ պիտի չբարեփոխուի, քաղաքական կեանքը յեղաշրջում պիտի չապրի, եւ մարդոց տուներուն մէջ յանկարծ ոսկիի, տոլարի եւ կամ այլ տեսակի դրամներու պարկեր պիտի չյայտնուին:
Դէպքերն ու ամէն տեսակի իրադարձութիւնները իրենք զիրենք կը մատնեն արդէն եւ 2023 թուականի քաղաքականութեան հետեւած անձերուն կը յուշեն, թէ ինչպիսի՛ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան այս նոր տարուան ընթացքին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի վիշապին եւ անով ճանչցուած այս նոր տարուան, աստղաբաշխները կ’ընդունին, որ վիշապը կը մարմնաւորէ կամ կը պատկերացնէ որոշ չափով կեանք, մեծութիւն, հզօրութիւն եւ նաեւ օրհնութիւն ներշնչող ու տուող: Իրենց համար վիշապը կը խորհրդանշէ նաեւ կրակ, հմայք եւ խորհրդատու:
Ուստի, հիմնուելով իրենց այս տուեալներուն վրայ, վիշապի տարին ծնած անհատը կ’ըլլայ տաղանդաւոր, շատ մը ծրագիրներ իրականացնող, իր ընտանիքին հաւատարիմ, միշտ օգտակար հանդիսացող եւ օգնութեան հասնող, իր «սրտէն» խօսող եւ սակայն՝ յամառ, որուն պատճառով դժուար է իր զգացումները պահել:
Կ՛ըսուի նաեւ, որ անոնք սիրոյ մէջ դժբախտ կ՛ըլլան եւ ասկէ մեկնած՝ կանուխ ամուսնութեան դէմ են:
Անոնք ընկերութեան մէջ փնտռուածներէն են եւ իրենց ընտրած կամ նախընտրած ասպարէզին մէջ՝ անպայմանօրէն յաջողածներ:
Թէեւ վիշապները գերբնական ուժի յատկութիւններու տէր հսկայ կենդանիներ են, սակայն «երբեմն նոյնիսկ փոքր պատառ մը իսկ չեն կրնար ծամել», ինչպէս կ’ըսեն:
Բայց, ի՛նչ ալ ըլլան վիշապի մասին գրուած կամ տրուած ածականներն ու մակդիրները, լաւ կամ վատ կողմերը, ան իր յստակ եւ որոշ տեղը ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ չիներուն ու ներկայիս աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն կեանքին մէջ:
Ստորեւ՝ չինական տարիներու բաժանումները իրենց տարիներու դասաւորումով.-
1.- Առնէտ.- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020
2.- Ցուլ.- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021
3.- Վագր.- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022
4.- Նապաստակ.- 1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023
5.- Վիշապ.- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024
6.- Օձ.- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025
7.- Ձի.- 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026
8.- Ոչխար.- 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027
9.- Կապիկ.- 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028
10.- Աքլոր.- 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017-2029
11.- Շուն.- 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030
12.- Խոզ.- 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031
Ուրեմն վիշապի տարի նկատուած են 1916, 1928, 1940, 1952, 1976, 1988, 2000-2012 2024 եւ 2036 տարիները:
Վերոնշեալ տարիներուն ծնած անձերը իրենց կեանքի տեւողութեան կրնան հանդիպիլ շատ մը անակնկալ վերիվայրումներու, սակայն միշտ կը գնահատուին իրենց արիութեան եւ յատկապէս արտաքին տեսքին համար:
Վիշապի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր
Քոլին Փաուըլ, Ռոզան Պար, Սանտրա Պուլաք, Տայանա Շոր, Ճոն Լենըն, Հուսնի Մուպարաք, Ֆրանսուա Միթերան:
Վիշապին նախընտրած թիւերնեն՝ 3-4-21-35 եւ 45, իսկ նախասիրած գոյնը՝ դեղին:
Նկարագրի կարեւոր գիծեր.
Դժուարութիւններ յաղթահարող, անվախ, քաջ, հնարող, ջղային, ինքնագոհ, ինքնավստահ, ինքնապաշտպան, առողջ, շատ զգայուն, յաճախ շատ անխիղճ, զգացական, ծոյլ, երբեմն զգալիօրէն այլամերժ, շուտ ընկերացող, յաճախ մտերմիկ:
Իրենց նախընտրութիւնն է կամ նախասիրած առարկաներն են՝ կամ հայելին եւ նկարչական գործիքը:
Վիշապի տարին ծնողները իբրեւ ասպարէզ կ’ընտրեն, կամ ալ կ’ուզեն դառնալ՝ դերասան, աստղագէտ, համակարգիչի մասնագէտ եւ ժողովրդային ծառայական պաշտօնեայ:
Հաւատք ընծայէ՛ք կամ ոչ, ձեզի կը մաղթեմ հաճելի անակնկալներով լեցուն, բախտաբեր եւ երջանկաբեր տարի մը եւ յոյսով եմ, որ նախատեսութիւններուն դրականները ըլլան իրական եւ ձեր կեանքը լեցուի միայն բարութեամբ, առողջութեամբ եւ յաջողութեամբ:
Համադրեց եւ պատրաստեց
Գէորգ Պետիկեան