ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը 77 – 73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀԵԸ-ի խումբը եւ գրաւեց խմբակի աղիւսակին առաջին հորիզոնականը՝ արձանագրելով իր երրորդ հերթական յաղթանակը:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց U -18 -ի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի խումբը շարունակելով իր յաղթական երթը 76 – 46 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուրիէն եւ հասաւ աւարտական փուլ, ուր մրցակից պիտի ունենայ Հալէպի Ահլին: ՀՄԸՄ Հուրիէին հետ հանդիպեցաւ երեք անգամ, որոնց ընթացքին երկու առիթով կրցաւ դուրս գալ յաղթական արդիւնքով:
-Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հալէպի Ահլին շարունակելով իր ձախող արդիւնքները 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Լաթաքիոյ Թըշրինէն: Հուրիէի խումբը դարձեալ չկրցաւ յաղթական աւարտել իր մրցումը: Մինչեւ հանդիպման ժամանակաշըրջանին աւարտը, Հուրիէն յաղթած էր 2 – 1 արդիւնքով. Իրաւարարը 9 վայրկեան յաւելեալ ժամանակ աւելցնելով տուգանային հարուած մը տրամադրեց Հըթինին, սակայն դարպասապահը յաջողեցաւ հեռացնել գնդակը: 104-րդ վայրկեանին, Հըթին կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը եւ հանդիպումը աւարտել 2 – 2 արդիւնքով: Մրցումէն ետք, Հուրիէի ակումբի նախագահ Անթուան Շարքի իր դժգոհութիւնը յայտնելով չեղեալ յայտարարեց խումբին մասնակցութիւնը յառաջիկայ խաղերուն՝ մինչեւ ֆութպոլի դաշնութեան իրաւարարը յարմար տնօրինման մը ենթարկելը, նկատելով որ արձանագրուած արդիւնքը, ինչպէս նաեւ հանդիպումի ընթացքը արդար չեղան Հուրիէի համար:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ 1/8 ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՓՈՒԼԻ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
Զուիցերիոյ Լիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Չեմփիընզ Լիկի 1/8 փուլի մրցումներու վիճակաձգումը, որ կրեց հետեւեալ պատկերը:
Փորտօ (Փորթուկալ) – Արսենալ (Անգլիա)
Նափոլի (Իտալիա) – Պարսելոնա (Սպանիա)
Փարիզ Սան Ժերման (Ֆրանսա) – Ռէալ Սոսիետատ (Սպանիա)
Ինթըր (Իտալիա) – Աթլեթիքօ Մատրիտ (Սպանիա)
Էնտհովըն (Հոլանտա) – Պորուսիա Տորտմունտ (Գերմանիա)
Լացիօ (Իտալիա) – Պաւարիա (Գերմանիա)
Կոփէնհակէն (Դանիա) – Մանչեսթըր Սիթի (Անգլիա)
Լայպցիք (Գերմանիա) – Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա)
1/8 եզրափակիչի առաջին հանդիպումները տեղի կ’ունենան 13, 14 եւ 20 Փետրուարին, իսկ դարձի հանդիպումները՝ 5,6,12 եւ 13 Մարտին:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան