Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2023_ի առաւօտեան Ս. Սահակ_ Ս. Մեսրոպ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները նոր կեդրոնէն ներս յիշատակեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօները, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեսուչ Արժանապատիւ Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, ներկայութեամբ քսան ուսուցիչ_ ուսուցչուհիներու եւ (115) աշակերտ_ աշակերտուհիներու։
Ամանորեան խրախճանքը ընթացաւ շատ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտով. նկատի առած, որ Կիրակնօրեայ Դպրոցը հարուստ է իր իւրայատուկ երգերով ու շարականներով, հետեւաբար աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երգեր ինչպէս՝ «Խոր մութին» , «Շողա՛ ո՜վ աստղ» եւ «Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան» շարականը եւ այլն, ապա նախորդ շաբթուան մանկապարտէզի, առաջինի եւ երկրորդ կարգերու աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրը ներկայացուեցաւ տեսերիզով, որ կ՛ընդգրկէր զոյգ տօներուն առիթով յատուկ երգեր, աղօթքներ, արտասանութիւններ, շարականներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին շատ հաճելի պար մը եւ իմաստալից թատրոն մը «Յիսուսի Ծնունդը» խորագիրով.այս կոկիկ յայտագիրը պատրաստած էր երէցկին Սեդա Շաքարեան_ Զերենցեան ուսուցչուհիներուն օգնութեամբ։
Խրախճանքի կիսուն սրահ մտաւ Կաղանդ Պապուկը։ Սրահի խանդավառ մթնոլորտը արդէն հասած էր իր գագաթնակէտին։ Կաղանդ Պապուկը աշակերտներուն հետ պարելէ եւ երգելէ ետք իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց բոլորին։
Աւարտին Կիրակնօրեայի տեսուչը հրաւիրեց սրբազան հայրը՝ իր սրտի խօսքը ուղղելու։
Սրբազան հայրը օրհնեց աշակերտները, իր հայրական խրատները տուաւ, գնահատեց Արժանապատիւ Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի եւ ուսուցչական կազմին հոգածութիւնն ու տարած աշխատանքը, մաղթելով երջանկաբեր եւ օրհնաբեր օրեր, ապա «Պաղատիմք Առ Սուրբ Խաչ» աղօթքի բացիկներ բաշխեց բոլորին։
Թող 2024 թուականը ըլլայ ամբողջ աշխարհին եւ յատկապէս համայն հայութեան համար բարեբեր ու դրական նուաճումներու տարի մը։
Սեւան Տէյիրմէնճեան