Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի տարածքին՝ Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ նորոգ վախճանեալ Գերշ. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Հոգեհանգստեան արարողութեան։
Սրբազան հայրը եւ թեմի հոգեւորականաց դասը անդրադարձան հոգելոյս երախտարժան Առաջնորդին երկարամեայ վաստակին։ Անոնք «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած՝ նորոգ վախճանեալ Սրբազան Հօր հոգիին խաղաղութեան համար, աղօթելով, որ Ամենակալը իր հոգին լոյսերու մէջ պահէ եւ Երկինքի Արքայութեան արժանացնէ։
Աւարտին, հոգեսուրճ մատուցուեցաւ եւ ցաւակցութիւններ ընդունուեցան։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։