Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Վարչութեան անդամ երկրչփ. Յարութ Աւընեանի, ներկայ եղաւ հին Հալէպի Մանարայէն ներս տեղի ունեցած «Christmas Market» տօնական փառատօնին, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ կազմակերպող մարմինի անդամներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ գործարար տիկիններու յանձնախումբի ատենապետ երկրչփ. Անի Մարկոսեան-Ասլանեանի։
Ամանորի տօնական խանդավառութիւն ստեղծող փառատօնը կազմակերպուած էր Հալէպի ճարտարարուեստի գրասենեակի գործարար տիկիններու յանձնախումբին եւ սուրիական «Ամանէ» բարգաւաճման միութեան կողմէ, նպատակ ունենալով յետ-պատերազմին կեանքի կոչել Հին Հալէպի թաղամասերուն մէջ տօնական արտադրանքներ վաճառող շուկաները։ Ցուցահանդէսի կողքին գեղարուեստական բաժինով փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի մէջ գործող երգչախումբեր։
Ցուցահանդէսին մասնակցած էին նաեւ հայորդիներ, որոնք իրենց ձեռային արտադրութիւնները ներկայացուցած էին հանրութեան։
Փառատօնին վայրը զարդարուած էր տօնական յարդարումով եւ Մանուկ Յիսուսին ծնունդը խորհրդանշող մսուրով։
Սրբազան հայրը այցելելով ցուցահանդէսի տաղաւարները, իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ մասնակիցներուն, քաջալերեց զանոնք եւ մեծապէս գնահատեց կազմակերպող մարմինին խանդավառող եւ յոյս ներշնչող ներդրումը։
Այնուհետեւ, փունջ մը երգերով եւ շարականներով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէյրատարեան-Աւընեանի։ Սրբազան հայրը ներկաներուն հետ ըմբոշխնեց երգչախումբի անդամներուն գեղեցիկ կատարումը եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ անոնց։
Յիշենք, որ հինգ օրերու վրայ երկարող փառատօնին, այլ երգչախումբերու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Սպենդիարեան» եւ «Արեգակ» երգչախումբերը, որոնք փունջ մը տօնական երգերով ճոխացուցին փառատօնի յայտագիրը, խմբավարութեամբ Մարգարիտ Խաչատուրեան-Պանտաքի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Փառատօնին այցելեցին նաեւ ՍՕ Խաչի Ազգային Պատսպարանի սաները, որոնք շրջելով տաղաւարները, կազմակերպող մարմինին կողմէ կաղանդ պապուկին ձեռամբ նուէրներ ստացան եւ տօնական մթնոլորտի մէջ իրենց դէմքերը յարդարելով զուարճացան։