27 Դեկտեմբերին ելեկտրոնային հարթակին վրայ հրապարակուած է «Դրօշակի» տարեվերջեան համարը: Տրամաբանական է, որ այս թիւը ունի արդէն անցեալ դարձող անհանգիստ տարին ամփոփոխ բովանդակութիւն: Եթէ համարի «Առաջնորդող»ին մէջ շեշտադրուած են քաղաքական իրադարձութիւններու խորապատկերին Հայաստանի իշխանութիւններուն իրականացուցած գործունէութիւնն ու դրսեւորած քաղաքական վարքը, ապա Անի Մելքոնեանի յօդուածը անդրադարձ է հայութեան համար տրամաթիկ ու ողբերգական եղելութիւններով հարուստ ժամանակահատուածի կարեւոր իրադարձութիւններուն:
Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան քաղաքական իրականութեան կ’անդրադառնայ բանակցային գործընթացներու տեսանկիւնէն: Քաղաքագէտի եզրակացութիւնն է, որ կը սպասուի ոչ պակաս յագեցած ու լարուած տարի, եւ թէ անիկա ինչ ազդեցութիւն կ’ունենայ Հայաստանեան ու Արցախեան հարցերուն վրայ մեծապէս պայմանաւորուած պիտի ըլլայ անով, թէ Հայաստանի օրուան ղեկավարութիւնը ինչպէս պիտի դրսեւորէ հայութեան կենսական շահերը շօշափող՝ գալիք մարտահրաւէրներուն յանդիման:
Իրանագէտներ Լիանա Պետրոսեանն ու Նարէ Գէորգեան անդրադարձած են համապատասխանաբար Հայաստան-Ռուսիա-Իրան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա փոխյարաբերութիւններուն եւ երկիրներու միջեւ տեղի ունեցած գործընթացներուն անցնող տարուան ընթացքին:
Արեւելագէտ Արմէն Պետրոսեանի ուշադրության առանցքն է Մերձաւոր Արեւելքի 2023 թուականը: Ինչպէս յայտնի է այս տարածաշրջանին մէջ նոյնպէս տեղի ունեցան որքան բուռն նոյնքան եւ անակնկալ իրադարձութններ: Ի դէմս Իսրայէլա-պաղեստինեան պատերազմին տարածաշրջանը կը շարունակէ յիշեցնել եռացող կաթսան՝ կանխատեսելի ու ամենաանկանխատեսելի զարգացումներով:
Ներազգային կեանքին համար տարին յատկանշական էր մասնաւորապէս անով, որ ամբողջացաւ ազգային կեանքին մէջ իր վաստակած պատուավոր տեղը հաստատած «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95 ամյակը: Թէեւ Արցախին պատուհասած ողբերգութիւնն ու Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող մտահոգիչ երեւոյթները իրենց մռայլ շուքը նետած էին համահայկական ընդհանուր կեանքին վրայ, այնուամենայնիւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ հայութիւնը անդրադարձաւ այս տարեդարձին: Համազգայինի 95-ամեակին անդրադարձած է նաեւ ճարտարապետ, գրող եւ խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեան։ «Դրօշակին» այս անգամ տրամադրած յօդուածը արժանաւորած է «Համազգայինի» հիմնադրութեան ու հիմնադիրներուն, ինչպէս եւ անդրադարձ է ազգային այս կարեւոր կառոյցի ներկային ու անոր չընդհատուող առաքելութեան:
Դշնակցութեան աւագագոյն պաշտօնաթերթի այս համարին մէջ տեղ գտած են նաև բնապահպանական, պատմական եւ գաղափարական բնոյթի ուշագրաւ այլ յօդուածներ: