– Արեւ, լուսին, ժապաւէն…
Թաղը թնդացնող խանդավառութեամբ եւ առանց յոգնելու, թութակի պէս կ՛արտասանէինք այս բառերը եւ պարանը կը դարձնէինք երկու հոգիով, երրորդ մըն ալ կը ցատկէր, մինչեւ որ ոտքը կախուէր պարանին եւ «մեռնէր»։
Եւ այսպէս շարունակաբար կը ցատկէինք, կը մեռնէինք, կրկին ապրելու եւ պարանին խաղը վայելելու համար։
Աղջիկներուն յատուկ այս խաղը կը խանգարէին տղաքը, կը քաշէին պարանը մեր ձեռքէն, կը ճչայինք, կու լայինք, կը գանգատէինք մեր մայրերուն, մինչեւ որ հեռանային, սակայն անոնք հեռուէն կը դիտէին մեզ, կ՛ուզէին մեր ուշադրութիւնը գրաւել, քիչ մըն ալ գերակայութիւն զգալ, չէ՞ որ տղաք են եւ մեզմէ զօրաւոր։
Պարզութեամբ յատկանշուող մեր խաղերը հաճելի էին եւ հասարակաց նկարագիր ունէին, բոլորս նոյն խաղերով կ՛աճէինք, Հալէպի Նոր Գիւղի թաղերուն երեխաները իրարմէ չէին տարբերեր իրենց արտաքինով, հագուստով եւ նկարագրով։
Ոչ մէկ ճոխութիւն եւ ձեւականութիւն, մեր մտահորիզոնը կը կերտուէր մեր տարիքին բնորոշ զբաղումներով, հեռատեսիլ իսկ չունէինք, բայց արտաքին աշխարհին հետ մեր կապը կը զարգանար բնազդական մղումներով։
Մեր խաղերը մեր թաղերուն դրոշմը կը կրէին, գետինը կաւիճով քառակուսիներ կը գծէինք եւ գիծ կը խաղայինք, մէկ ոտքի վրայ ցատկելով կը հրէինք կօշիկի կրունկը, մինչեւ որ հասցնէինք վերջին քառակուսիին, կը պարտուէինք, երբ կրունկը գիծի մը վրայ կենար։
Երբ կը յոգնէինք ցատկռտելէն, հարս-հարս կը խաղայինք, մեզմէ մէկուն գլուխը շղարշով կը զարդարէինք, հարսը կը հագնէր մօրը կօշիկները, եւ բակին մէջ կը քալէր նազանքով ու ամօթխածութեամբ, այս խաղին ներկայ կ՛ըլլային մեր մայրերը, հեռանկարներ եւ երազներ կը հիւսուէին՝ առանց փեսաներու։
Իսկ մեր պարպիները այնքա՜ն նախնական էին, որքան մեր խաղերը. լաթէ պուպրիկներ ունէինք, որոնք ճերմակ կտորէ կարուած էին եւ բամպակով լեցուած, մայրական բնազդին յագուրդ տուող այդ պուպրիկները մեր մտերիմներն էին եւ անբաժան ընկերուհիները։
Երբ յոգնէինք, մօտակայ խանութէն ծեծուած մուրկի (լէպլէպուի) թթուով խառն փոշի կը գնէինք եւ կ՛ուտէինք, փոշին կոնաձեւ թուղթերու մէջ դրուած կ՛ըլլար, կ՛արժէր քանի մը ղրուշ միայն, իսկ շաքարեղէնը ախորժաբեր էր եւ համեղ, վստահաբար կը յիշէք մանիշակագոյն, կարմիր, դեղին շաքարները։
Որքան մօտենամ մանկութեանս, այնքան պարզութեան համն ու հոտը կը զգամ։ Արհեստագիտութիւն կոչեցին, խլեցին մանկութեան հարազատութիւնը։
Չունէինք շռայլութիւն, սակայն ունէինք առողջ մանկութիւն, քիչ-քիչ աճող հասունութիւն,
Զուլալ մտահորիզոն,
Վաղուան երազանքով մեծցող փայլուն աչուկներ,
Արեւոտ երկինք
Երազկոտ լուսին
Գունագեղ ժապաւէն։
Արաքս Փիլաւճեան