Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով լրատուամիջոցներուն ըսած է, թէ կ’ակնկալուի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման յանձնաժողովներու հերթական հանդիպումը տեղի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։
Պայրամովի խոսքին համաձայն. «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու յետհարցերու կարգաւորման հետ առնչուած կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը պետական սահմանի որոշման հարցն է»։
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումը 30 Նոյեմբերին էր Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ։