Այսօր՝ 28 Յունուարին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը յիշատակէ Բանակի օրը, ՀՀ ԶՈւ 32-րդ տարեդարձը։ 1992թ. այս օրի ընդունուեցաւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մասին հրամանագիրը, ՀՀ տօնացոյցին մէջ 28 Յունուարը ներառուեցաւ 2001 թուականի 6 Յունուարին, այսպիսով ՀՀ Բանակի օրը Հայաստանի մէջ կը յիշատակուի արդէն 20-րդ անգամ։
28 Յունուարը ոչ-աշխատանքային սահմանուեցաւ 2002-էն ի վեր։
Մինչեւ ՀՀ Զինուած Ուժերու ձեւավորումը, Արցախեան ճակատին վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին դէմ կը դնէին շուրջ 80 կամաւորական ջոկատներ, նաեւ կը պաշտպանէին Հայաստանի սահմանները։
Հայկական բանակի ստեղծման ու կայացման փուլերը զուգահեռաբար ընթացան ՀՀ պետականութեան կազմաւորման ու ամրապնդման հետ։ Բանակը այսօր ալ, մեծաթիւ փորձագէտներու համոզմամբ, կը համարուի Հայաստանի ամենակայացած պետական կառոյցը։
ՀՀ Ազգային բանակին համար ամենադժուարին, բայցեւ հերոսական փուլը Յունիս 1992-էն – Մայիս 1994-ի ժամանակահատուածն էր, երբ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնները թէեւ միացում չյայտարարած, բայց Ատրպէյճանի հետ փաստացի պատերազմի մէջ էին։ Բանակը ոչ միայն ստեղծուեցաւ ու կայացաւ, այլեւ թրծուելով Արցախեան պատերազմի կրակներուն մէջ, պաշտպանեց ու ազատագրեց պատմական հայրենիքի զգալի մասը, հակառակորդին հարկադրելով զինադադար հայցել, ապա երեք կողմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ ստորագրուեցաւ Մայիս 1994-ին՝ Պիշքեքի մէջ, եւ քանի մը օր անց՝ 12 Մայիսին, ուժի մէջ մտաւ։
Այնուհետեւ, բոլոր այս տարիներուն Ատրպէյճան գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ խախտած է հրադադարը, պարբերաբար ներթափանցման փորձեր ձեռնարկած։ Այդ շարքին մէջ կ՚առանձնանան 2016 թուականի ապրիլեան ռազմական գործողութիւնները, որոնք առաւելապէս ծանօթ են Քառօրեայ պատերազմ անունով։
Այդ օրերուն Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումներուն դիմակայելու եւ հակառակորդին ետ շպրտելու գործը ամբողջութեամբ իրականացուց Հայկական բանակը։ Հայկական բնակավայրերու պաշտպանութեան այդ հերոսական օրերուն արագօրէն կազմաւորուած ու ճակատ մեկնած կամաւորական ջոկատները պարզապէս չհասցուցին մասնակցիլ ռազմական գործողութիւններուն, բայց դարձան համազգային համախմբումով Բանակի կողքին կանգնելու ամենատպաւորիչ վկայութիւնը։
Հայկական բանակը նաև կոփուած է պատերազմներու մէջ: Հակառակ երիտասարդ տարիքին, Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը անցած են երեք պատերազմով: Արցախեան առաջին պատերազմին տարած յաղթանակէն ետք, հայ զինուորն ու կամաւորը նոյն հերոսական սխրանքները գործեցին նաև Ապրիլ 2016-ին, երբ վերջ դրին Ատրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ ռազմական գործողութիւններուն:
27պսեպտեմբեր է 2020-էն մինչև 10 Նոյեմբեր Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի ընթացքիպ, ինչպէս նաև Սեպտեմբեր 2022-ին Ատրպէյճանի կողմէ 12-13 Սեպտեմբերին Հայաստանի վրայ յարձակման ընթացքին ևս Զինուած ուժերու ծառայողները անօրինակ սխրանքներ գործեցին՝ պաշտպանելով հայրենիքի սահմանները, չխնայելով սեփական կեանքը: Շուրջ երեք տասնամեակներու ընթացքին երեք պատերազմով անցած բանակի ուսերուն այժմ առաւել մեծ պատասխանատւութիւն դրուած է:
Հայոց բանակը եղած է և կը մնայ անառիկ սահմաններու և անվտանգութեան երաշխաւորը:
Շնորհաւոր տօնդ, Հայկակա՛ն բանակ։