Յաջակցութիւն Արցախի՝ «Եւրոպացիները՝ Յանուն Արցախի» հարթակի նախաձեռնութեամբ 27 եւ 28 Յունուարին եւրոպական տասնչորս երկիրներու աւելի քան յիսուն քաղաքներու մէջ տեղի կ’ունենան տարբեր նախաձեռնութիւններ։
Նախաձեռնութիւններուն մասնակցած են Եւրոպայի հայութիւնը եւ տասնեակ եւրոպական կազմակերպութիւններ, որոնք իրենց ազգային կառավարութիւններուն եւ համաեւրոպական ղեկավար կառոյցներուն իրենց պահանջն ու յորդորը պիտի ներկայացնեն։
Այդ առիթով Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի չորս խմբակցութիւններ ուղերձ յղած են նախաձեռնութիւններու մասնակիցներուն: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Այն ամէնը, ինչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ 2020_ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութեամբ, ունի մէկ անուանում՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակներէն սկիզբ առած թրքական յանցաւոր ծրագիրներու շարունակութիւն: 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու գործողութիւնները կրկնուեցան մեր օրերուն, բայց մէկ, չնչին տարբերութեամբ՝ առաջատար դեր վերապահելով Ատրպէյճանին:
Հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայկական Արցախը, որ մշտապէս դիմակայած է տարբեր հրոսակախումբերու ասպատակութիւններու, 21-րդ դարուն, միջազգային իրաւունքի անտեսման պայմաններուն տակ դէմ հանդիման կանգնեցաւ ատրպէյճանա-թրքական ուժերու կողմէն 2020 Սեպտեմբերին պարտադրուած պատերազմին, բազում զրկանքներ կրեց 9-ամսեայ համընդհանուր շրջափակման օրերուն եւ հրեշաւոր ահաբեկչութեան ճամբով 2023 Սեպտեմբերին ենթարկեւեցաւ ցեղային զտումի: Իրականացուող ցեղասպանութեան ու անոր սպառնալիքին տակ 120 հազար արցախցի հայեր ստիպուած էին հեռանալ իրենց բնօրրանէն՝ ձգելով նախնիներու հարուստ պատմա-մշակութային ժառանգութիւնը, քրիստոնէական սրբավայրերը եւ սեփական օճախները:
Հայերու հանդէպ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ատելութիւնն ու թշնամանքը տասնամեակներ շարունակ իր արտացոլումը գտած է Սումկայիթէն մինչեւ Մարաղա՝ հայաշատ բնակավայրերուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերու, ոճրագործութիւններու միջոցով: Եւ այն իրողութիւնը, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները կը շարունակեն գերեվարուած մնալ Պաքուի բանտերուն մէջ, կը հաստատէ այդ երկրի պաշտօնական շրջանակներու կողմէն հակահայկական քաղաքականութիւնը շարունակելու մտադրութիւնները:
Եւրոպայի 14 երկիրներու 50-էն աւելի քաղաքներուն մէջ յաջակցութիւն Արցախի նախատեսուող նախաձեռնութիւնները, վերը նկարագրուած աղէտալի պայմաններուն մէջ յոյս ներշնչող բացառիկ ազդակներ են: «Եւրոպացիները՝ Յանուն Արցախի» հարթակի կողմէն կազմակերպուած հերթական նախաձեռնութիւնը միաւորած է Եւրոպայի մէջ ապրող մեր այն հայրենակիցները, որոնց համար Արցախը տարիներ ի վեր եղած է ոգեշնչման աղբիւր, հարիւրաւոր կազմակերպութիւններու, որոնք տարիներ շարունակ աշխատած են Արցախի միջազգային հեղինակութիւնը բարձր պահելու եւ տեսանելի դարձնելու ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները, արտայայտելով ծանր ու բարդ իրավիճակին մէջ յայտնուած արցախահայութեան տրամադրութիւնները, բռնատեղահանուած ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնած են այն հոգատարութեան եւ աջակցելու պատրաստակամութեան համար, որ ցուցաբերած են հարիւրաւոր եւրոպական կազմակերպութիւններ՝ Արցախին օժանդակելու նպատակին շուրջ օրակարգ ձեւաւորելու մեծածաւալ աշխատանքի միջոցով:
Մենք շնորհակալ ենք նաեւ եւրոպացի մեր բոլոր բարեկամներուն, որոնք տեւականօրէն պաշտպանած են Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ ինքնիշխան պետութիւն կառուցելու մեր իրաւունքը:
Մեծ եռանդով կը միանանք արդարացիօրէն ցանկագրուած այն յորդորներուն ու պահանջներուն, որոնք ուղղուած են ձեր նստավայր երկիրներու կառավարութիւններուն ու համաեւրոպական ղեկավար կառոյցներուն:
Խորապէս համոզուած ենք, որ համազգային համախմբումը եւ անոր սահմաններու ընդլայնումը, Հայրենիքին մէջ պահանջուած ու սպասուող աշխատանքի իրականացման հետ մէկտեղ կրնան ստեղծել այն նախադրեալները, որոնք անհրաժեշտ են մեր գլխաւոր հարցին՝ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը իրականացնելու համար:
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորիս՝ պատմական այդ առաքելութեան իրականացման ճանապարհին:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններ՝
«Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ»,
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն»,
Արցախի «Արդարութիւն»,
«Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն»
27 Յունուար 2024թ.