Նախաբան
Ընդհանրապէս երբ Վարդանանց տօնակատարութիւն տեղի ունենայ, օրուան նիւթը կը սահմանուի 451 թուականի 2 Յունիսին տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտով: Երբ դիտարկենք եւ քննարկենք պատահարը ազգային-ռազմավարական դիտանկիւններէ, կը նկատենք, որ Վարդանանցը՝ պատերազմ մըն է եւ չի սահմանուիր 451-ի Աւարայրի ճակատամարտով: Պատերազմը երկարած էր ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վրայ: Պատերազմական ժամանակաշրջանը սկիզբ առած էր 404-ի հայոց գիրերու գիւտով, հասնելով դէպի Աւարայրի ճակատամարտ եւ լրումին հասնելով 484-ի Նաուարսակի դաշինքով: Պատերազմեան ժամանակաշրջանի հերոսները հանդիսացան՝ Սահակ-Մեսրոպը, Վարդանն ու Վահանը:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Պատերազմի առաջին շրջանը սկիզբ առաւ զուգահեռաբար հայ գիրերու գիւտի հրաշքին իրագործման հետ, 404 թուին: Գիրերու գիւտը յստակ դեր ունէր ամբողջ մարդկութեան պատմական, գիտական եւ քաղաքական մտքերն ու արժէքները հայ ժողովուրդի սրտէն ու մտքէն ներս մուտք գործելուն հետ, շնորհիւ գրաւոր խօսքին: Այս գիւտով ամբողջ մարդկային մտքի մտածողութիւնն ու գանձարանը կը դառնային հայոց սեփականութիւնը՝ հայանալէ ետք հայ հանճարներու ստեղծած արժանիքներով: Հայ գրականութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդը ստացաւ նոր գաղափարական՝ «Ընդդիմանալ օտարին լուծին յանուն գոյութեան ու ազատագրական պայքարի հզօր գաղափարախօսութեան նախադրեալներ մշակել»:
Պատահածը յեղափոխութիւն էր: Մեսրոպ Մաշտոց չբաւարարուեցաւ իր ժամանակը յեղափոխելով, այլ յեղափոխեց իր ժամանակի հայութեան անցեալը, ներկան ու ապագան ամբողջովին:
Մեր պատմութիւնը նոյնանման մեծագործութիւն չունի եւ չի ճանչնար: Տեղի ունեցած մեծագործութիւնը կարելի չէ դիտել ժամանակահատուածային տեսանկիւնէ, այլ բազմանկիւնէ՝ ի՞նչ կար, ի՞նչ եղաւ եւ ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ:
Նախ, Սահակ եւ Մեսրոպ դպրոցներ հիմնեցին Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Զոյգ հիմնադիրները իրենց այս որոշումով լուրջ պատերազմ յայտարարեցին հինաւուրց իրականութեան դէմ: Ահա թէ ի՛նչ կը պատահէր Հայաստանի մէջ, նոր ինքնութիւն մը կը ծնէր եւ կը յառաջանար Մեսրոպեան դպրոցներուն միջոցաւ՝ հայ-քրիստոնեայ:
Մինչ Մեսրոպ եւ Սահակ կը քակէին «բերնի կապը», կը պարտկէին խաւարը եւ կը լուսաւորէին ազգը, անգիր մնացած եւ երեխայ դարձած ժողովուրդը կը հզօրանար գիրի ու Քրիստոսի լոյսով: Մեսրոպեան դպրոցի սաները լոյսի ջահակիրներ պիտի ըլլային: Մեսրոպ իր աշակերտներէն երկու խումբ ուղարկեց դէպի Արեւմուտք, անոնք վերադառնալով արեւմտեան գիտութիւնները կրած իրենց հետ բերին Հայաստան: Աշակերտները նախ թարգմանեցին Սուրբ Գիրքը, որ կոչուեցաւ «Թարգմանութիւններու Թագուհին», ապա եկեղեցական արարողութիւնները: Անոնք ունեցան անձնական հեղինակային գործեր.-
Եզնիկ Կողբացին բարձրորակ հայերէնով գրեց «Եղծ Աղանդոց»-ը: Կորիւն Վարդապետ՝ Ս. Մեսրոպի վարքը:
Մովսէս Խորենացի՝ հայ ընդհանուր պատմութիւնը:
Եղիշէ Վարդապետ՝ «Վարդանանց Պատերազմը»:
Դաւիթ Անյաղթ՝ փիլիսոփայութիւն:
Ագաթանգեղոս՝ պատմութիւն:
Ղազար Փարպեցի՝ Վահան Մամիկոնեանի պատերազմները:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
415 թուին, պարսից թագաւորի՝ Վռամի մահէն ետք, անոր որդին՝ Յազկերտ Ա. կը ստանձնէ գահը (415-419թ.): Յազկերտ Ա. իր թագաւորութեան վերջին տարիներուն նկատեց, թէ ինչ կը կատարուէր Հայաստանի մէջ շնորհիւ Վռամշապուհ թագաւորի վարած իմաստուն քաղաքականութեան: Վ. Թագաւորի մահէն ետք, հայերը չկարողացան պարսկական սուրի աչքէն թաքցնել Մեսրոպեսն արթնութիւնը: Ըստ Ղազար Փարպեցիին. «Պարսիկները շատ լաւ գիտէին, թէ Պարսկաստանի շահերուն համար որքա՜ն վտանգաւոր էր Մեսրոպեան շարժումը: Յազկերտ Ա. Արշակունեաց Խոսրով թագաւորի մահէն ետք իր որդին՝ Շապուհը հայոց թագաւոր նշանակեց (415-419թ.): 420 թուին, Վռամը (ճանչցուած՝ Բահրամ Գուր) ստանձնեց պարսից գահը եւ Արտաշիրը Հայաստանի թագաւոր հռչակեց: Վռամը պարտութիւն կրելով յոյներուն դէմ, դաշինքի մէջ յանձն առաւ քրիստոնեաները հալածելէ դադրիլ: Վռամ իր վարչապետի՝ Միհրներսէհի խորհուրդով վճռեց ջնջել հայոց թագաւորութիւնը: Միհրներսէհ անմիաբան եւ փառամոլ հայ նախարարներու միջոցաւ գահնկեց ըրաւ վերջին Արշակունի ժառանգորդ՝ Արտաշիր թագաւորը (422-428թ.): Հայ նախարարները յայտարարեցին, թէ երբեք թագաւոր չեն ուզեր եւ խնդրեցին պարսիկ իշխանաւոր մը ուղարկել կառավարելու հայոց երկիրը: 429 թուին Հայաստանի վիճակը հետեւեալն էր.- թագազուրկ թագաւոր (Արտաշիր Արշակունի), անաթոռ կաթողիկոս (Սահակ Պարթեւ) եւ անմիաբան նախարարներ (բաժնուած երկու մասերու՝ պարսկամետ եւ հակա-պարսկամետ): Նոյն շրջանին կար կեղծ կաթողիկոս (Սուրմակ) նշանակուած պարսիկներուն կողմէն եւ պարսիկ մարզպան մը բեռնաւորուած ընծաներով:
Հայոց վիճակը հետաքրքրական էր: Մեսրոպեան վերածնունդին զուգահեռ կապուած էր քաղաքական անկումը: Միհրներսէհի ռազմավարութիւնը յստակ էր՝ առաջին թիրախը թագաւորական գահն էր, իսկ երկրորդը – աւելի դժուարը- հայ եկեղեցին: 439 թուին, սասանեան գահ բարձրացաւ Բահրամ Գուրի որդին՝ Յազկերտ Բ.-ը (439-457թ.): Սկիզբը ըսաւ, որ քննուին կրօնները եւ ընտրուի լաւագոյնը որպէս պետական կրօն: Պարսից թագաւորի վերջին որոշումով տեղի կ’ունենայ կրօնի վիճաբանութիւն տիրոջ եւ հպատակներուն միջեւ: Յազկերտ Բ. առաջարկեց հայերուն ընդունիլ «մազկեզականութիւն»ը որպէս կրօն եւ ուրանալ քրիստոնէութիւնը:
Արտաշատի մէջ ժողով մը գումարուեցաւ (եկեղեցական դասը, նախարարներն ու ժողովուրդը): Ժողովը կտրուկ եւ համարձակ մերժեց Յազկերտ Բ.-ի առաջարկը: Հայերը՝ իբրեւ հպատակներ իրենց հնազանդութիւնը պիտի պահէին եւ պարտականութիւնները լիովին կատարէին: Հայերու հնազանդութիւնը պիտի չխանգարէր մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութիւնը: Հայոց պատասխանը արեւելեան չափանիշով կը նկատուէր յանդուգն եւ աններելի ըմբոստութեան ապացոյց: Հայերու պատասխանն էր «Քու սուրդ եւ մեր պարանոցը»:
451 թուի Աւարայրի օրը պատմական եւ աննախադէպ օր էր: Աւարայրի օրը կը դրոշմէր հայ ժողովուրդի սիրտը եւ կը դառնար ամենաբարձր եւ ամենանուիրական պաշտամունք: Հայոց ամբողջ անցեալին մէջ չկայ ուրիշ օր մը, որ այդ օրուան հմայքը ունի կամ կ’ունենայ:
Վարդանի վիճակը ծանր էր: Պարսկական ծրագիրը յստակ էր, որ կը յենէր եղբայրասպանութեան վրայ, միեւնոյն ազգի երկու մասերու փոխադարձ ոչնչացում: Վարդան ընդդէմ Վասակին, որ իր հաւատարմութիւնը լաւապէս ապացուցելու համար պարսիկներուն պիտի պատերազմէր իր եղբայրներուն դէմ:
Առաւօտուն սկսաւ մարտը: Հայ մարտիկները ամէն ինչ մոռցած մխրճուեցան մարտի մէջ, որ ցոյց տան պարսիկներուն հայ ժողովուրդի ինքնաճանաչման ամբողջ, բուռն թափը: Վարդան վաղուց կը ձգտէր մարտիրոսութեան: Արիւնով կը գրուէին պատմութեան նոր էջեր եւ մեծ եղելութիւններ: Տղմուտի ափին հայ արիւնը կը ճեղքէր ժամանակաշրջանը՝ անցեալը (խաւարն ու հեթանոսութիւնը) կը մերժէր անվերադառնալի կերպով: Այդ հոսող արիւնը կը հաստատէր նոր ներկան՝ հայ քրիստոնեան: Հայոց մարտիրոսութիւնը կը դառնար առաջաւոր պահակը Ասիոյ խոր անկիւնին մէջ: Այս մկրտութիւնը չափազանց սուղ էր հայոց համար: Երկիրը կորսնցուցած էր իր անդորրութիւնը, քաղաքական ուժը ոչնչացած էր եւ լքման ու կազմալծութեան շրջան մը կը տիրէր այնտեղ, հետեւաբար հայերը անհաշիւ վնասներ կրեցին:
Արդեօ՞ք հարկաւոր էին բոլոր այս վնասներն ու աւերները: Այո, այդ բոլորը կարեւոր էին, ոչ թէ քաղաքականութեան եւ փառքի համար, այլ բարձր հեղինակութեան ստեղծման համար, զորս պիտի դառնար հայ ժողովուրդի դարաւոր ուղեցոյց մը մտաւոր ինքնութեան եւ մտաւոր անկախութեան համար՝ որպէս հայ-քրիստոնեաներ:
Ամէն ինչ կորած չէր, աւերակներու տակ կայծեր մնացած էին: Քրիստոնէութիւնը թաքուն կրօն էր, սարերն ու անտառները քաշուած էր ինչ որ մնացած էր լուսաւորութեան եւ գրականութեան փայլքի ժամանակէն: Ահա թէ ուր էին թաքնուած կայծերը:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Աւարայրի ճակատամարտէն 30 տարի անցած, Հայաստան դարձեալ ապստամբութեան դրութեան մէջ էր: Մամիկոնեան տոհմը դարձեալ շարժակ հանդիսացաւ այդ շարժումին, որ կը շարունակէր պայքարը խաւարին եւ բռնութեան դէմ: Վահան Մամիկոնեան դարձեալ վառեց իր տան մարած ճրագը եւ վերստին ուղղուեցաւ դէպի նահատակութիւն: Վահանը թեթեւ արագաշարժ խումբեր կազմեց, որ արշաւներ կը գործէր անհանգստացնելով պարսիկները: Վահան կազմակերպեց մանր, յամառ ժողովրդական մարտեր՝ չկրկնելով Վարդանի սխալը՝ լարելով ու սպառելով երկրի բոլոր ուժերը: Ան լաւ ըմբռնած էր, թէ թոյլ եւ խեղճ երկիր մը միայն այսպէս կրնար կռուիլ:
4 տարի հայերը այս եղանակով կռուեցան: Վահանը հօրեղբորմէն աւելի բախտաւոր էր: Ան միմիայն այդ մանր յաղթանակներով չկերտեց յաղթանակը, քաղաքական հանգամանքներն ալ օգնեցին անոր:
Պարսկաստան կրնար ջնջել ապստամբութիւնը: Օրին պարսից թագաւոր՝ Պերուզը պատերազմի բռնուեցաւ հեփթախներուն հետ (484թ.) եւ հոն վերջ դրուեցաւ իր կեանքին: Պերուզի յաջորդեց Վաղարշը, որ մոգերու եւ ազնուականներու հակառակ էր եւ համաձայն չէր կրօնական պատերազմը շարունակել հայերուն դէմ: Նոր թագաւորը ունէր ուրիշ հոգեր, երբ ներքին հարցեր ծագած էին Պարսկաստանի մէջ, ուր հեփթախներու արշաւանքով դատարկուած էր երկրին գանձարանը:
Իրապաշտ ըլլալու համար՝ նախքին հանգամանքերը տեսնելէ ետք, չենք կրնար արժեզրկել Վահանի մեծ դերը, որուն անմիջական արդիւնքը պիտի ըլլար խաղաղութիւնը: Եթէ ապստամբութիւններ չըլլային եւ զինեալ ու արիւնով մկրտուած բողոքներ չպահպանուէին պարսիկ բռնակալութեան դէմ, Վաղարշ թագաւոր որեւէ մէկ ձեւով պիտի չմտածէր խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ, ի վերջոյ սասանեան բռնակալ մըն էր:
Հեր գաւառի՝ Նուարսակի մէջ հայ եւ պարսիկ լիզօրներ մշակեցին հաշտութեան պայմանագիր մը: Հայերը չէին մտածեր պարսիկ հպատակութենէն ազատիլ, այլ կը պահանջէին իրաւունքներ եւ արդարութիւն որոնք ձեւակերպուեցան հետեւեալ կէտերուն մէջ.-
Ա) Կրօնական ազատութիւն:
Բ) Մազտեզականութիւնը կը վերցուի Հայաստանէն:
Գ) Ուրացողները պաշտօն պիտի չունենան:
Դ) Առանց օրինաւոր դատաստանի յանցնաւորներ պիտի չդատապարտուին:
Թանձրամիտ Ասիոյ մէջ այսպիսի մարդկային ազատութեան նուիրուած դաշինք մը առաջին անգամ կը գրուէր Հայաստանի մէջ:
Վերջաբան
Այսպէս աւարտեցաւ 5-րդ դարու շարժումը: 80 տարուան շրջան մը սկսած հայոց տառերու գիւտով (404թ.) եւ հասած Նուարսակի պայմանագրին (484թ.): Հայ ժողովուրդը 40 տարի սորվեցաւ տարերու գիւտը, իսկ 35 տարիներ շարունակ պաշտպանեց իր ստացուածքը սուրով, արիւնով եւ տանջանքներով:
Վերջապէս, որքա՜ն նման են անցեալն ու ներկան: Այսօ՛ր դարձեալ բարոյալքման շրջան մը կ’ապրինք, ուր անհաշիւ վնասներ կրած ենք: Մեր ապրած իրավիճակին մէջ իսկ ամէն բան կորած չէ: Պատմութեան աւերակներուն տակ կան թաքնուած կայծեր զորս պիտի շանթահարեն: Պիտի ունենանք նոր Վահաններ, որոնք պիտի տապալեն նոր Յազկերտներ եւ ունենանք նոր յաղթանակներ:
Փառք եւ պատիւ Սրբոցն Վարդանանց Հերոսներուն:
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
Հ. Վահան Յովհաննէսեան, «Պատմութիւն Հայոց» (Գ. Տպագրութիւն), Վենետիկ-Ս.Ղազար
Լէօ, «Մեսրոպ Մաշտոց» (1904), վերատպուած՝ Երեւան 1962:
Դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան
Աթէնք