(Գ. ՄԱՍ)
Նպատակս չէ «Հալէպի ողբերգութիւն» գիրքին կամ յիշուած հայերէն թէ արաբերէն գիրքերուն, յօդուածներուն մասին գրախօսականներ գրել, կամ վիրաւոր Հալէպի նկարագրութիւնները վերակոչել, ապրուած ողբերգութիւնները վերարտադրել։
Պարզապէս վերոյիշեալ հատորներուն, յուշագրութիւններուն, յօդուածներուն բովանդակութիւնը, եւ մանաւանդ իբրեւ հալէպահայ՝ տագնապի օրերու վկայութիւնս, կենսափորձս մտքի առկայծում մը բռնկեցուցին հաւաքուած մտածումներուս, քանի մը բարդ ծալքեր, երեւոյթներ ընդգծելու, որոշ համեստ խոկումներ արձանագրելու։
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԻԳԱՄԱԾ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՏԱՊ ՕՐԱԿԱՐԳԸ
Փորձեցի փլուզումի եզրին հասնող, օր ցերեկով կենսունակ եւ ինքնավարութեամբ յատկանշուող կայուն կաղնիի նման սուրիահայ գաղութին հոգեվարքի իրավիճակին հասնող համայնքին էութենական դրուածքին մասին հարթակ մը պեղել։ Դէպի ճգնաժամային վիճակին գլորուող, հալէպահայութեան տագնապի մասին հաւաքագրող, փաստագրող, ամրագրող, տեղեկութիւններով հարուստ հաւաքածոյ աղբիւրի մը կայքէջ մը գտնել, ի վերջոյ հաւաքական մեր հաւաստի տեսակէտը, լրահոսը, խօսքը եւ խորհուրդը կարդալ, հեռու դիմատետրային հաղորդակցութիւններէ։ Վերոյիշեալ լուսանկարներու հատորին նմանող, տագնապ ապրած Սուրիոյ հայ համայնքի մասին հրապարակուած լուսանկարներ, հայերէնով արժանահաւատ տեղեկագիրներ փնտռել։
Ինչպէ՞ս տեղեկութիւններ չփնտռել ու չանդրադառնալ Սուրիոյ տագնապի տարիներուն՝ հայ մարդուժի հսկայական կորուստներուն, սուրիահայ նահատակներուն, զոհուած հայ զինուորներուն, անսիրտ դիպուկահարներու փամփուշտներով սպանուածներուն, անվերադարձ առեւանգուածներուն, անյայտ պայմաններով եւ պատճառներով կորածներուն։ Ինչպէ՞ս չպեղել տնտեսական վիթխարի կորուստները, հայ աշխատուժի քանդումը, որ իր ներգործող պիտանի դերակատարութիւնը ունեցած է Սուրիոյ արհեստագիտութեան վերելքին, Հալէպի հայկական թաղամասերու մէջ եւ մանաւանդ Սուրիոյ տնտեսական բազկերակը նկատուող Հալէպի արհեստանոցներու եւ արդիւնաբերութեան հանրահռչակ ոստանի մէջ հարիւրաւոր հայ արհեստաւորներու փոքր եւ մեծ արհեստանոցներու եւ գործատեղիներու, մթերանոցներու ռմբակոծումները, քանդումները, թալանումը, որոնք պատճառ դարձան անհաւատալի գումարներու փճացումին, հայ դրամատէրերու սնանկացումին, գործարար շրջանակներու անվերականգնելի տնտեսական ու նիւթական ուժաթափումի, արդիւնաբեր մարդուժի, արհեստաւորներու եւ աշխատուժի համակարգերու անարդար եւ անմեկնելի կազմալուծումին։
Անժխտելի է, որ պատերազմի քաոսային իրավիճակի տեւողութեան, ո՛չ միայն տեղացի, այլ նաեւ հայ սեփականատէրերուն, բազմահազար հայ արհեստաւորներու պատկանող խանութներուն եւ մանաւանդ աշխատանոցներուն կողոպուտի անհաշիւ թալանումը ընթացաւ ո՛չ միայն հակապետական, ահաբեկչական եւ ընդդիմադիր խմբակներու կողմէ, այլ յաճախ իրականացաւ աշխարհազօրային միաւորներու մասնակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ։
Ուզեցի պեղել նաեւ արտագաղթած հայ մարդուժի թուային պատկերը, տոհմական անուանացանկերու, անվերականգնելի կորուստներու, կալուածներու աղիւսակներու եւ յատկապէս օրէ օր, տարիներու սահանքին հետ մեր հաւաքական եւ պատմական միգամած յիշողութենէն մոռցուիլ փորձող տուեալներու, տեղեկութիւններու շտեմարան մը գտնել։
Բնականաբար ամէնագէտ համացանցի ովկիանոսին մէջ երկար փնտռտուքի լծուեցայ, ուզեցի ճղակտոր դարձած, բայց արմատախիլ չեղած հալէպահայ համայնքի խոշտանգումներու եւ ճակատագրական խորտակումի պայմաններու մէջ յայտնուած հայութեան տագնապի մասին մանրամասնութիւններ բովանդակող համացանցային հարթակ մը գտնել։ Բայց ապարդիւն էր փնտռտուքս։
Սուրիոյ տագնապի ուժգին հարուածէն ետք, յետպատերազմի՝ անբաղձալի, երբեմն ալ անյոյս, անորոշութեամբ թաթաւուն, երկրի շարունակուող շրջափակման, տնտեսական պատժամիջոցներու, Սուրիոյ բնական հարստութիւններու յափշտակման, կազմաքանդումի եւ յուսաբեկութեան յայտնուած իրավիճակ մը կը տիրէ ներկայիս: Տագնապի կցորդող Գորդեան հանգոյցի բարդ եւ դժուարալոյծ այս ըմբռնելի իրավիճակին մէջ, յատկապէս Փետրուար 2023-ի աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքներով ներկայիս հասանելի չէ Բերիոյ Հայոց Թեմի անցեալի ժրաջան ու մշտաթարմ կայքէջը, կարելի չէ համայն աշխարհին բացուող ու պատմական սաղարթախիտ Սուրիահայութեան գոյերթը ծանօթացնող, կենսունակ ու հայատրոփ կեանքը արտացոլող կայքէջը ընթերցել [2]։
Բայց բնական է, երբ չկայ հայ Սփիւռքի տագնապները, արտագաղթերը հաւաքագրող մարդաբանութեան (Anthropology) համահայկական հարթակ մը։ Կարելի չէ գտնել վերոյիշեալ անսպասելի կարծուած կամ անկանխատեսուած թուացող Սուրիոյ տագնապէն ետք աշխարհացրիւ շատերուս ակնկալութիւնները բաւարարող նոյնիսկ համասփիւռքեան հայ գաղութներու տեղաշարժերու բովանդակալից կայքէջ մը կարդալ։ Նման համապարփակ գիտելիքներու հայերէնով կամ բազմալեզու արժանահաւատ հարթակ մը չունինք։ Օրակարգ մը, որուն պատմափաստագրական թելադրականութիւնը ուղղորդող այժմէականութիւն է, անուրանալի դաստիարակչական պատգամ մը։ Ուղենշային դիտարկումներ կրնան առաջադրել հայ գաղութներու, հայ փոքրամասնութիւններու, համայնքներու տեղաշարժերուն, տեղափոխութիւններուն, տեղաբաշխումներուն եւ մանաւանդ անկասելի հայաթափումի հետ առնչուած մարտահրաւէրին։
Իրականութիւն է նաեւ, որ Սփիւռքի հայ գաղութներու պատմութեան մէջ Սուրիոյ տագնապը ընդհանրապէս եւ հալէպահայութեան ողբերգութիւնը միակը չէին եւ վերջինը պիտի չըլլան, նոյնիսկ գերուժ (superpower) կարծուած պետութիւններն ու հոն ապրող հայկական համայնքներն ալ զերծ չեն, ենթարկուած են նման տագնապներու։
ԿԱՅԻՆ ՈՒ ՉԿԱՆ, ԱՆԿԱՍԵԼԻ ՏԵՂԱՇԱՐԺԵՐ՝ ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄ
Սփիւռքահայ պատմութեան նորագոյն ժամանակներու մէջ միայն ութսունհինգ տարիներ անցած են հայ փոքրամասնութիւններու առաջին հայաթափումէն, երբ Ֆրանսան 15 Յուլիս 1938 թուին Թուրքիոյ նուիրեց իր հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ տարածքին մաս կազմող Ալեքսանտրէթը (Սանճաք), Սուրիական Լիուաա Իսկենտերունի մարզը։ Այդ մարզէն, Պէյլանի եւ Մուսա լեռան գիւղերէն, հայ բնակչութիւնը Թուրքիոյ իշխանութեան չենթարկուելու համար ձգեց իր դարաւոր բնակավայրերը, տունն ու տեղը, հողերն ու այգիները, կալուածները եւ բռնեց գաղթի ճամբան։ Հայեր լքեցին ամէն ինչ եւ անցան Սուրիոյ իշխանութեան տարածքներ։ Ապագային հայերու տեղաշարժեր տեղի ունեցան այս անգամ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան Ազէզէն, Սալամիէէն եւ հարաւային շրջաններէն։
Արտագաղթեր, տեղաշարժեր տեղի ունեցան նոյնպէս Սփիւռքի զանազան հայ գաղութներէն, իրենց ապրած երկիրներուն մէջ պատահած բազմապիսի տագնապներու պատճառով։ Իսկենտերունի մարզի հայաթափումէն ետք, պարզապէս հաստատելու համար կարելի է վերյիշել հայ փոքրամասնութիւններու զանգուածային տեղաշարժերը, որոնք տեղի ունեցած են տարբեր քանակներով եւ երբեմն տարբեր փուլերով, ինչպէս՝ Յունաստանի (1940-1970), Ռոմանիոյ (1945-1970), Յորդանանի (1950-1970), Կիպրոսի (1955-1970), Իրաքի պատերազմին 2003-ին, Թուրքիոյ, Իրանի, Սուտանի, Պուլկարիոյ, Սուրիոյ (1950-ականերէն ետք), Պաղեստինի, Լիբանանի (1975-1990) սարսափեցնող տեղաշարժերն ու արտագաղթերը, անշուշտ աչքաթող չըլլալով նաեւ Հայաստանէն հսկայ թիւերով արտագաղթերը, մանաւանդ Հայաստանի անկախութենէն ետք հասնելով մինչեւ արցախահայերու ցեղային զտումներու, սպանդային եւ արմատախլման սպառնալիքի տակ իրականացած բռնագաղթը 19 Սեպտեմբեր 2023-ին։
Իրականութիւն է, որ հայաթափումները եղած են անցաւոր, սակաւ մտատանջող, կարճ ժամանակ մը ետք դարձած են անցեալի պատմութիւններ, գլորուելով մոռացութեան կամ աւելի ճիշդը պատմութեան գիրկը անցած են, բացի 1915 թուի հայոց պատմութեան արիւնալի մեծագոյն Ցեղասպանութիւնը, հայոց մեծազանգուած աղէտը, երբ Արեւմտահայաստանի ազգաբնաջնջմամբ հայ ազգը հայաթափուեցաւ, հայերը զանգուածային ձեւով ջարդուեցան, իսլամացուեցան, թրքացուեցան, բռնագաղթուեցան, հողազրկուեցան, սփիւռքացան ու մանաւանդ հայրենազրկուեցան եւ հարկադրաբար դարձան աշխարհաքաղաքացիներ։
Պահ մը մտածենք, ի վերջոյ յաջորդող հայ սերունդներ, հետաքրքուողներ, գիտահետազօտողներ, պրպտողներ ու՞ր պէտք է գտնեն սփիւռքահայութեան արտագաղթերու, տեղաշարժերու եւ անարգել հայաթափումի պատմութիւնը ներկայացնող վիճակագրութիւնները, վաւերագրական տեղեկագիրները, ամբողջական մանրամասնութիւնները։ Վստահ, որ այդ բոլորը ապահով կը գտնուին հանրագիտարաններու, անշունչ պատմագիտական հատորներու, աշխարհացրիւ գրադարաններու, շքեղ թանգարաններու դարաններուն մէջ, մէկ խօսքով մեր արտագաղթերու ողբերգութիւնները, հայաթափումի օրակարգը անհանգստացնող գերմարտահրաւէրներ չեղան, մենք այդ մարտահրաւէրներով չենք տագնապած, տեսլականով մը կամ գործնական ծրագիրներով չենք զրահապատուած կանխելու սփիւռքահայ հայաթափումի յաջորդող նման եղելութիւնները։ Ինչո՞ւ մեր արտագաղթերու, տեղաշարժերու եւ հայաթափումի ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐ ՉԵՆՔ ՔԱՂԱԾ, ՉԵՆՔ ՔԱՂԵՐ։
Մենք ո՛չ միայն գրադարանացուցած ենք հայաթափումի մարտահրաւէրը, այլեւ իրականութեան մէջ թանգարանացուցած ենք, ապա զայն պատմականացնելով դիմած ենք բազմազան մեծաշուք յուշամատեաններ պատրաստելու մեծածախս ծրագիրներուն։
Արդեօք ժամանակը չէ՞ այդ բազմահարուստ մատենագիտութիւնը լոյսին հանել, ծանօթացնելու սփիւռքահայութեան կարողականութիւնը եւ յատկապէս հայու մարդաբանութիւնը։ Ճիշդ է որ կային, բայց չվերադարձան, իրենց հետ տարին ապրուած հայու կեանքի ընդհանրապէս աննիւթեղէն ժառանգութիւնը, գոյացութեան սեփական դրոշմը, հայ մարդու գոյատեւութեան նշոյլները։
Հոս կարելի է Սփիւռքի հաստատութիւններէն օրինակ մը յիշատակել, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի սխրալի գործունէութիւնը, կազմակերպած գիտաժողովները, երախտաշատ հրապարակումները, ուսումնասիրելու հայկական Սփիւռքի, յատկապէս միջինարեւելեան գաղութներու՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Քուէյթի, ԱՄԷ-ի եւ այլ երկիրներու պատմութիւնը, ուշադրութիւնը բեւեռելով հայ փոքրամասնութիւններու պատմութեան, մշակոյթին, հիւրընկալ երկիրներուն եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, հակիրճ խօսքով մասամբ մը գիտականօրէն պատմականացուցած է մեր ապրուած սփիւռքահայ կենսարար կեանքի մէկ համեստ մասնիկը։ Գովելի այդ աղբիւրագիտութիւնը կը շարունակէ պատմականացած բազմահատոր յուշամատեաններու ընդունարան մը մնալ։
[2] Արա Սայեղ; «Ապագայատեսիլ» www.periotem.com, Գանձասար 2005 թուականի բացառիկ, էջ 119-120.
Նախորդ մասերը կարելի է կարդալ
http://www.kantsasar.com/news/48434-2/
http://www.kantsasar.com/news/48557-2/
(Շարունակելի 3)
Փրոֆ.Արա Սայեղ