Ի՞ՆՉ ԿԱՐԵԼԻ Է ՈՒՏԵԼ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ…
Սնունդի օգտագործման տեսանկիւնէն պահեցողութթեան տարբեր աստիճաններ ու մօտեցումներ կան, որոնց ընտրութիւնն ու պահպանումը կախուած են պահեցողի կամքին ուժէն, ֆիզիքական ու առողջական վիճակէն եւ պահքի հանդէպ ունեցած լրջութեան աստիճանէն:
Հայաստանեայց Եկեղեցին ընդհանուր առմամբ պահք պահողներուն կը թելադրէ հեռու մնալ կենդանական ծագումով մթերքներէ՝ միսէ, կաթէ եւ անոնցմով պատրաստուող ուտեստներէ, հաւկիթէ, ինչպէս նաեւ ոգելից խմիչքներէ, թէեւ վերջիններս կենդանական ծագում չունին: Աւելցնենք, սակայն, որ մեղրի կիրառութիւնը պահք պահողներուն համար թոյլատրելի է, ինչպէս թոյլատրելի է բուսական կաթի օգտագործումը ըստ անհրաժեշտութեան:
Այս բոլորով հանդերձ, սննդային ընտրութիւններէն աւելի մեծ կարեւորութիւն ունի ոխի, քինախնդրութեան, բամբասանքի վանումը, որովհետեւ ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ. «Լսեցէ՛ք եւ իմացէ՛ք. ոչ թէ՝ ինչ որ բերնէն կը մտնէ կը պղծէ մարդը, այլ ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ ա՛յն է որ կը պղծէ զայն» (Մտ 15.10):
***
ԺԱՄԱՆՑ
—————
ԿԱՐՃ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱՐԱՆ, ՈՐ ԿԸ ԲՆՈՒԹԱԳՐԷ ՁԵՐ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ
Ընտրեցէ՛ք ձեր նախասիրած եռանկիւնը…
Այս կարճ հարցարանը կ’օգնէ բացայայտելու ձեր բնաւորութեան կարեւոր գիծերը: Կարդացէ՛ք զայն եւ պարզեցէ՛ք ձեր նկարագիրը: Նայեցէ՛ք ստորեւ ներկայացուած նկարին եւ ընտրեցէ՛ք եռանկիւն մը: Այնուհետեւ կարդացէ՛ք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ձեր ընտրութիւնը:
Հարցարանի արդիւնքներ.
Եռանկիւն թիւ 1:
Դուք յաւակնոտ անձնաւորութիւն էք, համարձակ, ուժեղ, պատրաստ պայքարելու ձեր գաղափարներուն եւ իղձերուն համար:
Կեանքի մէջ ձեզի համար ամենակարեւորը նպատակն է, որուն կ’ուղղուին ընդհանրապէս ձեր աշխատանքները: Ձեր իղձերը, նպատակները կը խրախուսեն ձեզ լիովին ապրելու իւրաքանչիւր օր եւ քայլ առ քայլ յառաջանալու:
Եթէ կեդրոնացած էք ձեր նպատակին վրայ, կեանքի մէջ ամէն ծրագիր կ’ընթանայ իր բնական հունով:
Եռանկիւն թիւ 2:
Ձեր ընկերները ձեր ամենամեծ արժէքն են: Ձեզի համար իսկական բարեկամութիւնը կատարեալ կեանքի իմաստն է: Ընկերներն ու սիրելիները ձեզի համար շատ բան կը նշանակեն: Եթէ անոնք հարցեր ունենան, ամէն ինչ կ’ընէք, ժամանակ եւ ճիգ կը տրամադրէք անոնց օգնելու համար:
Միշտ այնտեղ էք, ուր բարեկամ մը դժուարութիւններ ունի եւ օգնութեան կարիք, իսկ դուք պատրաստ էք օգնելու անոր:
Երբեք չէք մեղադրեր ձեր ընկերները իրենց սխալներուն համար: Ի վերջոյ, դուք միշտ ալ կ’օգնէք անոնց, նոյնիսկ եթէ սխալած ըլլան: Դժուար ժամանակներու մէջ դուք առաջինն էք, որ օգնութեան ձեռք կը մեկնէք անոնց:
Եռանկիւն թիւ 3:
Ինքնատիրապետումի առկայութիւնը ձեր առանձնայատկութիւնն է: Ձեր միտքը միշտ կը գերակշռէ ձեր սրտին: Դուք այլազան վիճակներու մէջ զանազան որոշումներ կը գոյացնէք, քանի որ կ’առաջնորդուիք ձեր միտքով եւ կ’ապաւինիք միայն դուք ձեզի։ Այդ պատճառով ալ հիասթափութիւն չէք ապրիր։
Դուք կը կառավարէք ձեր կեանքը եւ թոյլ չէք տար որեւէ մէկուն միջամտելու ձեր կեանքին եւ ձեզի թելադրանքներ տալու:Կը փորձէք մարդոց որոշ հեռաւորութեան վրայ պահել: Եւ եթէ որեւէ մէկը ձեր բարեկամութիւնը փնտռէ, ստիպուած կ’ըլլայ անցնելու բազմամակարդակ քննութենէ:
Եռանկիւն թիւ 4:
Ձեր հիմնական առաւելութիւնները ազնուութիւնն ու պարկեշտութիւնն են:
Դուք բաց միտքով, հոգատար եւ աներեւակայելիօրէն ազնիւ անձնաւորութիւն էք եւ նոյնը կ’ակնկալէք ուրիշներէն: Ձեր պարզութիւնն ու անկեղծութիւնը մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւեն: Ահա թէ ինչո՛ւ կը համարուիք լաւատես եւ կեանքը սիրող անձնաւորութիւն։
Ձեր գաղափարներն ու բարեսիրական մարզերու մէջ ծառայելու մարդկային յատկանիշը մեծապէս կը գնահատուին ձեր շրջապատին կողմէ:
Եռանկիւն թիւ 5:
Դուք կարելիութիւն եւ ուժ ունիք յաղթահարելու կեանքի դժուարութիւնները՝ առանց որեւէ ջանք գործադրելու:
Քրտնաջան կ’աշխատիք յաջողութիւններու հասնելու համար: Ծայրաստիճան անկախ եւ ինքնաբաւ անձնաւորութիւն էք, որ օրինակ կը ծառայէ շատերուն: Հոգեկան բարդոյթներ չունիք, որովհետեւ առողջ մտածելու հակուած էք, առանց դուք ձեզ այլոց հետ համեմատելու հիւանդագին սովորութեան։