ՓՈՔՐԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՐԲԵՔ ՍՊԱՌՆԱԼԻՑ ՈՃՈՎ ՄԻ՛ ԽՕՍԻՔ

Հիւսթընի համալսարանի ամերիկացի գիտնականները հետազօտութիւն մը կատարելով պարզած են, որ մանուկներու դաստիարակութիւնը սպառնալիքներով կամ սարսափազդու խօսքերով հետագային՝ պատանի կամ երիտասարդ տարիքին, տագնապալի խանգարումներ կը յառաջացնէ եւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ անոնց առողջ զարգացման։
Հոգեկան առողջութեան խանգարումները կը բնութագրուին՝ վախի եւ անհանգստութեան եւ այս երկուքին զարգացումներով, որոնք կրնան խանգարել պատանիին առօրեայ կեանքը եւ ներքին խաղաղութիւնը:
Հետազօտութեան մասնակցած են 18-էն 24 տարեկան 855 ուսանողներ: Մասնակիցները առցանց պատասխանած են այն հարցումին, թէ իրենց մանկութեան ազդուա՞ծ են ծնողներու սպառնալից վարքագիծէն:
Պատասխաններու ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ թէ՛ հօր եւ թէ մօր կողմէ սպառնալից վարքագիծը հոգեբանական ճնշումի, անօգնականութեան եւ բարդոյթներու ուղղած է փոքրիկին ներաշխարհը:
Հոգեբաններ կը պարզեն, որ մանուկները բարդոյթներէ զերծ պահելու համար պէտք է առաւելագոյն սէրը ցոյց տալ անոնց, օգնել անոնց աճման իւրաքանչիւր փուլին, այնպէս մը որ մանուկը թէ՛ կարենայ ինքնուրոյն զարգանալ եւ թէ ծնողքին սէրն ու ներկայութիւնը զգալ։
Հոգեբաններ կարեւորութիւն կու տան նաեւ քոյր-եղբայրներու միջեւ հաւասարութեան սկզբունքին։ Ծնողը պէտք է զերծ մնայ զաւակները բաղդատելու վարքագիծէն եւ հաւասարապէս արժեւորէ իւրաքանչիւրին ձեռքբերումը։ Իսկ սխալները սրբագրէ համբերութեամբ, առանց գոռալու կամ սպառնալու, նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլայ նոյն թերադրանքը քնքշութեամբ կրկնել մէկէ աւելի անգամներ։
Մայրը պէտք է որ օգնէ նաեւ մանուկին՝ յաղթահարելու իր քրոջ կամ եղբօր հանդէպ նախանձը։
Մանուկին առողջ զարգացման համար հետ սահմանեցէ՛ք փոքրիկ նպատակներ եւ օգնեցէ՛ք որպէսզի ինքնուրոյն կարենայ հասնիլ այդ նպատակներուն։ Ապա գնահատեցէ՛ք զինք ընտանիքի անդամներուն ներկայութեան։
Վարժեցուցէ՛ք մանուկը պատասխանատուութիւն կրելու՝ փոքր տարիքէն իսկ, մերթ ընդ մերթ անոր որոշ խաղալիքներ դասաւորել սորվեցնելով, քրոջ կամ եղբօր օգնելու առիթներ ստեղծելով եւ այլն։
Պատանի տարիքին սորվեցուցէ՛ք ինքնուրոյն մտածել, յատուկ գումար մը ունենալ, ծախսել եւ խնայել՝ ի հարկին գանձանակ մը նուիրելով անոր։
Ձեր տուած խոստումները անպայման յարգեցէ՛ք, որպէսզի մանուկն ալ աճելով ու զարգանալով նոյն վարքը ժառանգէ, այլապէս ինք եւս մեծնալէն ետք տուած խոստումները պիտի չյարգէ։
Քաջալերեցէ՛ք, որ պատանին իր հարցերը ձեզի հետ քննարկէ եւ լուծումներ գտնէ։
Քաջելերեցէ՛ք, որ պատանին մարզանքի հետեւի, որպէսզի մարմինը առողջ մնայ, ինչպէս նաեւ օգնեցէ՛ք անոր գտնելու հետաքրքրութիւնները զարգացնող միջավայր, անկախ դպրոցէն, որպէսզի կարենայ առողջ միջավայրի մէջ զարգանալ եւ զարգացնել իր հետաքրքրութիւնները։
Ամենակարեւորը՝ երբեք սպառնական ոճով մի՛ խօսիք ձեր զաւկին հետ, նոյնիսկ եթէ ան սխալներ գործէ ու կրկնէ զանոնք։ Դաստիարակութիւնը մե՜ծ համբերութիւն ու պատասխանատուութիւն պահանջող առաքելութիւն է։ Միշտ համբերատար ու տեղեկացուած եղէ՛ք, ի հարկին մանկավարժական գիրքեր կարդալով կամ մասնագէտի դիմելով։