ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ին այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին:
Քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզող զանազան հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ անոնց լուծումին համար անհրաժեշտ նկատուող միացեալ ջանքերու ներդրումի հրամայականին:
Հոգեւոր տէրը իր խօսակիցներուն ներկայացուց նաեւ համագործակցութեան շուրջ իր տեսլականը` կոչ ուղղելով քրիստոնէական, ազգային եւ միասնական ոգիով աշխատանքին լծուելու: Ան յաջողութիւն մաղթեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին: