Վահէ Օշական նշանաւոր խօսք մը ունի, որ կ’ըսէ.
«Կարծես մարդ ըլլալը շատ դիւրին էր, վրան ալ աւելցաւ հայ մարդ ըլլալու տառապանքը»:
Իսկ ես կ’աւելցնեմ՝ ոչ թէ միայն հայ մարդ ըլլալու տառապանքը, այլ նաեւ սփիւռքահայ ըլլալու, բայց մանաւանդ սփիւռքահայ ԿԻՆ ըլլալու տառապանքը, զոր բոլորս ալ գիտենք եւ ամէ՛ն օր նորովի կը հաստատենք:
Տիկիններու նուիրուած ամիս մըն է Հայաստանի մէջ Մարտ 8-էն Ապրիլ 7. գոնէ այս մէկ ամսուն ընթացքին մոռնանք մեր մտահոգութիւնները, կը մտածեմ, եւ գեղեցիկ բաներու մասին մտածենք միայն: Բայց նոյն Վահէ Օշական կ’ըսէ՝ «Երբ ոստիկանն ու քաղաքացին կը կռուին, անբարոյութիւն է մայթին կենալ եւ վարդ ու ծաղիկ երգել». ասիկա կ’ըսէ գրագէտներուն համար անշուշտ, խօսք մը, որ ճիշդ է նաեւ բոլորիս համար:
Այսօր մենք բոլորս պատմականօրէն այնպիսի ծանր պահեր կ’ապրինք, որ իրապէ՛ս չենք կրնար չմտածել այդ պահերուն մասին, չմտածել մեր հարցերուն մասին:
Մենք շատ լաւ գիտենք, որ մեր առօրեային մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կը հանդիպի երկու տեսակի հարցերու.
Ա. Մէկը որ շատ անձնական է, իրեն եւ իր ընտանիքին յատուկ է.
Բ. Երկրորդը՝ որ ընդհանրական է, կը սկսի իր անմիջական շրջապատէն եւ կ’երկարի մինչեւ իր ապրած քաղաք-երկիրն ու հայրենիքը մեզի, սփիւռքահայերուս համար:
Առաջինին մասին չենք կրնար խօսիլ բնականաբար, որովհետեւ անհատական հարցերը իւրաքանչիւրը ի՛նք կը լուծէ, կը փորձէ լուծել եւ եթէ չյաջողի, կը դիմէ թերեւս մտերիմի մը, կամ՝ մասնագէտի մը:
Ընդհանրական հարցերն են, որոնք մեզ բոլորս կը մտահոգեն եւ կը մղեն որ անոնց մասին խօսինք, նիւթը արծարծենք եւ փորձենք լուծումներ գտնել: Գոնէ մտածենք անոնց մասին:
Ի՞նչ ընդհանրական հարցեր ունինք Սփիւռքի մեր բոլոր գաղութներուն մէջ.
-Հայերէն լեզուի տկար իմացութիւնը.
-Խառն ամուսնութիւնները.
-Գաղութին նօսրացումը, որ կը տանի մեր կալուածներուն հարցին:
Այսօր փոխուած է կացութիւնը. այսօր հայերէնը մեր տղոց մայրենին չէ, որպէսզի անոր վրայ հիմնուելով այլ լեզուներ սորվին: Այսօր անգլերէնը առեր է մայրենիին տեղը. որմէ ետք, կու գայ հայերէնը:
Եթէ ոչ բոլորս, ապա արեւմտեան Սփիւռքի շատ գաղութներու մէջ առկայ է այն գաղափարը, թէ հայերէնը այսօր ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ օգտակար դառնալ մեր զաւակներուն, հետեւաբար չ’արժեր այդ լեզուն սորվելու համար ժամանակ եւ ճիգ վատնել:
Թերեւս ճիշդ է, որովհետեւ օրերը փոխուեր են, կեանքը դժուարացեր է եւ աւելորդ բարդացումի կարիք չկայ: Ի վերջոյ Միջին Արեւելքի գաղութներէն զատ՝ Եգիպտոս, Լիբանան, Սուրիա, քիչ մը Իրաք եւ Յորդանան, ոչ մէկ տեղ հայերէնը առօրեայի լեզուն է դժբախտաբար. շատ-շատ մենք ալ պիտի միանանք անոնց …
Բայց … եւ այս բայցը շա՜տ մեծ է _ բայց եթէ չըլլայ լեզուն, մեր ինքնութիւնը, մեր հայ ըլլալը ինչո՞վ պիտի արտայայտենք:
Թերեւս ըսէք՝ մեր մականուններուն վերջաւորութեան գտնուող -եան-ով. թերեւս, բայց այդ -եանը այսօր վերցուեր է թրքահայոց անուններուն վրայէն: Ուրեմն ատիկա չէ գրաւականը:
Պատկերացուցէ՛ք, ֆրանսայի մէջ մէկը ոճիր գործեր է եւ հեռատեսիլէն այդ մասին խօսելով կ’ըսեն՝ ոճրագործը թուրք է, հայկական արմատներով. անշուշտ մենք կը հասկնանք թէ այստեղ երկու տարբեր գոյութիւններ կան՝ ազգութիւն եւ քաղաքացիութիւն. ոճրագործը քաղաքացիութեամբ, փասփորով թուրք է, իսկ ազգութեամբ՝ հայ: Ասիկա դժուար է օտարներուն բացատրելը:
Այսինքն այստեղ դրածս մեր ինքնութեան հարցն է. եթէ հայերէն չենք խօսիր, ինչո՞վ հայ ենք:
– Խառն ամուսնութիւններ
Ասիկա երկրորդն է մեր հարցերուն: Ինչո՞ւ կարեւոր է որ առաջքը առնենք այս երեւոյթին:
Ընդհանրապէս սիրոյ արդիւնք են խառն ամուսնութիւնները. երբեմն կը մտածեմ՝ նոյն տեսակին հետ յաճախ դժուար կ’ըլլայ ամուսնական կեանքին համերաշխութիւնը պահել, ալ ո՞ւր մնաց՝ խառն ամուսնութիւններուն պարագային.
Սէրը սակայն ոչ թէ կը չքանայ, այլ տեսակ կը փոխէ եւ կը դառնայ աւելի առարկայական ամուսնութենէն ետք. ճիշդ այդ տեղ է որ կը սկսին հարցերը:
Մեր թիւը, աշխարհի վրայ բոլոր հայերուն թիւը այնքան փոքր է, որ կը դողանք մեր զաւակներուն եւ անոնցմէ գալիք սերունդներուն վրայ:
Հօրեղբայրս, երբ ֆրանսացիները քաշուեր են Սուրիայէն, ինքն ալ անոնց հետ ելեր է եւ Ֆրանսա գացեր: Հոն պսակուեր էր ֆրանսուհիի մը հետ, որմէ ունեցեր է հինգ զաւակ՝ երկու մանչ եւ երեք աղջիկ: Իր հինգ զաւակներէն իւրաքանչիւրը ունի չորս կամ հինգ զաւակ: Երբ վերջին անգամ տեսեր էի զինք, հօրեղբայրս ունէր 19 թոռներ եւ 36 ծոռներ:
5 զաւակ
19 թոռ
36 ծոռ
60 ընդհանուր թիւ
X 2 = 120 անձ, որոնք կրնային հայ ըլլալ, եթէ այդ մէկ անձը՝ հօրեղբայրս, հայու մը հետ ամուսնացած ըլլար:
Անշուշտ պիտի ըսէք՝ մենք հայերս երկու, շատ-շատ երեք զաւակ կ’ունենանք, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, ուր կեանքը շա՜տ դժուար է: Ճիշդ է: Բայց երկու զաւակ թէ երեք զաւակ պահելուն մէջ տարբերութիւնը այնքան ալ մեծ չէ:
Ասիկա մեր ընդհանրական հարցերէն մէկն է, բոլոր հայերուս պարագային:
Մեծ ազգերը մեծ պատմութիւն ունին. բայց ունի՞ն նոյնքան մեծ յիշողութիւն:
Մենք միշտ կարծեր ենք, որ մեր յիշողութիւնը ինքնեկ բան մըն է, մանաւանդ ազգային յիշողութիւնը, դպրոցէն ներս, գլխաւորաբար նախակրթարանի հայոց պատմութեան դասերուն հետ մեզի ներշնչուած պէտք է ըլլայ, եւ մենք բնաւ պէտք չունինք անոր մասին մտածելու, որովհետեւ ան, կը կարծենք, կա՛յ մեր էութեան մէջ տեղ մը պահուած …
Ի՞նչ է պատմական յիշողութիւնը, որ իւրաքանչիւր անձի համար անշուշտ տարբեր հասկացողութիւն է:
Մենք տարուան մէջ երկու գլխաւոր տօներ ունինք, խորքին մէջ՝ սգատօներ, մէկը Վարդանանց նահատակութեան օրն է, երկրորդը՝ Մեծ Եղեռնի յիշատակի օրը:
Անշուշտ առաջինին բարոյական յաղթանակը շատ լաւ գիտենք, յաղթանակ էր, որովհետեւ հայերը իրենց ուզածը ըրին – գիտէք, հայերը սկիզբէն եղած են բնիկ լեռնցի՛ յամառ ժողովուրդ – որովհետեւ երբ Հայկը Բէլին յաղթեց, առաւ իր ժողովուրդը եւ հեռու լեռները քաշուեցաւ – Հայաստան – որովհետեւ յաղթեր էր, ուզածը կրնար ընել, իսկ իր ուզածը խաղաղ ապրիլ էր իր ժողովուրդին հետ, իր ընտանիքին հետ, ապրիլ հողը մշակելով:
Բայց յաղթեր էր Բէլին. ինծի համար իսկապէ՛ս առեղծուած է, թէ ինչո՛ւ Հայկը չտիրեց Բէլի աշխարհին, չգրաւեց անոր գահը եւ իր ուժը չպարտադրեց անոնց:
Խորքին մէջ՝ որովհետեւ հայերը իրապէ՛ս խաղաղասէր մարդիկ են, մանաւանդ՝ կենսասէր եւ եւ … փիլիսոփայ, կեանքը կը սիրեն, եւ գիտեն որ այդ կեանքը շատ կարճ է, ինչո՞ւ պատերազմներով անցընել զայն, երբ կարելի է խաղաղ ապրիլ, երբ կարելի է արեւը վայելել:
Հայաստան դարձաւ կռուախնձոր. գիտէ՞ք ինչու. Ճիշդ է որ փոքր էր եւ դրացիները՝ գլխաւորաբար պարսիկներն ու հռոմէացիները կը մտածէին՝ փոքր երկիր է, դիւրութեամբ կրնանք այդ հողերը կցել մեր երկրին … ասիկա երեւցող պատճառն է. չերեւցողը՝ հայուն կենսասէր եւ խաղաղասէր հոգին է, որ կրնայ կեանքը մինչեւ ծայր վայելել – ինչպէս բանաստեղծ մը ըսաւ Արցախի առաջին պատերազմին առիթով՝ «Մենք կ’ուզենք մեր պաղջէն նստենք, հող մշակենք ու ապրենք …»:
Բայց Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր, Վարդանանց պատերազմի տօնին եւ Եղեռնի սգահանդէսին կողքին նաեւ Տիգրան Մեծ ունին. մտածե՞ր ենք արդեօք թէ ինչո՛ւ Վարդանանց կը տօնենք, բայց ոչ՝ Տիգրան մեծ Արքայից Արքայի օր. մենք մոռացութեան տուեր ենք այդ Արքան, անոր ըրած մեծ գործերը՝ սխրագործութիւնները, եւ մեզի հետ մեր նոր սերունդը եւս մոռցեր է այդ անունը. եթէ չէ մոռցեր անունը, կը յիշէ միայն Տիգրան Մեծի դրամին վրայ գտնուող դիմանկարը, իր թագով:
Ինչո՞ւ կ’ըսեմ այս բոլորը. որովհետեւ ըսուած է՝ մեծ ազգերը մեծ պատմութիւն ունին. իսկ մենք գիտե՞նք մեր պատմութեան մեծութիւնը, կը յիշե՞նք:
Մեր պատմութիւնը մարդկային ազնիւ հոգիի պատմութիւն ըլլալու կողքին, է՛ նաեւ յաղթանակներու պատմութիւն: Այսօր ո՞ւր է այդ պատմութիւնը, մանաւանդ՝ անոր յիշողութիւնը:
Մարուշ Երամեան