Քո Չարենցին լեզու տուող երկի՛ր Հայաստան,
Հազար ու մի երգ ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես։
Ե. ՉԱՐԵՆՑ
Նախորդ սիւնակով փորձեցինք ուրուագծել այն նախադրեալները, որոնք ընդիմադիր շարժումը կրնան աւելի՛ խոստմնալից գործի դաշտ նետել: Հոն, առաւելաբար կեդրոնացանք ներքին ոլորտի մարտահրաւէրներուն վրայ: Այս սիւնակով, փորձ պիտի կատարենք, նմանապէս ուրուա-գծային մօտեցումով, հասնելու Հայաստանի սահմաններէն անդին տարածուող աշխատանքի դաշտերուն, մի՛շտ շեշտելով, որ ներքին ու արտաքին ոլորտները անքակտելի ամբողջութիւն են, կը կարօտին բանիմաց մասնագէտներու եւ լաւ կապեր ունեցողներու ձեռքերուն միացման:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱԿԻ ՄԻԱՒՈՐ ՉԷ
Մանրամասնութիւններու մէջ մտնելէ առաջ, արձանագրենք քանի մը հիմնական կէտ. Հայաստան փորձանօթային սրուակի մը մէջ առանձին-ն երկիր չէ, այլ կը գտնուի աշխարհը փոթորկող, հետզհետէ սաստկացող հակամարտութիւններու մէկ կիզակէտին վրայ: Մեր հայրենիքը անհաղորդ չէ, չի կրնար անհաղորդ մնալ այն՝ առաւելաբար բացասակա՛ն, վտանգաւո՛ր իրադարձութիւններէն, որոնք տագնապներու մատնած են ամբողջ աշխարհը, սկսելով Ուքրանիայէն մինչեւ Կազզա, Կարմիր ծովէն մինչեւ ափրիկեան երկիրներ (օրինակ՝ Սուտան, Եթովպիա, Ռուսիա-Ֆրանսա հակամարտութեան դաշտ դարձած երկիրներ), հասնելով մինչեւ Կեդրոնական ու Հարաւային Ամերիկաներ, մինչեւ ասիական տարածքներ՝ Չինաստան ու Քորէաներ:
Մեր ակնարկութիւնը չ’երթար միայն զինուորական ճակատումներուն, այլ նոյնքան կարեւոր, սակայն որոշ չափով քողարկեալ՝ տնտեսական մրցակցութիւններուն: Այլ խօսքով, Հայաստանի ղեկը յանձն առնողը ատակ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն յանձանձելու երկրին «տեղական» տագնապները, այլ նաեւ՝ աչքերը տարածելու աշխարհով մէկ, ըստ կարելւոյն ճիշդ դատողութիւններ կատարելու աշխարհակործան արհաւիրքները կշռադատելու իմաստով, վերականգնէ անցեալ գոնէ 30 եւ աւելի տարիներու՝ միջազգային տարբեր բեմերու վրայ եւ ոլորտներու մէջ աշխատանքներուն գիծերը, փորձառութիւնները, ճշդէ մեր շփոթահար նաւուն բռնելիք ուղղութիւնը: Անցնինք:
Արտաքին-դիւանագիտական յարաբերութիւններու դաշտին հայեցակէտով ալ պէտք է կրկնենք ճշմարտութիւն մը. Հայաստանի մէջ կան բոլոր մարզերուն մէջ իսկական մասնագէտներ, իմաստուն մարդիկ, որոնք կարողութիւնը ունին, մեր ճատրակի վարպետներուն հետեւողութեամբ՝ լուծելու մեր դիմաց կանգնող բարդ խնդիրները: Եւ այդ խնդիրներուն ամէնէն աչքառու խորագիրն է՝ մեր հայրենիքի եւ ազգի շահերուն հիման վրայ յարաբերութիւններու, գործակցութիւններու պահպանումն ու վերամշակումը, պակաս մնացած կապերու համալրումը: Այլ խօսքով, անհրաժեշտ է թէ՛ Արեւելքի, թէ՛ Արեւմուտքի հետ հաւասարակշռութեամբ գործակցելու տրամաբանութեան ու գործի վերականգնումը: Դժուար առաքելութիւն, բայց ո՛չ անկարելի…
Հոս ալ կան օղակ առ օղակ լայնցող հարցեր ու գործի դաշտեր:
ԹՈՒՐՔՆ ՈՒ ԱԶԵՐԻՆ ԱՆՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼԻ ՉԵՆ
Նախ շեշտենք, որ Հայաստան ունի մէկ հիմնական թշնամի՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան զինակցութիւնը, որ վերստին ճամբայ հանած է համաթուրանական հին երազը եւ գործակիցներ կը գտնէ հոս-հոն, նաեւ՝ Երեւանի մէջ…:
Վերջին տարիներուն, Հայաստանի մէջ, քաղաքական մեկնաբաններու բերնին մէջ ծամոց դարձած են քանի մը կիսատ ճշմարտութիւններ: Օրինակ, կ’ըսուի, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան անյաղթելի են, խելացի վարմունք ունին թէ՛ զինուորական եւ թէ քաղաքական-դիւանագիտական գետիններու վրայ: Այս ճշմարտութիւնը կիսատ է, որովհետեւ նախ՝ Երեւանի այսօրուան իշխանութեան վարիչները չունին թուրքին ու ազերիին վերագրուած «իմաստութիւն»-ը, յետոյ, ո՞վ կ’ըսէ, թէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը անվիճելի վարպետներ են քաղաքական դաշտին մէջ:
Թող չըլլան անոնց ետին կանգնող ուժերը (զինուորական թէ տնտեսական հզօրանքներով), համաթուրանականութեան դրօշակիրները պիտի չկարենան իրականացնել իրենց նախահաշիւները (յիշենք, թէ ինչպէ՛ս փուլ եկաւ երբեմնի հզօ՜ր Օսմանեան կայսրութիւնը): Երբ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գայ ՀԱՍ-ԿՑՈՂՆԵՐՈՒ եւ ԿԱՐՈՂՆԵՐՈՒ խումբ մը, նման առաքելութիւն կը դառնայ հասանելի, որովհետեւ ներքին ու սփիւռքեան բոլոր բազուկները գործի պիտի լծուին համերաշխ լծակցութեամբ: Անգլերէն առած մը կ’ըսէ. «Լաւ սկսուած գործ մը կիսովին իրականացած կը սեպուի» (Well begun is half done): Եւ մենք միակը չենք, որ ինկած ենք արհաւիրքներու ազդեցութեան տակ, ո՛չ ալ նման փորձի իմաստով նախընթացէ զուրկ ենք ու բացարձակապէս անփորձ…
Նոր վարչակազմը, կրկնենք, արտաքին դաշտերուն մէջ ալ գործելու պահուն, պիտի կարօտի ազգի ներուժին զօրակցութեան եւ գործակցութեան (կուսակցութիւններ, քաղաքական միաւորներ եւ համախմբումներ), իսկ անոր մշակելիք լուծումներու ծրագիրը մէկ էջի վրայ պիտի բերէ բոլոր առկախ մեծ ու փոքր հարցերը, բացթողումները:
Դէպքերու վատ թաւալումը պատճառ դարձաւ, որ մեր հայրենիքին քաղաքական պահանջները իրողապէս մասնատուին, մէկ մասը տարբաղադրուի եւ ուրիշներ նետուին լուսանցքի, մինչեւ իսկ կամաւոր մոռացութեան տոպրակին մէջ: Արցախի դէմ ահաւոր պատերազմները՝ 90-ականներուն, 2016-ին, 2020-ին, 2023-ին, իսկ զուգահեռաբար Հայաստանէն ներս թափանցումները անպայման որ կիզակէտի պիտի վերածէին այս՝ անմիջական վտանգներն ու արհաւիրքները, անոնց հետեւանքները (հողի կորուստ, զոհեր, բռնագաղթի ենթարկուածներ):
Հետեւանքներուն շարքին է այն, որ Արցախէն խլուած՝ Գետաշէնի ու Շահումեանի հարցերը դրուած էին սառնարան, հիւսիսային բեւեռի սառցակոյտերու ոլորտ ղրկուած էին Նախիջեւանը, Ջաւախքն ու Արեւմտեան Հայաստանը՝ Սեւծովեան ելքով ու Կիլիկիայով միասին: Մեր պահանջատիրական գործին համար, անհրաժեշտ է այս ու նման հարցեր բերել մէկ էջի վրայ, մշակել անմիջական եւ հեռահաս ծրագիրներ, բայց մանաւանդ ինքնադարմանումի ենթարկուիլ եւ հրաժարիլ այն «տրամաբանութենէն», որ Հայաստան հողային եւ այլ պահանջներ չունի Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն: Պահանջը կայ, գործի մարտավարութիւնը այլ հարց է:
Երբ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ես 1915-ին եւ 2023-ին, երբ պատմականօրէն քեզի պատկանող հողեր խլուած են քեզմէ, բռնագաղթի ենթարկուած ես… իմաստութեան ո՛չ մէկ նշոյլ կը մնայ այն կեցուածքին մէջ, թէ պահանջներ չունինք կամ կը ճանչնանք դրացիներու հողային ամբողջականութիւնը: Կարեւորը այն է, որ մեր քաղաքական մտածողութենէն, պահանջատիրական կամքէն մե՛նք դուրս չձգենք ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ վերատիրացումը, իսկ թէ մեզ շրջապատող պայմանները, անյուսութիւն թելադրող զարգացումները պէ՞տք է խաւարի մատնեն նաեւ դրական նշոյլները՝ պատասխանը յստակ է: Անցեալին ալ, ամէնէն անյոյս փուլերուն, ստեղծուած են վիճակներ ու պայմաններ, որոնք չերազուած դրական զարգացումներու հասցուցած են մեզ ու մեր հայրենիքը: Վերադառնանք «վառօդդ չոր պահէ» խօսքին:
Մեր քաղաքական պահանջատիրութեան նախադրեալներն ու անցեալի իրագործումները մէկ էջի վրայ հաւաքագրել՝ կը նշանակէ նաեւ մեր յիշողութեան մէջ վերաթարմացնել, վերակուտակել արդիւնքները այն վիթխարի աշխատանքներուն ու անոնց արդիւնքներուն, որոնք ձեռք բերուած եւ Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան նախօրեակէն սկսել, կտրած են Հանրապետութեան փուլը (մասնաւորաբար Սեւրն ու նման ձեռքբերումներ), անկախութեան կորուստէն ետք տարուած վիթխարի գործը (Ազգերու Լիկա, ՄԱԿ, անհատ պետութիւններ, միջազգային հեղինակաւոր ատեաններ…), վերջապէս՝ վերանկախացումով բացուած փուլը (բազմաթիւ հանգրուաններով, որոնց թուարկումը անհրաժեշտ չենք նկատեր), Արցախի տագնապին ու մասնաւորաբար վերջին 3-4 տարիներու ձեռքբերումները, որոնք բաւական ամուր հիմ կը ստեղծեն հետագայի ամուր քայլերու:
Մտածող կայ, որ այդ բոլորը «թուղթէ շերեփ»-ի թղթածրարին մաս կը կազմեն: Ասիկա ճիշդ է կիսովին, որովհետեւ գիտենք, որ «երկաթէ շերեփ»-ը աւելի՛ կարեւոր է: Հետեւաբար, մեր քաղաքական-դիւանագիտական միտքին դիմաց կայ լուրջ մարտահրաւէր մը. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԹՈՒՂԹԷ ՇԵՐԵՓՆԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵԼ ԵՐԿԱԹԷ ՇԵՐԵՓԻ, առանց անտեսելու նոյնինքն երկաթէ շերեփը: Մեր իսկ փորձերը ցոյց տուած են, որ այս երկու շերեփները փոխադարձաբար զիրար կ’ամբողջացնեն, մէկը միւսին յենարան է, պէ՛տք է ըլլայ, որովհետեւ միայն երկաթէ շերեփով բաւականացողը այսօրուան աշխարհին մէջ շա՜տ դիւրութեամբ կը շահի… ահաբեկիչ «տիտղոս»-ը:
ԱՄՈՒՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Քաղաքական-դիւանագիտական բազուկին դիմաց, կան անմիջական եւ հեռահաս հրամայականներ, որոնք կ’երկարին համարժէք գիծերու վրայ: Նշեցինք արդէն, որ կայ բարեկամներու հետ հաւասարակշռուած գործակցութիւն վերականգնելու մարտահրաւէրը, շեշտեցինք, որ բարեկամներու ցանկէն դուրս են ՄԻԱՅՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ, ո՛չ թէ անոր համար, որ ունինք պատմական հարցեր, այլ նա՛եւ անոր համար, որ իրե՛նք են իրենց կամքն ու նախապայմանները ուժով պարտադրել փորձողները:
Այս ծիրին մէջ ալ, պէտք է արձանագրենք այլանդակ կացութիւն մը, որ հետեւանք է այժմու իշխանաւորներուն ապիկարութեան ու ծանօթ «կախուածութիւններուն»: Հայաստան, մինչեւ վերջին քանի մը տարիները, ըստ բաւականին յաջողած էր ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԱԼ յարաբերութիւններ պահել թէ՛ Արեւելքի, թէ՛ Արեւմուտքի հետ: Այդ օրերուն ալ երկու (կամ աւելի) առանցքներու միջեւ կային հակադրութիւններ, մրցակցութիւններ, սակայն հայկական քաղաքական միտքը ներկայէն շատ աւելի ճկուն ձեւով կը վարէր մեր նաւը:
Ճիշդ է, որ Ուքրանիոյ տագնապը բոլորովին նոր դիմագիծ տուած է այդ հակամարտութիւններուն, սակայն պէտք չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ ամէնէն սուր հակառակորդներն իսկ հիմա տեղ մը կը պահեն նուազագոյն գործակցութիւնը, կ’աշխատին չկտրել բարակցող թելը: Եւ ճիշդ հո՛ն է որ մեզի պէս երկիրներու դիմաց կը բացուի խուսանաւելու հնարաւորութիւնը…: Սակայն ի՞նչ տեղի կ’ունենայ ներկայիս: Հայաստան կ’աշխատի հեռաւորութիւն ստեղծել Ռուսիոյ հետ (պատճառները գիտենք), եւ ի հեճո՛ւկս բարեկամութեան այդ խաղաքարտին՝ կամուրջներ նետել կամ ամրապնդել այլոց հետ, որոնցմէ բոլորովին մեկուսացած չէինք: Հետեւա՞նքը (ո՛չ միակը): Ներքին բեւեռացումի վիճակ մը կը ստեղծուի, ու չենք անդրադառնար, թէ անկէ ինչպիսի՜ վնասներ կրնան հասնիլ (ի մտի չունինք անվաղորդայն խոստումներն ու բերանացի աջակցութիւնները):
Ֆրանսա զինական կազմածներ կը վաճառէ Հայաստանի, ու բանավէճ կը ստեղծուի, թէ այդ զինատեսակները իսկապէս օգտակա՞ր են, պարսաւանքներ չեն խնայուիր Ֆրանսային: Եւրոպացի դէտեր կը բերուին Հայաստան (դարձեալ ի հեճուկս ռուսական եւ իրանեան կողմերու հաշուարկներուն), եւ յանկարծ եւրոպացիներուն դէմ քննադատական արշաւներ կը բարձրանան (չենք ըսեր որ անտեղի են, սակայն…):
Զէնքի գնման փորձ կ’ըլլայ Հնդկաստանէն, եւ հոն ալ բանավէճ կը ստեղծուի ձեռք բերուածին-բերուելիքին ազդուութեան մասին: Ինչո՞ւ. որովհետեւ քիչ մը ամէն տեղ հարցերը կը տարուին դէպի մասնակի քաղաքականացում, եւ ահա քեզի օգտակար ըլլալ ուզողն ալ կը դառնայ քննադատութեան թիրախ, մինչդեռ մենք պէտք ունինք աւելի՛ լրջախոհ մօտեցումներու- բարեկամութեան փոքրագոյն սանդխամատներն անգամ ամրացնելու: Ի՞նչ վնաս պիտի ունենար Հայաստան, եթէ Ռուսիոյ հետ նա՛եւ զինական գործակցութեան ոլորտին մէջ դէպի խզում չվազէր…. Ի՞նչ վնաս՝ եթէ կարենայինք զէնք ապահովել ո՛չ միայն յիշեալ երկիրներէն, այլ մինչեւ իսկ եւրոպական կամ արաբակա՛ն երկիրներէ, հաշուարկուած եւ քաղաքականապէս հաւասարակշռուած ծրագիրներու հիմամբ, այնպէս մը, որ առնուած քայլերը վրդովմունք չպատճառէին ԲԱՐԵԿԱՄ դասուած երկիրներուն:
Իսկ երբ նման հաւասառակշռութիւն վերստեղծուի՝ զէնքի առաքման ճամբաներն ալ դիւրին անցանելի կը դառնան, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի խափանարար ճիգերը գործնապէս կը չէզոքացուին, բոլոր բարեկամները մեզ կը դիտեն այն յարգանքով, որուն արժանի է մեծ ու փոքր, հզօր կամ տկար որեւէ երկիր, ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐՇՆՉՈՂ երկիր:
Վերը յիշատակուած առաջադրանքներուն իրականացման համար, յաջորդ վարչախումբը պէտք է գործի լծէ իրա՛ւ դիւանագէտներ, քաղաքական փոթորիկներ աւելի խելամիտ կերպով դիտող, վերլուծող եւ կապեր հաստատող, նոր կապեր ստեղծող մասնագէտներ: Երեւանի այսօրուան դիւանագիտական ցանցը մեծ չափով անգործ վիճակի մէջ է. ծանր դէպքեր կը պատահին, չես լսեր, որ այս կամ այն երկրին մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչդ ազդու գործ կ’ընէ, ՓՈՐՁ ՄԸ Կ’ԸՆԷ, մինչդեռ դպրոցի մը ծորակներուն հարցը կը ստեղծէ փողով-թմբուկով «համերգներ»:
Արտաքին՝ դիւանագիտական ոլորտին մէջ ճիշդ ծրագրումը – կրկնենք, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ունինք բանիմաց եւ կշռադատող մասնագէտներ – նկատի պիտի ունենայ քանի մը հիմնական ստորոգելիներ, ինչպէս՝ որոշ աշխատանքներու մասին գաղտնապահութիւնն ու խորհրդապահութիւնը, նոյնը կը թելադրէ զինումի եւ բանակի վերակազմակերպման ոլորտը:  Վերջին տարիներուն, երկու ոլորտներուն մէջ ալ անհարկի «բաց-պատարագ»-ներ կը ներկայացուին: Երեւանի նոր իշխանութիւնը վերջակէտ պիտի դնէ ինքնահակասումի եւ անիմաստ, որեւէ հիմք չապահովող համաձայնագրեր մէջբերելու անձնատուական երթին: Օրինակ, ինքնահակասում է մէկ կողմէ յայտարարել, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ցեղասպանութիւն կ’ընեն, Հայաստանի վրայ նոր յարձակումներ կը պատրաստեն (Նախիջեւանի մէջ նորագոյն զինավարժութիւնները՝ յաւելեալ վկայութիւն), ու միաժամանակ խօսիլ «խաղաղութեան մօտալուտ համաձայնագիր»-ի մը մասին (թուրքեւազերիական կողմը այդ մասին երազ ալ չեն տեսներ), կամ, տակաւին, կրկնել ու կրկնել, որ Հայաստան կ’ուզէ խաղաղութեան հասնիլ Ալմա Աթայի համաձայնութեան հիմամբ, մինչդեռ ԿՐԿԻՆ ՈՒ ԿՐԿԻՆ ԱՊԱՑՈՒՑՈՒԱԾ Է, որ այդ համաձայնագիրը ո՛չ մէկ կապ ունի նշուած առաջադրանքներուն հետ…: Հայաստան վիթխարի թղթածըրարներ ունի, իր արդար իրաւունքները յիշեցնելու եւ այդ թղթածրարին ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ իր դաշտին մէջ խաղցնելու իմաստով:
Ահա այսպիսի՛ իշխանափոխութիւն մըն է որ ընկալում պիտի գտնէ զանգուածին կողմէ, ու այդ յենարանով՝ ինքզինք եւ պահանջները աւելի՛ ազդու կերպով պիտի ներկայացնէ բարեկամներուն, նա՛եւ թշնամիին: Փոխ-ընտրա՞նքը: Չենք ուզեր մտածել այն վատ նախատեսութիւններուն մասին, որոնց իրականացումը կը նշանակէ Հայաստանի ամբողջական կամ իրողական կորուստը, հայութեան աւելի՛ եւս նօսրացումը, Սփիւռքը յաւելեալ տկարացումի եւ բթացումի տանիլը: Կը հաւատանք, պէ՛տք է հաւատանք (սա զգացական մտածում չընկալել), որ հայ քաղաքական միտքը կրնայ այսօ՛ր իսկ շրջադարձի ենթարկել անարգել անկումը, վերականգնել անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, իրակա՛ն ինքնիշխանութիւնը, եւ հայրենիքն ու ազգը ամրագրել աշխարհի քարտէզին վրայ, քայլ առ քայլ յառաջ տանիլ մեր անմիջական եւ հեռահաս պահանջները: Վերջին քանի մը տարիներու փորձերը փաստած են, որ այս շրջադարձին իւրաքանչիւր ուշացում՝ աւելի՛ եւս կը ծանրացնէ յաջորդ փուլի գործերը:
Ս. Մահսերէճեան