«Եթէ ուսուցիչը սիրում է իր աշխատանքը, նա լաւ ուսուցիչ կը լինի: Եթէ ուսուցիչը սիրում է աշակերտին, ապա նա աւելի լաւ ուսուցիչ կը լինի, քան նա, ով կարդացել է բոլոր գրքերը, բայց չի սիրում իր աշակերտին: Եթէ ուսուցիչը սիրում է եւ իր աշխատանքը , եւ իր աշակերտին, նա կը լինի կատարեալ ուսուցիչ:» Լ.Թոլսթոյ
Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ին Ճեմարանի «Զարեհեան» սրահէն ներս, կոկիկ յայտագրի ներքոյ յիշատակուեցաւ «Ուսուցչաց Տօն»-ը, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Մակար Սրբազան Արք. Աշգարեանի, Ճեմարանի Խնամակալութեան, Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական կազմին:
Տօնակատարութեան բացումը կատարեց տնօրէնուհի Զեփիւռ Րէիսեան, որմէ ետք խօսք առաւ խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեան: Ապա ընթացք առաւ օրուան գեղարուեստական յայտագիրը, որ պատրաստած էր աշակերտներու խումբ մը:
Հայերէն ասմունքով իրենց բաժինը բերին 12-րդ կարգէն՝ Արինա Պօշկէզէնեան, 11-րդ կարգէն՝ Սէլա Ասթարճեան, Նանոր Լախոյեան, Եսթեր Կիւլտալեան, Մեղրիկ Եագուպեան, Արփի Արապանեան, արաբերէն ասմունքով՝ Յակոբ Շաքարեան, Նաթալի Խլլօ եւ Շողակ Խրոյեան: Իսկ Նուագով մասնակցեցան 12-րդ կարգէն՝ Անդրանիկ Կիւլտալեան (ֆլիւթ) եւ 7-րդ կարգէն՝ Սագօ Պալապան (ջութակ):
Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը իւղղեց ըսելով.«Ուսուցչութիւնը Աստուածատուր պարգեւ մըն է եւ ոչ՝ պարզ պաշտօն մը, որուն միջոցաւ անձը կ’ապահովէ իր նիւթական կարիքը, այլ՝ անոր ուսերուն դրուած է հունձք մը, որուն պիտի փոխանցէ ոգի եւ շունչ՝ կերտելով մտաւոր մարդը, հայրենասէր, ազգասէր, Աստուածասէր, եղբայրասէր եւ ազգային արժէքներով օժտուած: Այն ուսուցիչը որ չի կրնար այս հոգին եւ շունչը փոխանցել՝ ձախողած է իր կոչումին մէջ ։ Ես վստահ եմ որ դուք բոլորդ ալ այդ հոգին եւ շունչը կը ջամբէք եւ ես ձեզի իսկապէս լաւագոյնը կը մաղթեմ»:
Աւարտին ուսուցիչներէն ոմանք իրենց սրտի խօսքը եւ մաղթանքները տուին, անդրադառնալով ուսուցիչին առաքելութեան, սերունդներ դաստիարակելու պատասխանատու աշխատանքին եւ սուրբ ու վեհ առաքելութեան հանդէպ իրենց յանձնառութեան:
Աւանդական դարձած կարկանդակի հատումէն ու հիւրասիրութենէն ետք, հանդիպումը եզրափակուեցաւ յիշատակի խմբային նկարով։