Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրական օգնութիւն կ՚ուղարկէ Կազզայէն տեղահանուած եւ Ռաֆահի անցակէտին մէջ հաստատուած, ծանր ընկերային-տնտեսական վիճակի մէջ յայտնուած բնակիչներուն:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, նախագիծը կառավարութեան նիստին ներկայացուցած է ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Արփինէ Սարգսեան:
Անոր համաձայն, մարդասիրական օգնութեան շրջանակներուն մէջ տեղահանուած անձերու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ տրամադրուած են մթերք եւ դեղորայք` ապահովելով վերջիններուս ընկերային-տնտեսական առաջնային կարիքները:
«Այդ նպատակով կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն Ներքին Գործոց Նախարարութեան յատկացուած է շուրջ 19 միլիոն դրամ` մթերք, չոր սնունդ, դեղորայք ձեռք բերելու նպատակով:
Ընդհանուր առմամբ, մարդասիրական օգնութիւնը կը կազմէ 29,94 թոն: Քանի որ մարդասիրական օգնութեան տեղափոխումը կ՚իրականացուի Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ, կ՛առաջարկուի Պաշտպանութեան Նախարարութեան յատկացնել համապատասխան միջոցներ», ըսաւ Սարգսեան:
Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Կազզայի բնակչութեան ուղղուած 30 թոն կշռող մարդասիրական օգնութիւնը տեղափոխող ինքնաթիռը վայրէջք կատարեց Եգիպտոսի Արիշ քաղաքի ռազմական օդակայանը: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեան օդակայանին մէջ դիմաւորած է ուղեբեռը եւ օդանաւի անձնակազմին հետ միասին զայն յանձնած Եգիպտոսի Կարմիր Մահիկի ընկերութեան, որուն համակարգումով մէկ-երկու օրուան ընթացքին մարդասիրական օգնութիւնը պիտի փոխանցուի Կազզայի տառապեալ բնակիչներուն: