ՈՒԹ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՁԵՐ ԱՉՔԵՐՆ ՈՒ ՈՂՆԱՇԱՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻՆ ՎՆԱՍՆԵՐԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Համակարգիչին դիմաց երկար ժամերով նստած աշխատիլը բնականաբար կը յոգնեցնէ թէ՛ ձեր աչքերը, թէ՛ ուղեղը, եւ թէ ողնաշարը։ Այս իսկ  պատճառով անհրաժեշտ է կանխել առողջական բարդոյթները՝ հետեւելով ստորեւ յիշուած ութ խորհուրդներուն։
Ա) Համակարգիչին դիմաց նստելու ճշգրիտ դիրք ընտրեցէ՛ք։  Հարկ է 50 սմ. հեռաւորութիւն պահել համակարգիչի պաստառին եւ ձեր աչքերուն միջեւ։ Պաստառը ձեր ուղիղ նայուածքէն 15-20 սմ. անկիւնով թեքեցէ՛ք դէպի առջեւ։
Բ) Պաշտպանեցէ՛ք ձեր աչքերը։  Նախընտրելի է պաստառի լոյսին զօրութիւնը մեղմացնել կամ յաւելեալ ծածկոյթ մը աւելցնել անոր՝ պաշտպանելու համար աչքերը անոր արձակած ճառագայթներէն։
Գ) Ի գործ դրէ՛ք 20-20-20 միջոցը։  20 վայրկեանը անգամ մը ձեր նայուածքը այլ տեղ ուղղեցէք՝ հեռացնելով համակարգիչի պաստառէն 20 սմ. անդին՝ 20 երկվայրկեանուան տեւողութեամբ։
Դ) Հանգչեցուցէ՛ք ձեր աչքերը։ Հարկ է երկու ժամը անգամ մը աչքերը հանգչեցնել 15 վայրկեանուան տեւողութեամբ։
Ե) Աչքերը թարթեցէ՛ք։ Անհրաժեշտ է աչքերը մերթ ընդ մերթ թարթել՝ խոնաւցնելու համար աչքին մակերեսը։
Զ) Համակարգիչին ընձեռած տուեալներէն օգտուեցէ՛ք։ Գրութեան տողերուն հեռաւորութիւնը աւելցուցէ՛ք,   տառերուն չափը մեծցուցէ՛ք, պաստառին լուսաւորումը համապատասխան դարձուցէ՛ք ձեր աշխատած վայրին լուսաւորութեան, գոյներու խտութիւնը մեղմացուցէ՛ք եւ այլն։
Է) Ճշգրիտ դիրքով նստեցէ՛ք համակարգիչին դիմաց, ձեր կռնակը ուղիղ պահելով եւ կրթնեցնելով աթոռին։
Ը) Իւրաքանչիւր կէս ժամը անգամ մը ոտքի կանգնեցէ՛ք եւ աշխատանքի սենեակին մէջ քանի մը երկվայրկեան քալեցէ՛ք։
***

ՕՐԱԿԱՆ 15 ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՔԱԼԵԼԸ ՕԳՏԱԿԱ՞Ր Է

Քալելը, նոյնիսկ օրական գէթ 15 վայրկեան,  դրական անդրադարձ կ’ունենայ մարդու առողջութեան վրայ ընդհանրապէս, որովհետեւ.
Ա) Կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը, յատկապէս բնութեան մէջ քալելու պարագային,
Բ) Կը խթանէ ստեղծագործելու ձեր ունակութիւնը,
Գ) Կ’երկարէ ձեր կեանքը ու առողջ կը պահէ ձեզ,
Դ) Կը կարգաւորէ քունը,
Ե) Կը կարգաւորէ ձեր ջղային համակարգը,
Զ) Կը հանդարտեցնէ միտքը եւ կը ցրուէ ճնշուածութիւնը,
Է) Կը մեղմացնէ ցաւերը,
Ը) Կը զօրացնէ ոսկորները,
Թ) Առողջ կը պահէ ձեր տեսողական համակարգը,
Ժ) Ձեզ կը պարգեւէ հաճելի ժամանց ձեր բարեկամներուն եւ սիրելիներուն հետ։
ԺԱ) Ձեզ կը պաշտպանէ ամէն տեսակ հիւանդութիւններէ։
***
Բանաստեղծական Անկիւն
——————————–

ԱՄԵՆԱԾԱՆՕԹԸ

Իմ սիրածին
ծաղկանց մէջէն
ամենածանօթը ինծի՝
կարմիր վարդն է
իր փուշով.
ու ծաղիկը՝ ապրիմ-մեռնիմ
իր թաւալող
տերեւով…
Փանոս Ճերանեան