Ա. ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ
Վերանորոգելով պահանջատիրութեան իրենց ուխտը 23 Ապրիլ 2024 - ի երեկոյեան, ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպեցին մոմավառութիւն Լաքաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ապրիլեան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց։ Մոմավառութեան մասնակցեցան՝ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Պատկան Մարմինի եւ միութուններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ Թաղականութեան անդամներ։
Բացման խօսքով Յակոբ Արզումանեան ըսաւ. «Խոնարհելով ապրիլեան սրբադասուած մեր նահատակներուն առջեւ, որոնք պայքարի էջերը ներկեցին իրենց արիւնով, մենք հաւատքով ու աննկուն կամքով կը շարունակենք հետապնդել մեր իրաւունքները»:
Ապա նահատակներու յուշակոթողին դիմաց ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով մոմեր վառեցին։
Բ. ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ
24 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց ի յիշատակ մեր նահատակներուն։
Արարողութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներ եւ ՀԲԸՄ-ի շեփորախումբերը։ Ներկայ էին նաեւ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ապա ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահ՝ ոգեկոչելու յուշ երեկոն։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեսն յոտնկայս յարգեցին յիշատակը անմահ նահատակներուն։
Հանդիսութեան բեմավար Հերմիկ Գաբրիէլեան բացման խօսքով ըսաւ, որ 109 պայքարի տարիներ մեզ կը բաժնեն 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններէն, Ցեղասպանութեան յաջորդած զանազան մարտահրաւէրները, սակայն, միասնաբար, եդկար ժամանակի վրայ պիտի յաղթահարենք։
Գեղարուեստական յայտագիրով ՀԲԸ Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութենէն անդամներ ներկայացուցին՝ մեներգ «Արցախի Ողբը», ասմունք «Այս Տղերքի Արիւնը», ասմունք «Դուք Մեզ Ստիպում Էք» եւ « Հիմա Հերթն Է Դաւթի Զարկին», ապա մեներգ « Հաւատքի Երգ » եւ «Արցախի Ֆիտայիներ»։
Օրուան բանախօս Այնճար հայաւանէն ժամանած լրագրող եւ հրապարախօս՝ Եսայի Հաւաթեան լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը, ենթարկուած հալածանքները, ապա նաեւ գոյատեւելու գիտակցութիւնը, կամքը եւ պայքարը։ Ան օրինակ բերելով ապստամբութիւնները շեշտեց, որ մենք մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի նահատակներ ունեցած ենք եւ մեր յաղթանակները հիմնուած են միութեան վրայ։
Օրինակ բերելով Արամ Մանուկեանը, բանախօսը ըսաւ. «Պէտք է ապաւինիլ միայն սեփական ուժերուն եւ ապրիլ յոյսով»։
Ապա եզրափակելով ըսաւ. «Բոլորս պարտաւոր ենք հայրենիքը հզօր դարձնել, որովհետեւ ան մեր ապաւէնն է։ Թող ապրի հայ ժողովուրդը այսօր վաղը եւ միշտ»։
Գեղարուեստական երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան ՍՕ Խաչի անդամներ ու ներկայացուցին՝ նուագ «Կոտորածն Անգութ» (դաշնամուր) եւ ասմունք, Աւետիք Իսահակեանի «Յարգա՛նք Ձեզ»։
Համազգայինի Վահան Նաւասարդեան մասնաճիւղը ներկայացուց նուագ (տուտուկ) «Կռունկ» եւ պար «Ապրելու Համար» խորագիրով։ ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղը ներկայացուց կենդանի պատկեր, ընկերակցութեամբ «Մենք» մեներգին, «Արցախ» պատանեկան միութեան անդամներ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ»-ը: Ապա բոլորը միասին երգեցին «Զարթնի՛ր, Լաօ՛» երգը։
Հանդիսութեան աւարտին Տէր Վազգէն իր սրտի խօսքը ուղղելով ըսաւ. «Հայը կը կնքուի իր հաւատքով, Ս. երրորդութեան անունով, յոյսով, սիրով:Այս առաքինութիւնը հայը կը դարձնէ տոկուն եւ կ՚ամրապնդէ իր հաւատքն ու հայրենասիրութիւնը»։ Ապա քահանան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ կազմակերպիչ մարմնին կողմէ անոր նուիրելով յուշանուէր մը։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Նայիրի Կարապետեան