24 Ապրիլ 2024-ին, սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Երեւան ժամանեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչական արարողութիւններուն մասնակցելու եւ հանդիպումներ ունենալու մինչեւ 28 Ապրիլ։

Պատուիրակութեան նախագահեց Սուրիոյ Խորհրդարանի փոխնախագահ Աքրամ Աճալանին, ներկայութեամբ սուրիական-հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Լիւսի Իսկենեանի եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ Հասան Մսալլէթի։

Այցելութեան շրջագիծէն ներս պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի հետ, ներկայութեամբ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գէւորգեանի։

Պատուիրակութիւնը այլ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ, ներկայութեամբ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի։

Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու յարաբերութեան զարգացման շուրջ։

Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայաստանի մէջ պատուած արաբ ժողովուրդին նուիրուած երախտագիտութեան յուշարձանին վայրը։

Յիշենք, որ 24 Ապրիլ 2024-ին, պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանի ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր, ուր անմար կրակին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղիկեմատոյց՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։

Ետքը պատուիրակութեան անդամները շրջագայեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանէն ներս եւ ծանօթացան ցուցադրուած արխիւներուն: