Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ, 73 տարեկանին, մահացած է մեծանուն մտաւորական, հայ ազգային-յեղափոխական երգերու անզուգական կատարող եւ մեկնաբան, հայոց ազատամարտի երգիչ Սահակ Սահակեան։

Սահակ Սահակեան կազմած եւ հրատարակած է հայոց ազատամարտի երգերու ժողովածու` կից մեկնաբանութիւններով։

Սահակ Սահակեան Հայաստանի անկախութենէն ի վեր անդամագրուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Անոր ազատաշունչ երգերուն տակ հայ կամաւորական ջոկատները յաղթանակներ տարած են Արցախեան գոյապայքարին։

Սահակ Սահակեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 Ապրիլին՝ տեղւոյն ժամը 17։30-էն Քոնթի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, հրաժեշտի արարողութիւնը՝ 1 Մայիսին՝ ժամը 12։00-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ. աճիւնը պիտի ամփոփուի Երեւանի Շահումեանի գերեզմանտան մէջ։