Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով պիտի հանդիպին Ալմաթիյի մէջ։
Այս մասին յայտնեց ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Պատալեան։
«Ինչպէս յայտնած էինք, կայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարներու հանդիպումի համաձայնութիւն՝ ղազախական կողմին առաջարկով.
յստակացած է, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ Ալմաթիյի մէջ», յայտնեց Պատալեան։