Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ին, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի աշակերտները, վերանորոգելով իրենց ուխտը Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն նկատմամբ, ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը՝ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ.Գաբրիէլեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ Վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ տիկ. Պեթի Գասարեանի, վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի, պետական տնօրէնուհի տիկ. Ապիր Մուսան-Ատամի, պետական քննիչուհի տիկ. Ֆաթիմա Թապշոյի, ընդհ. տեսուչ օրդ. Մարալ Դերձակեանի, ուսուցչական կազմին, դաստիարակներուն եւ բոլոր կարգերու աշակերտներուն:
Աշակերտական ոգեկոչումին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս ներկաները յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:
Օրուան բեմավարութիւնը կատարեցին հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներ տիկ. Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան եւ տիկ. Նանոր Ժամկոչեան-Հայիթեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի տիկ. Դալար Նաճարեան-Թոսունեան։ Ան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը դար մը եւ աւելի ցիրուցան կ’ապրի աշխարհի չորս ծագերուն, ի հետեւանք Օսմանեան կայսրութեան օրօք մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին դէմ գործուած այն սարսափելի ոճիրին, որուն զոհ դարձան մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներ:
Ան նշեց, որ այսօր նոյնինքն թուրքը այլ տիպարով, հաւատարիմ իր
ոճրային բնոյթին եւ իր անցեալի ու ներկայի ծրագրին, կը շարունակէ իր ուղին, անգամ մը եւս օգտուելով իրեն ընծայուած առիթներէն:
Սակայն հայ ժողովուրդը իրաւունք չունի ընկճուելու, յուսահատելու կամ իրեն պարտադրուած անիրաւ ճակատագիրը ընդունելու:
Ան մաղթեց, որ իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ աղաղակէ Հայկ նահապետին ազատատենչ ղօղանջը եւ իբրեւ զրնգուն կանչ անընդհատ հնչէ համայն հայութեան կեանքին մէջ, որպէսզի երբե՛ք չմթագնի (մէկ ազգ, մէկ հայրենիք) ամենանուիրական տեսիլքը եւ (Հայաստան- Արցախ-Սփիւռք) եռամիասնութիւնը:
Բեմը բարեզարդուած էր անմոռուկի եւ Ծիծեռնակաբերդի պատկերներով, որոնք պատրաստուած էին տիար Յովիկ Օհանեանի եւ օրդ. Մարիա Եղիայեանի ջանքերով։
Վարժարանի աշակերտները գեղարուեստական բովանդակալից յայտագիր մը ներկայացուցին՝ ասմունքելով, երգելով եւ պարելով: Անոնք գեղեցկօրէն արտայայտեցին իրենց կապուածութիւնը հայկական եւ մշակութային մեր արժէքներուն:
Հայկական անմոռուկին իմաստին եւ նշանակութեան մասին ընթերցեց աշակերտուհի Մարիա Քրիստինա Եագուպեանը, յայտնելով որ անմոռուկը «Կը յիշենք Եւ Կը պահանջենք» կարգախօսին հետ առյաւէտ մեզ պիտի յիշեցնէ մեր պապերուն եւ ընտանիքներուն անցեալն ու պատմութիւնը, մեր ապրած ողբերգութիւնը եւ յատկապէս այն պահանջքը, զոր կը ներկայացնենք հանուր աշխարհին մինչեւ մեր պահանջքի փոխ-հատուցման տիրանանք։ Ապա, Մարինա Մինասեանն ու Մեղրի Սարաֆեանը երգեցին, պարի ընկերակցութեամբ՝ Արենի Սարգիսեանի եւ Սինդիա Պշարայի։ Գեղեցիկ արտայայտութեամբ մը, Արենին բեմէն իջնելով՝ ներկաներուն անմոռուկներ բաժնեց։
Վարժարանի արաբերէն լեզուի ուսուցչուհի տիկին Ղսուն ալ-Նաճճար արաբերէն լեզուով օրուան պատգամը փոխանցեց, դիտել տալով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպող թուրքը, Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն եւս իր ոճրագործական եւ անմարդկային արարքը պարզեց։
Ան յարգանքի խօսք ուղղեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ սուրիական հայրենիքի նահատակներուն յիշատակին:
Հայերէն լեզուով օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի տիկ. Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան: Ան յայտնեց, որ 24 Ապրիլը իւրաքանչիւր հայու սիրտը խոցող թուական է, որ խորապէս դրոշմուած կը մնայ մեր էութեան ու խղճին վրայ։ Ան նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի քան 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու անմոռանալի յիշատակը մեզ պահանջատիրութեան պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը դնէ եւ կը ստիպէ կառչած մնալ մեր պապենական արմատներուն, աւանդութիւններուն, պատմութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի՝ հայոց լեզուին։
Ան յայտնեց, թէ քսաներորդ դարասկիզբին իրականացուած առաջին ու ամենամեծ ոճիրը, եղեռնը՝ դատարկութենէն չէր յառաջացած, այլ՝ կանխամտածուած եւ աւելի շուտ որոշուած էր, յանուն արիւնարբու թուրքին նպատակին ու շահերուն՝ Հայաստանը՝ առանց հայերուն տեսնելու եւ ձերբազատելու «Հայկական Հա՛րց» կոչուող այն ուրուականէն, զոր ամէնուրէք կը հալածէր թուրքը։ Համաշխարհային Ա. պատերազմը պատեհ առիթը ընծայեց թուրքին՝ իրականացնելու յաճախ իր հետապնդած երազը։
Տիկ. Նորան աշակերտներուն պարզեց, թէ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ անոր հողերը բռնագրաւելու գազանային նպատակով ի գործ դրուած սպանդը, «Ցեղասպանութիւն» եզրով բնութագրեց փաստաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը, 1948-ին։
Ան հարցումներ արծարծելով, պատուիրեց անհեթեթութեամբ չմօտենալ հայը ցնցող նուրբ, բայց փշոտ հարցին։
Ան որպէս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի կարեւորեց ծրագրուած դաստիարակութիւնը եւ դասաւանդութիւնը, որպէսզի կերտուի գիտակից ու պահանջատէր ա՛յն սերունդը, որ «Կը յիշենք Ու Կը պահանջենք» կարգախօսը գործնականի պիտի վերածէ եւ հայ դատի պահանջատիրութեան երթը պիտի շարունակէ, մինչեւ վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն։
Գեղեցիկ պարով մը երկրորդականի խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին հայ ժողովուրդին կրած տառապանքը։ Պարը պատրաստուած էր գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տիկ. Նայիրի Օհանեան-Մարգարեանի։
Սրտի խօսք ուղղեց պետական քննիչուհի տիկ.
Ֆաթիմա Թապշօ։ ԱՆ ցաւով անդրադարձաւ օսմանեան կայսրութեան 1915-ին գործած ցեղասպանութեան ոճիրին, յայտնելով, որ թուրքը նոյն վայրագ քաղաքականութիւնը վարեց Սուրիոյ մէջ։
Ան Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու հոգիներուն խաղաղութիւն մաղթեց եւ քաջալերեց վարժարանի աշակերտները, որպէսզի աշխատասիրութեամբ սուրիական հայրենիքի պայծառացման մասնակից դառնան։
Աւարտին, իր սրտի խօսքը աշակերտներուն ուղղեց վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան:
Ան յայտնեց, թէ թուրքը ուզեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը, սակայն չկարողացաւ։ Այսօր, հայ ժողովուրդի զաւակները ոտքի կանգնած են եւ յիշելով 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակները, անոնց արդար դատը կը հետապնդեն, մինչեւ հասնինք փոխ հատուցումի։
«Մայր Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միասնաբար կը գործենք։ Հալէպը որպէս մայր գաղութ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կը շարունակէ գիտակից երիտասարդներ պատրաստել եւ աշխարհասփիւռ գաղութներուն մարդուժ հայթայթել», հաստատեց ան։
Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց սուրիական հայրենիքին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին, որ գրկբաց ընդունեց գաղթական ժողովուրդի զաւակները եւ իր հացն ու ջուրը կիսեց անոնց հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որ միշտ կը քաջալերէ սուրիահայերուն ներկայութիւնը սուրիական հայրենիքէն ներս, որպէս բաղադրիչ մէկ մասնիկը Սուրիոյ ժողովուրդին։
Պարոն տնօրէնը գնահատեց հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն տարած աշխատանքը եւ գեղարուեստական յայտագիրի բոլոր մասնակից աշակերտները։