20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն, Հայոց Ցեղասպանութիւն։ Միտումնաւոր խոշտանգեցին, որբացուցին, կոտորեցին եւ աշխարհով մէկ սփռեցին։ Եղեռնէն ճողոպրած հայու մնացորդաց բեկորները իրենց նախնիներէն եւ պապերէն ժառանգած նուիրական կտակին հաւատարիմ մնալու համար, օտար հողերու վրայ նոր բոյն շինեցին ու այդպիսով վերանորոգած եղան մեր ազգային ուխտը՝ հայ ժողովուրդի գոյերթը եւ պահանջատիրական պայքարը խոր հաւատքով եւ ամուր վճռակամութեամբ շարունակելու։ Հակառակ մեր ժողովուրդի կրած բազմապիսի կորուստներուն եւ տառապանքներուն, Ապրիլ 24-ը մեզի համար եղաւ Յարութեան օր։ Մենք կանք, կ՛ապրինք, կը ծաղկինք եւ պիտի շարունակենք յարատեւել եւ գոյատեւել։
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջոցառումներու շրջագիծէն ներս, ՀԵ Ընկերակցութեան Մշակութային Յանձնախումբը կազմակերպած էր «Հայերու Ներկայութիւնը Սուրիոյ Հողերուն Վրայ» խորագիրը կրող դասախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, ՀԲԸ Միութեան «Գ․Յ․ Նազարեան» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8։30-ին եւ կը վայելէր Հալէպի նահանգապետին հովանաւորութիւնը։
Դասախօսութեան ներկայ էին՝ Հալէպի նահանգապետի ներկայացուցիչ Մաճէտ Թաուիլ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․Մակար Ս․ Արք․ Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Գերապատիւ Տ․ Կոմիտաս Վրդ․ Տատաղլեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ինչպէս նաեւ թեմի Ազգային Վարչութեան, հոգեւոր հայրերու, հալէպահայ մշակութային, հայրենակցական եւ բարեսիրական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, արաբ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, պետական հաստատութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միութենականներ եւ գաղութի զաւակներ։
Հետաքրքրական էր յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսերիզներու ցուցադրութիւնը, որ ներկայացուեցաւ մինչեւ հիւրերուն սրահ մտնելը։ Միութեան բակին մէջ յատուկ տեղադրուած պաստառներու վրայ ցուցադրուեցան կարճ տեսերիզներ, որոնք արաբերէն եւ հայերէն լեզուով կը պատմէին ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵ Ընկերակցութեան Սուրիոյ մասնաճիւղերու հիմնադրութեան պատմութիւնը, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններու մասին, Հայ վաճառականներու եւ խոճաներու դերն ու դիրքը Սուրիոյ տնտեսութեան մէջ, ամէնէն յայտնի բժիշկները, որոնք իրենց նորարարութիւններով մեծ դեր խաղցած են բժշկական ասպարէզի վերելքին մէջ։
Օրուան դասախօսն էր Դամասկոսէն յատկապէս ժամանած մտաւորական դոկտ․ Սարգիս Պուրունսուզեան, որ իր նիւթը մատուցեց արաբերէն լեզուով, արաբ հիւրերը իրազեկ դարձնելու մեր պատմութեան եւ անգամ մը եւս փոխանցելու անոնց հանդէպ մեր ունեցած շնորհակալութիւնն ու երախտիքը։
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երան Զէյթունցեան։ Ան ըսաւ, որ համաշխարհայնացման արագ ընթացքին մէջ, երբ մեծ ուժերը կը փորձեն փոքր ու անիրաւուած ազգերը տեղաւորել լոզունգներու տակ, հայը կը մնայ կառչած հայրենիքին, զինուած հայրենասիրութեամբ եւ ազգային պատկանելիութեան բարձր ու վեհ զգացումներով, որովհետեւ ան կը մնայ մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ մեր գոյութեան գրաւականը։ Հայը պատրաստ չէ ընդունելի դառնալու համար զիջիլ իր ազգութիւնը, հայրենիքը, հաւատքը։ Զէյթունցեան խօսեցաւ ներելու մասին, սակայն շեշտեց որ ներելըծ կարելի է միայն այն կողմին, որ կ՛ընդունի իր սխալը։ Ան աւելցնելով ըսաւ, որ նահատակներու յիշատակութիւնը լոկ պարտականութեան մը պէտք չէ վերածուի, որովհետեւ անոնք մեր ինքնագիտակցութիւնը արթուն պահող հզօր զանգեր են, աւելցնելով որ մեր լոզունգը միշտ կը մնայ «Յիշել եւ Պահանջել»։
Զէյթունցեան ըսաւ, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն դատն ու պահանջատիրութիւնը նոյնանման են եւ մաղթեց, որ արդարութիւնը յաղթէ, իսկ երկու ժողովուրդները տիրանան իրենց ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքներուն։
Արաբերէն բացման խօսքին մէջ Սեպուհ Պապիկեան յայտնեց, որ բարեկամութիւնը ազգերու միջեւ խաղաղութեան կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է։ Հայ ժողովուրդը միշտ պինդ ու ամուր կապեր հաստատած է արաբ ժողովուրդին հետ։ Ապրիլ 24-ի երեկոյեան թուրք բարբարոսներու ձեռամբ երբ մահուան կարաւանները քշուեցան դէպի սուրիական անապատներ, անոնք որոնց բախտ վիճակուեցաւ ողջ մնալ, նոր կեանքի դռներ բաց տեսան, նոր հողի մը վրայ ապրելու, որ պիտի դառնար նոր հայրենիք շնորհիւ հիւրընկալ եւ ազնիւ արաբ ժողովուրդին, միշտ յիշելով այն բոլոր զրկանքներն ու տառապանքները եւ ցեղասպանութեան պատկերները իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով։ Պապիկեան աւելցնելով ըսաւ, որ բախտը իրեն ընծայուած է ըլլալու զաւակը այն երկու ազգերուն, որոնց կը միացնէ արեան կանչը, Եփրատի ջուրը, որ միասնաբար խմեցինք ու կարմիրով ներկեցինք։
Վերջապէս ան նշեց, որ մեր սէրն ու պատկանելիութիւնը անսահման է սուրիական հայրենիքին նկատմամբ եւ մեր միակ ձգտումն է ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը տարածել Սուրիոյ ողջ տարածքին։
Դոկտ․ Պուրունսուզեան իր նիւթը սկսաւ անդրադառնալով հայերու ներկայութեան միջերկրականի ափին, շեշտելով որ 1915-ի իրադարձութիւններէն շատ առաջ, չորրորդ դարուն, հայը գոյութիւն ունեցած է այդ տարածաշրջաններուն մէջ՝ կառուցելով մշակութային յուշարձաններ եւ Տիգրան Մեծի ժամանակներէն սկսեալ մնայուն ներկայութիւն հաստատած է։ Եւ այսպէս զարգացնելով բարեկամական ամուր կապեր արաբ ժողովուրդին հետ յարաբերութիւնները ամրապնդուած են բազմաթիւ կանոնադրութիւններու եւ դաշինքներու միջոցով եւ շրջանը սկսած է բարգաւաճիլ հայ վաճառականներու հոսքին շնորհիւ։
Դոկտ․ Պուրունսուզեան նաեւ բացայայտեց հայերու Սուրիա գաղթին պատճառները՝ նախ ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն փնտռելու նպատակով, յետոյ տնտեսական եւ կրօնական մտահոգութիւններով։ Դասախօսը անդրադարձաւ հայ մտաւորականներուն, որոնք նպաստած են արաբական վերածնունդին։ Ինչպէս նաեւ խօսեցաւ հայերու ներդրումին քաղաքական կեանքէն ներս երբ իրենց արաբ եղբայրներուն հետ միասին դէմ դրին Ֆրանս-թրքական դաւադրութեան։ Ան յիշեց բարձրաստիճան հայ զինուորականներ եւ խօսեցաւ հայերու ներկայութեան մասին խորհրդարանական կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ յիշեց անոնց ստանձնած նախարարական պաշտօնները։
Դոկտ․ Պուրունսուզեան շեշտեց այն միտքը, որ հայեր նպաստած են տնտեսական որոշ մասնագիտութիւններու զարգացման գործին, իսկ արուեստի ոլորտէն ներս հայը առաջինը եղած է որ իր ստեղծած թատերախումբերով արձանագրած է մեծ յառաջընթաց։ Հասցուցած է դերասաններ, երաժիշտներ, խմբավարներ, երգիչներ եւ հայ գործիչներ լրատուական եւ լուսանկարչական բնագաւառներէն ներս։ Ինչ կը վերաբերի գիտութեան, հայ կինը եղած է առաջին շրջանաւարտ բժշկուհին Դամասկոսի համալսարանէն, որուն յաջորդած են անթիւ եւ անհամար հայորդիներ տարբեր մասնագիտութիւններով։
Դոկտ․ Պուրունսուզեան հանգամանալից կերպով ներկայացուց իւրաքանչիւր մարզի մէջ երեւելի հայազգի գործիչները, որոնք իրենց գործունէութեամբ եւ վաստակով նպաստած են սուրիական հայրենիքի վերելքին։ Ան իր խօսքը փակեց ըսելով՝ ընտանիքը իմ ընտանիքն է, տունը իմ տունն է, իսկ հովիտի կարգախօսը իմ կարգախօսն է։
Աւարտին դոկտ․ Սարգիս Պուրունսուզեան պարգեւատրուեցաւ յատուկ յուշանուէրով մը, ապա Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մակար Ս․ Արք․ Աշգարեան «Պահպանիչ»-ով փակեց երեկոն։
Կասիա Պետիրեան Ստանպուլեան