Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2024-ի իրիկուան ժամը 22:05-ին, իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Կոլանէն Դամասկոսի կարգ մը զինուորական կեդրոններու ուղղութեամբ։
Յարձակումին հետեւանքով 8 զինուոր վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։