Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատ Հոմսի արուարձանի «Սատատ» գիւղ այցելեց՝ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Յարութեան տօնին առիթով բնակիչներուն հետ տօնական պահերուն մասնակցելու։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Առաջին Տիկինը այցելեց սուրիանի ուղղափառ համայնքի «Մար Ճրճոս» եկեղեցին, որ հիմնուած է 100 տարի առաջ։
Ս. Յարութեան տօնին առիթով «Սատատ ալ-Ֆարահ» տօնական գործունէութիւնը ընթացք առաւ սուրիանի ուղղափառ համայնքի համալսարանական երիտասարդաց միութեան հովանաւորութեամբ։

Յիշենք, որ 10 տարի առաջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ «Սատատ» գիւղի բնակիչներէն շատերը սպանդի ենթարկեցին, արձանագրուեցան քաղաքայիններէ եւ զինուորներէ տասնեակ նահատակներ։ Հակառակ այս բոլորին գիւղը վերականգնեցաւ։