Վլատիմիր Փութին հինգերորդ անգամ ստանձնեց Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կէսօրին, Քրեմլինի մէջ։
Նախագահի երդմնակալութիւնը պետութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելու հանդիսաւոր ընթացակարգ է։ Փութին այս երդումը տուած է չորս անգամ: Եւ եթէ 2000 թուականին 47-ամեայ թեկնածուի օգտին քուէարկած է ռուսաստանցիներու 52,94%-ը, 2004-ին՝ 71,31%-ը, 2012-ին՝ 63,6%-ը, 2018-ին՝ 76,7%-ը, իսկ այս տարուան Մարտի ընտրութիւններուն առայժմ 71-ը։ Ռուսիոյ երկրորդ եւ չորրորդ նախագահները ստացած են բարձր թիւով ձայներ՝ 87,28%։