Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի և Հայաստանի խաղաղ գործընթացին մէջ ձեռք բերուած յառաջընթացը զինք կ՚ուրախացնէ, որ դրական արդիւնք կ՚ակնկալէ 10 Մայիսին Ալմաթիի մէջ տեղի ունենալիք արտագին գործոց նախարարներու հանդիպումէն։
«Ատրպէյճանի և Հայաստանի միջև խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի որքան կարելի է շուտ․ տարածաշրջանը պէտք է հասնի կայունութեան», շեշտած է ան։
Էրտողան աւելցուցած է, որ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիք Ատրպէյճանին բոլոր ոլորտներուն մէջ: