Պարտադրուած զիջումներու դէմ Բագրատ սրբազանին սկսած «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» արժանապատուութեան պայքարին հետեւորդները կը շատնան, ու պայքարը նոր թափ կը ստանայ դառնալով՝ համաժողովրդային, առանց մրոտելու քաղաքական նեղ հաշիւներու մէջ, որոնք, փաստօրէն, բացասական ազդեցութիւն ունեցան հայութեան ու Հայաստանի կեանքին վրայ ընդհանրապէս։
Այս պայքարը ազգային ազատագրական պայքար է՝ ազատագրուելու օտարին պարտադրանքէն, վերականգնելու հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, ամրագրելու անոր կամքի արտայայտութեան կարողականութիւնն ու իրաւունքը, վստահելու հայուն բազուկին, ուժին, մտքին, հաւատքին, ոչ թէ օտարին կողմէ պարտադրուած
զիջումներուն ու անոնց դիմաց տրուած սին խոստումներուն։
Եթէ ժողովրդավար հասարակարգ հաստատուած է Հայաստանի մէջ, ուրեմն ժողովուրդն է տէրը իր երկրին, իր ապագային։ Ժողովուրդը կ’որոշէ թէ ինչպէ՛ս պիտի պահպանէ իր արժեհամակարգը, հայրենիքը, ազգը, եկեղեցին ու կուլ չի տար պարտադրուած օրակարգերը, որքան ալ փորձեն համոզել զինք, որ յանձնուելով ու յանձնելով խաղաղութեան կրնայ տիրանալ։
Տարածաշրջանի ո՞ր երկիրը խաղաղութեան տիրացած է առանց իր բազուկի ուժին վստահելու, առանց իր բանակը կանգնեցնելու սահմանին, նոյն այդ սահմանին կանգնած թշնամին չտեսնելու համար ծառեր տնկելու փոխարէն։
Արցախեան պատերազմի ողբալի աւարտէն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն ետք, Ատրպէյճան ոչ միայն ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ ոչնչացնելու Արցախի մէջ հայութեան մշակութային ժառանգութիւնը, հետքը, այլեւ կը մտնէ Հայաստանի սահմաններէն ներս, տարածքներ կը գրաւէ ու արեւմուտքի անտարբերութիւնը, Հայաստանի զիջելու պատրաստակամութիւնը, ժողովուրդը խաղաղութեան օրակարգով համոզելու քաղաքականութիւնը տեսնելով նորանոր տարածքներ խլելու ծրագիրը կեանքի կը կոչէ, աւելին Հայաստանի սահմանային բարձունքներուն վերահսկողութիւն կ’ուզէ հաստատել՝ այսպէս կոչուած սահմանազատման իր հեքիաթով, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստանը կառավարելի դարձնել եւ ամէն պահու սպառնալ անոր ապահովութեան ու սպառնալով նոր զիջումներ պարտադրել։ Փոխարէնը ո՛չ հայ գերիներ ազատ կ’արձակուին, ո՛չ արցախահայութեան ժառանգութեան ու սրբութիւններուն հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերուի, ոչ ալ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը կը դադրի։
Խաղաղութեան պայմանագիր. Խաղաղութիւն մը, որ ինչպէս Հայաստանի վարչապետը կը հաստատէ, աստիճանաբար պիտի նուազեցնէ թշնամիներուն յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։
Խաղաղութիւն մը, սակայն, որ չ’երաշխաւորեր ապահովութիւնը։ Չ’երաշխաւորեր, որովհետեւ ապագայ բռնագրաւումներու պարարտ հող կը պատրաստէ, երբ թշնամին անարգել կու գայ ու կը կանգնի տարածքներուդ վրայ, կը կանգնի սահմանի գիւղերու բնակչութեան դէմ, կը քննէ անոր բոլոր շարժումներն ու դիւրահաս կը դարձնէ պատեհ որեւէ առիթի հայկական տարածք խուժելը։
«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը ազատագրութեան պայքար է, ազատագրուելու պարտադրուած օրակարգերէ, ազատագրուելու հայրենի ժողովուրդը սեւի ու սպիտակի բաժնելու սնամէջ լոզունգներէ, ազատագրուելու եկեղեցւոյ դերը արհամարհող եւ օտար բարքերը կապկող մօտեցումներէ, ազատագրուելու վերջապէս պարտուողական հոգեբանութեամբ պարտադրուած օրակարգերը ընդունելու ստորացումներէ։
«Հայ, Հայրենիք, Հայաստան, Աստուած». այս բառերուն մէջ- որոնք կը հնչեն արշաւի մասնակիցներուն կողմէ- պատգամ մը կայ ամբողջական, պատգամ մը՝ մեր ազգային դիմագիծը պահպանելու, հայրենիք հասկացութիւնը իր վսեմ արժէքին մէջ պահելու, Հայաստանի համար յանդգնութեամբ պայքարելու, քրիստոնէական հաւատքը ամուր պահելու եւ այս բոլորին միացեալ ուժով անել կացութիւններէ դուրս գալու միջոցներ գտնելու։
Պատմութեան բոլոր փուլերուն ալ ժողովրդային միահամուռ պայքարով, կղերականին, մարտիկին, մշակոյթի ու քաղաքական գործիչին եւ ժողովուրդին մէկ ճակատի վրայ կանգնելով կարելի եղած է ծանր կացութիւններէ դուրս գալ ու կրկին ոտքի կանգնիլ։