ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Պատմութեան մէջ 36-րդ անգամ ըլլալով Սպանիոյ մայրաքաղաքի արքայական ակումբ Ռէալ Մատրիտը յաջողեցաւ ձեռք ձգել Սպանիոյ ախոյեանութիւնը: Մրցաշարքի 34-րդ փուլի մրցումներուն, Մատրիտ 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակից Քատէշը։ Հանդիպումին Ռէալի կոլերը նշանակեցին Մարոքի հաւաքականի կիսապաշտպան Պրայմ Տիազը, անգլիացի կիսապաշտպան Ճուտ Պելինկհամը եւ սպանացի յարձակող Խոսելուն: 335 օր անց, Ռէալի մեկնարկային կազմին հանդէս եկաւ պելճիքացի դարպասապահ Տիպօ Քուրթուան, որ վերականգնեցաւ իր ծնկայօդերու երկու վնասուածքներէն ետք:
Աւելցնենք, որ Ռէալ 87 կէտով կը գլխաւորէ մրցաշարքին աղիւսակը:
ԱՆՉԵԼՈԹԻՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՑ ԶԻՏԱՆԸ ՌԷԱԼԻ ՆՈՒԱՃԱԾ ՏԻՏՂՈՍՆԵՐՈՒ ՔԱՆԱԿՈՎ
Իտալացի Գարլօ Անչելոթին  գերազանցեց ֆրանսացի Զենատտին Զիտանը Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնով իր նուաճած տիտղոսներուն քանակով: Արքայական խումբը Սպանիոյ առաջնութիւնը աւարտելէ չորս փուլ առաջ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը։ Անչելոթի  12-րդ տիտղոսն է, որ կը նուաճէ Ռէալի հետ։ Ան եղած է Սպանիոյ կրկնակի ախոյեան, Չեմփիընզ Լիկի գաւաթակիր, Սպանիոյ սուփըր գաւաթակիր, Եւրոպայի սուփըր գաւաթակիր, Սպանիոյ գաւաթակիր եւ աշխարհի ակումբային ախոյեան։  Զիտան Ռէալին հետ  գլխաւոր մարզիչի պաշտօնով նուաճած է 11 տիտղոս:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԶԻՋԵՑԱՒ ՃԻՐՈՆԱՅԻՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 34-րդ փուլի մրցումներուն, քաթալոնէական Պարսելոնան 4 – 2 արդիւնքով զիջեցաւ Ճիրոնային: Հանդիպումի 3-րդ վայրկեանին Քրիստենսըն նշանակեց Պարսելոնայի առաջին կոլը, որմէ մէկ վայրկեան ետք դաշտին տէրերը արձանագրեցին հաւասարութեան կոլը: Նախքան առաջին կիսախաղին աւարտը, Լիվանտովսքին կրկնապատկեց Պարսելոնայի արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղին, 65-րդ վայրկեանին Ճիրոնայի խաղացող Փորտթուն արձանագրեց հաւասարութեան կոլը, որմէ ետք Ճիրոնան տիրապետելով խաղարկութեան դարձեալ երկու առիթներով կրցաւ ցնցել Թէր Շթեկէնի դարպասը եւ դուրս գալ յաղթական արդիւնքով:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ԿՐԿԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Անգլիոյ ախոյեանութեան 36-րդ փուլի մրցումներու ծիրին մէջ, Լիվըրփուլ 4 – 2 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Թոթընհամը: Մրցումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 2 – 0 արդիւնքով՝ ի նպաստ Լիվըրփուլին, որուն կոլերու հեղինակները դարձան եգիպտացի Մուհամմետ Սալահն ու Անտրու Ռոպերթսընը: Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը, Քոտի Կակբոն նշանակեց երրորդ կոլը, որմէ չորս վայրկեան ետք, Հարվի Էլիոտը արձանագրեց չորրորդը. Թոթընհամի զոյգ կոլերը նշանակեցին Ռիչարլիսընն ու Սոն Եոնկ-Մինը, եւ հանդիպումը իր աւարտին հասաւ 4 – 2 արդիւնքով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան