Բնաւ դժուարութիւն չունիմ գաղափարներս արտայայտելու որեւէ նիւթի առնչութեամբ, սակայն երբ կարգը եկաւ տպաւորութիւններս արձանագրելու Թեհրանի մէջ գումարուած ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու խորհրդաժողովին մասին, վայրկեան մը տատամսեցայ։ Ի՞նչ գրել, ինչպէ՞ս թուղթին յանձնել տպաւորութիւններս ու ապրումներս։ Բառերը անբաւարար են արտայայտելու քաղցր զգացումներս եւ իւրաքանչիւր տողի հետ «երջանկութեան» արցունքներս կը թրջեն աչքերս։
Հպարտ կը զգամ, որ առաջին անգամ ըլլալով Լաթաքիոյ «Արցախ» մասնաճիւղէն պատանի մը կը մասնակցի նմանօրինակ նախաձեռնութեան մը, եւ աւելի հպարտ՝ որ ինծի վիճակուեցաւ այս բախտաւոր առիթը։ Ծնողքէս, որոնք տարիներ ծառայած են Պատանեկան Միութեան մէջ որպէս դաստիարակներ, յաճախ լսած էի պատանեկան բանակումներու եւ հանդիպումներու ընթացքին յուշեր եւ փորձառութիւններ, սակայն այս անգամ կարգը իմս էր՝ կազմելու անձնական փորձառութիւնս։
Միացայ Հալէպէն մասնակցող ընկերներուս ու պատասխանատուներուս՝ միասնաբար սկսելու մեր ուղեւորութեան։ Դամասկոսի օդակայանէն թռիչք առնելով հասանք Թեհրանի օդակայան, ուր մեզ դիմաւորելու եկան Թեհրանէն ընկերներ։ Երբ դուրս ելանք օդակայանէն, երկնակամարին վրայ նշմարեցինք ծիածանը։ Յստակ էր, որ առաջին վայրկեաններէն իսկ Թեհրանը մեզ գրկաբաց կ’ընդունէր։
Հազիւ ոտքս կոխած Թեհրանի հողին վրայ, առաջին հարցումս եղաւ «Ա՞յս է այն Թեհրանը, որուն մասին յաճախ կը լսենք լրատուական կայաններէ»։
Նկատի ունենալով քաղաքի տարածութեան մեծութիւնը, քիչ մը երկար կը տեւԷր տեղէ տեղ փոխադրուիլը, բայց այդ ալ մեծ ուրախութիւն էր ինծի համար, որովհետեւ լաւագոյն միջոցն էր աւելի երկար ժամանակ վայելելու Թեհրանի գեղեցկութիւնը։
Տեսած Թեհրանս ոչ մէկ ձեւով կը նմանէր արեւմտեան լրատուամիջոցներու կողմէ ժխտական ձեւով մեզի ներկայացուած Թեհրանին։ Ապշելի ու հրապուրիչ գեղեցկութիւն մը ունէր այս քաղաքը։
Վերջապէս հասանք «Արարատ» մարզամշակութային կեդրոն։ Հոն պիտի ըլլար մեր կեցութեան վայրը։ Շէնքի մուտքին գրուած էր «Արարատը մեր մեծ ընտանիքն է». այդպէս ալ եղաւ։
Զիս շատ ուրախացուցին «Արարատ» կեդրոնի ջերմ մթնոլորտը, նաեւ հոն բծախնդրութեամբ պահուած «Արարատ» կազմակերպութեան 80-ամեայ արխիւները. աւելին՝ Իրանի ուժեղ հայ համայնքին գոյութեան վկայութիւնը։
Խորհրդաժողովի ընթացքին, ծանօթացանք այլ վայրերէ ժամանած մեր սերնդակից պատանիներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն, ամբարեցինք բազմաթիւ նոր գիտելիքներ, եւ վաստակաւոր ընկերներու կողմէ պատրաստուած զրոյցներու ընդմէջէն միտքերու փոխանակում կատարեցինք։
Խորհրդաժողովի օրակարգերուն կողքին ունեցանք զանազան պտոյտներ ու քաղաքի տեսարժան վայրեր այցելութիւններ։ Այցելեցինք նաեւ հայկական մարզամշակութային կեդրոններ, մեծ երկիւղածութեամբ մուտք գործեցինք Թեհրանի Թեմի Առաջնորդարան եւ Սուրբ Սարգիս մայր եկեղեցի, ապա՝ «Ալիք» օրաթերթի խմբագրատուն։ Այս վերջինը ամէնէն շատ տպաւորեց զիս, որովհետեւ հոն ականատես եղայ հայ մամուլն ու մշակոյթը ամէն գնով պահպանողներու անկոտրում պայքարի ճիգերուն։
Երեկոյեան խրախճանքի մը ընթացքին, Թեհրանի ընկերներս հարց տուին, թէ ի՞նչն էր ինծի համար ամէնէն տպաւորիչն ու սրտիս մօտիկը Իրանի մէջ։ Առանց մտածելու ըսի, որ Թեհրան քաղաքն ու անոր գեղեցիկ վայրերը։
Օրերը շատ արագ սահեցան։ Հասած էր արդէն բաժանումի ժամը։
Ճիշդ այդ պահուն անդրադարձայ, որ սխալած էի, ամէնէն թանկը ինծի համար Թեհրանի վայրերը չէին, ո՛չ, այլ մեր մէջ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտն ու անկեղծ ընկերութիւնը։
Արցունքոտ աչքերով հրաժեշտ տուինք իրարու, խոստանալով հաստատուն պահել մեր մէջ ստեղծուած օղակը` յուսալով, որ կրկին կը հանդիպինք։
Շուշի Մանճեան
Լաթաքիա