Ապրիլ 2024-ին, Թեհրանի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կազմակերպութեամբ գումարուեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու տարածաշրջանային խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան Սուրիոյ, Հայաստանի, Արցախի, Նոր Ջուղայի, Լիբանանի եւ Թեհրանի պատանեկան միութիւններէն 23 պատանիներ եւ վարիչներ։
Խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Թեհրանի մէջ, երեք օրերու տեւողութեամբ։
Առաջին օրը՝ 12 Ապրիլին, խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։
Բոլորս շատ խանդավառ էինք։
Առաջին օրակարգը ծանօթացում էր, իւրաքանչիւր պատանի ներկայացուց ինքզինք եւ իր կեանքի հերոսը։
Ունկնդրեցինք զանազան դասախօսութիւններ։ Առաջին դասախօսութիւնը հետեւեալ ենթավերնագրերը ունէր.
_ Ո՞վ է պատանին։
_ Որո՞նք են պատանեկան տարիքի իւրայատկութիւնները:
_ Որո՞նք են միութենական պատանիին յատկանիշները։
Ետքը խմբային աշխատանքով պատասխանեցինք հետեւեալ հարցումներուն.
_ Պատանին կամաւորաբա՞ր կ’անդամակցի միութեան, թէ ծնողքին թելադրանքով։
_ Ինչո՞վ կը տարբերի միութենական պատանին ոչ-միութենականէն:
Ապա հանդիպում ունեցանք Թեհրանի սկաուտներուն հետ, յետոյ իւրաքանչիւր պատանի ներկայացուց իր առաջին օրուան տպաւորութիւնները։
Երկրորդ օրը՝ Շաբաթ 13 Ապրիլին, այցելեցինք «Ալիք»-ի խմբագրատուն, ծանօթացանք խմբագրակազմի աշխատանքին եւ աշխատակիցներուն հետ։
Ետքը իւրաքանչիւր շրջանի ներկայացուցիչ ընթերցեց իր շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը  եւ ներկայացուց իր աշխատանքը։
Ապա զրուցեցինք հետեւեալ նիւթերուն շուրջ՝ «Պատանին ինչքանո՞վ հետաքրքրուած է դաստիարակչական ծրագիրով։
Ինչքանո՞վ կարեւոր են անոր համար պատմական դէպքերն ու դէմքերը։  Պատանին եւ յեղափոխութեան ըմբռնումը»։
Խմբային թատերական աշխատանքով ներկայացուցինք պատանիին եւ վարիչին դրական եւ բացասական յատկանիշները եւ իւրաքանչիւր պատանի  ներկայացուց պատանեկան կեանքէն ներս իր ամենասիրելի վարիչը։ Նաեւ զրուցեցինք Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին եւ Արցախ վերադառնալու արցախցիներուն յոյսը լուսարձակի տակ առինք։
Երրորդ օրը՝ Կիրակի 14 Ապրիլին այցելեցինք ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցանք թեմի առաջնորդին հետ։
Այցելութենէն ետք, իւրաքանչիւր պատանի պատմեց իր պատանեկան կեանքի յուշերէն, ապա ներկայացուցինք առաջարկներ, զորս կ’ուզենք իրականացած տեսնել յառաջիկայ տարիներուն։
Ակնթարթի մը մէջ խորհրդաժողովը հասաւ իր աւարտին եւ փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։
Խորհրդաժողովին մասնակցութիւնս մեծ փորձառութիւն մըն էր ինծի համար։ Ծանօթացայ նոր գաղափարներու, որոնց միջոցաւ պատանեկան միութեան աշխատանքներուն նոր թափ կարելի է տալ այստեղ։
Դասախօսութիւնները մեծ տպաւորութիւն ձգեցին վրաս, որովհետեւ անոնք մարդակերտման նպաստող նիւթեր էին եւ խմբային աշխատանքներով կեանքի կը կոչուէին։
Իսկապէս անմոռանալի օրեր էին, որոնք աւելցան կեանքի յուշատետրիս մէջ։ Իւրաքանչիւր վայրկեան իր անուշութիւնը ունէր, մասնաւորապէս երբ գաղափարակից նոր ընկերներու հետ ծանօթացանք։ Բոլորն ալ ժրաջան ու խոստմնալից պատանիներ էին։ Հպարտ եմ, որ այս միութեան մաս կազմած եմ։
Սէրլի Մկրտիչեան
Հալէպ