ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան աւարտական քառեակի առաջին փուլի մրցումներուն, Դամասկոսի մէջ Ուահտէն 106 – 104 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճալաաը, իսկ Քարամէն Համայի մէջ 66 – 63 արդիւնքով յաղթեց հիւրընկալ Նաուաիրին:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումներուն, Դամասկոսի ալ-Սաուրա եւ Ուահտէ խումբերը հասան աւարտական մրցումի: Սաուրան երկու առիթներով պարտութեան մատնեց Հալէպի Ահլին, իսկ Ուահտէն՝ Լաթաքիոյ Հըթթին խումբը:
-Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Հալէպի Ահլին նոր պայմանագիր մը ստորագրեց պասքեթի տղոց խումբի թունուսցի մարզիչ Սաֆուան Ֆէրճանիին հետ, ինչպէս նաեւ կազմին մէջ պահեց Անտրէ Ֆարէսը, Ամէր ալ-Սաթին եւ Եազան Հարիրին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՆՆԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆ՝ ՍԱՄՊՈՅԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող սամպոյի Եւրոպայի երիտասարդներու առաջնութեան 50 քկ. ծանրութեան կարգի Աննա Այվազեան նուաճեց ոսկեայ մետալ: Հայաստանի սամպոյի դաշնութեան համաձայն, Անի Մարտիրոսեան (54 քկ.) արժանացաւ պրոնզեայ մետալի։ Յիշեցնենք, որ Հայաստանի սամպոյի հաւաքականի անդամ Մայիս Ներսիսեան եւս ոսկեայ մետալ  նուաճեց Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի առաջնութեան մարտական սամպոյի 64 քկ. ծանրութեան կարգին: Ներսիսեան եզրափակիչին 11-00 հաշիւով ուժեղ յաղթանակ տարաւ մրցակիցին նկատմամբ եւ Եւրոպայի ախոյեան հռչակուեցաւ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԵԽ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ Է ՖԼԻԿԸ ՈՐՊԷՍ ՄԱՐԶԻՉ
Գերմանիոյ Պայերն Միւնեխի պատասխանատուները բանակցութիւն վարած են  59-ամեայ գերմանացի մարզիչ Հանս-Դիտըր Ֆլիկի հետ: Գերմանական ակումբը կը փնտռէ ներկայ մարզիչը՝ գերմանացի Թոմաս Թուխելը փոխարինողը, եւ պատրաստ է Ֆլիկի հետ կնքել երկու տարուան պայմանագիր։ Այս լուրը յայտնեց twitter.com/NicoSchira-ն։ Ֆլիկի նախորդ կազմը եղած է Գերմանիոյ հաւաքականը, զոր լքեց 2023-ին։  Նախապէս ան դարձեալ գլխաւորած էր Պայերն Միւնեխը,  որուն հետ  դարձած էր  Չեմփիընզ լիկի գաւաթակիր եւ Գերմանիոյ կրկնակի ախոյեան:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան