Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Առաքելութեան ականազերծման 14-րդ խումբը Հալէպի Աքատիմիէթ Ասատ շրջանին մէջ իր աշխատանքը աւարտելէ ետք, ակնազերծուած տարածքը յանձնեց նահանգային իշխանութիւններուն:
Մարդասիրական խումբի ղեկավար գնդապետ Արկատի Տօնոյեան Աքատիմիէթ Ասատ շրջանի 130 հազար քառակուսի մեթր ականազերծուած տարածքը հաստատագրով փոխանցեց Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի գործադիր գրասենեակի անդամ դոկտ. Ապտըլ Քատէր Տաուալիպիին։
Սակրաւորները իրենց մասնագիտական եւ բծախնդիր աշխատանքին համար գնահատագրեր ստացան:
Տաուալիպի յայտնեց, որ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբին եւ ռուս բարեկամներուն օժանդակութիւնը՝ ուղղուած Սուրիոյ ժողովուրդին, պիտի նպաստէ Հալէպի եւ անոր արուարձաններու տարբեր շրջաններու բնակչութեան բնականոն կեանքի վերադարձին։
Արարողութեան ներկայ էին՝ Ռուսիոյ Զինեալ Ուժերու զօրամիաւորման ղեկավարութիւնը՝ ի դէմս Հակամարտող Կողմերու Հաշտեցման Կեդրոնի, Հալէպի նահանգային իշխանութիւններու եւ սուրիական բանակի ներկայացուցիչներ, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Հայր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Վրդ.Տատաղլեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, թեմի Յարաբերական Մարմնի եւ համայնքային ներկայացուցիչներ։
Սակրաւորներու խումբի ղեկավարը յայտնեց, որ 73 օրուան ընթացքին խումբը բծախնդրօրէն եւ առանց վնասներու աւարտած է ականազերծումը ճշդուած ժամկէտին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական բանակի երկրաչափական միաւորներուն իրենց ցուցաբերած գործակցութեան համար։
Գնդապետ Արկատի Տօնոյեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն, ռուս գործընկերներուն եւ հայ համայնքի պատասխանատուներուն՝ անցնող տարիներուն իրենց ցուցաբերած գործակցութեան համար, դիտել տալով որ Սուրիոյ մէջ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան կողմէ Սուրիոյ մէջ ականազերծուած շրջաններու ընդհանուր տարածքը հասած է 1.600․000 քառակուսի մեթրի, իսկ ականազերծման աշխատանքը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ՝ առաւել ամրապնդելով Սուրիա-Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւնները։